ԹԻՖԼԻՍԻ ՄԷՋ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԵՒ ՍԱՀԱԿԱՇՎԻԼԻ ԿԸ ԽՕՍԻՆ ԵՐԿԿՈՂՄԱՆԻ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆ ՅԱՒԵԼԵԱԼ ԱՄՐԱՊՆԴՄԱՆ ՄԱՍԻՆ

Նախագահներ Սարգսեան եւ Սահակաշվիլի` մամլոյ ասուլիսին ընթացքին

Թիֆլիսի մէջ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլի յայտարարեց, որ Թիֆլիս եւ Երեւան կը ցանկան դիւրացնել սահմանային հսկողութեան դրութիւնը:

Ըստ անոր, այս տարուան ընթացքին 600 հազար  Հայաստանի քաղաքացիներ անցած են Վրաստանի պետական սահմանը: Ան նշեց, որ երկու երկիրներու քաղաքացիներուն համար ալ շատ կարեւոր է, որ սահմաններու դիւանակալութիւնը վերանայ: Նախագահ Սահակաշվիլի աւելցուց, որ երկու երկիրները պիտի հասնին այնպիսի իրավիճակի, երբ երկու երկիրներու քաղաքացիները միայն մէկ անցակէտի վրայ պիտի ստուգուին: Ան ընդգծեց, որ սահմանային դրութեան կտրուկ դիւրացումը անկարելի պիտի ըլլար, առանց հայ-վրացական յարաբերութիւններու գերազանց վիճակին:

Ըստ նախագահ Սահակաշվիլիի, առանց Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի գործադրած ջանքերուն, երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները այսքան լաւ վիճակի մէջ պիտի չըլլային: Ան ընդգծեց, որ երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ որեւէ խնդիր չկայ, չկայ այնպիսի հարց մը, որ գործնական կերպով իր լուծումը չգտնէ: Ասոնք օրինակելի յարաբերութիւններ են դրացիներուն միջեւ: Ան աւելցուց, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան կը շարունակէ աշխատիլ, որ Հայաստանը դրացիներուն համար վստահելի գործընկեր մնայ եւ Հայաստան այսօր Վրաստանի համար այդպիսի գործընկեր մըն է:

Սահակաշվիլի նաեւ յատուկ ընդգծեց այն բարոյական աջակցութիւնը, որ Վրաստանի նկատմամբ ցուցաբերեց Երեւան` 2008-ի օգոստոսեան պատերազմին ընթացքին:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան խօսք առնելով ըսաւ, որ Երեւանի համար այսօր առաջնահերթ խնդիրներէն մէկը Վրաստանի հետ տնտեսական կապերու խորացումն է: Ան աւելցուց, որ արձանագրուող ցուցանիշները կրնային շատ աւելի լաւ ըլլալ:

«Քիչ առաջ Վրաստանի նախագահին հետ բանակցութիւններու ընթացքին քննարկեցինք հայ-վրացական համագործակցութեան գրեթէ բոլոր մարզերուն վերաբերող հարցեր: Գնահատանքով անդրադարձանք մեր առեւտրական-տնտեսական համագործակցութեան դրական տեղաշարժին` այս տարուան տուեալներով աւելի քան 20 առ հարիւրի աճ, սակայն, պէտք է նշեմ այն ֆիզիքական ծաւալները, որոնք այսօր գոյութիւն ունին մեր երկու երկիրներուն միջեւ, ես նկատի ունիմ առեւտրաշրջանառութեան ծաւալները, որոնք, քիչ են թէ՛ Վրաստանի, թէ՛ Հայաստանի համար: Շատ փոքր ցուցանիշ է, եւ վստահ եմ, որ մենք ունինք խնդիրներ, որոնց լուծման պարագային կրնանք ճեղքում ապահովել: Ապրանքաշրջանառութեան աճը, ներդրումներու ընդլայնումը, տնտեսական եւ գիտական-արհեստագիտական համարկումը մենք կը դիտարկենք իբրեւ մեր առեւտրական-տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման եւ խորացման կարեւոր ուղղութիւններ», յայտնեց նախագահ Սարգսեան:

Ըստ նախագահ Սարգսեանի, մօտիկ ապագային առանցքային ծրագիրներէն մէկը պիտի ըլլայ Հիւսիւս-հարաւ մայրուղիի շինարարութիւնը:

Նախագահ Սարգսեան յայտարարեց, որ յառաջիկայ ամիսներուն կը սկսին կառուցման աշխատանքները Հիւսիս-հարաւ լաւագոյն չափանիշներով մայրուղիին, որ միանալով Վրաստանի տարածքին մէջ Նինոծմինտա-Պաթումի վերանորոգուող ճամբուն հետ, կարելի պիտի դարձնէ Պարսից ծոցէն դէպի Վրաստանի նաւահանգիստներ բեռներու արագ եւ յարմարաւէտ տեղափոխումը:

Հայաստանի նախագահը նաեւ նշեց, որ բանակցութիւններու նիւթերէն մէկը եղած է հարաւկովկասեան շրջանին մէջ տիրող իրավիճակը:

Ան յայտնեց, որ քննարկուած են նաեւ շրջանային համագործակցութեան հեռանկարները` արձանագրելով, որ միայն այդ ճամբով կարելի է հասնիլ շրջանին մէջ լարուածութեան անհետացման եւ տագնապներու լուծման համար աւելի բարենպաստ պայմաններու ստեղծման:

Իր կարգին նախագահ Սահակաշվիլի նշեց, որ շրջանային տագնապներու լուծման միակ ճամբան միասնական Կովկասի ձեւաւորումն է:

Ան յայտնեց, որ շրջանի բոլոր պետութիւններուն, բոլոր ժողովուրդներուն շահերէն կը բխի միասնական Կովկասի ձեւաւորումը, միասնական տնտեսական տարածքի, հետագային նաեւ միասնական քաղաքական համագործակցութեան ստեղծումը: Ան համոզում յայտնեց, որ Կովկասի մէջ ներկայ բոլոր տագնապները հրահրուած են կայսերական ուժերուն կողմէ, որոնց գործելաոճը հիմնուած է «բաժնէ՛, որ տիրես» սկզբունքին վրայ:

Նշենք, որ այսօր նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիպում պիտի ունենայ Թիֆլիսի հայութեան ներկայացուցիչներուն հետ, ինչպէս նաեւ պիտի մասնակցի հայ-վրացական գործարար համաժողովի աշխատանքներուն:

 

Share this Article
CATEGORIES