ՊԱՅՏԸՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ՆԱԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԹՈՒՐՔԻԱ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ՔՆՆԱՐԿԷ

Ճօ Պայտըն

Թրքական «Զաման» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճօ Պայտընի խորհրդական Թոնի Պլինքեն 2 դեկտեմբերին Թուրքիա պիտի այցելէ:

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահը պիտի այցելէ Անգարա եւ Պոլիս, ելոյթ պիտի ունենայ «Համաշխարհային նախաձեռնութիւն» վեհաժողովին ընթացքին եւ հանդիպումներ պիտի ունենայ Պոլսոյ մէջ յոյներու պատրիարքին, Թուրքիոյ նախագահին եւ վարչապետին հետ:

Հանդիպումներու գլխաւոր նիւթը պիտի ըլլայ ՔԱԿ-ի հարցը, որուն պիտի յաջորդեն շրջանային զարգացումները: Կը նշուի, որ պիտի քննարկուին նաեւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները:

 

Share this Article
CATEGORIES