ՓՈՐՁ-ՀԱՐՑԱՐԱՆ. ՎԱՐՊԵ՞Տ, ԹԷ՞ ԱՆՃԱՐԱԿ ՍՏՈՂ ԷՔ
Շատեր սուտ կը խօսին, բայց անմիջապէս կը կարմրին, կը շփոթին, մինչ ուրիշներ շատ լաւ կը պահեն իրենց պաղարիւնութիւնը եւ մինչեւ ծայր կ՛երթան:
Բոլորս ալ մեր կեանքին ընթացքին սուտ մը գլորած ենք կամայ թէ ակամայ, բայց ստախօսութիւնը վտանգաւոր եւ վնասակար կը դառնայ, երբ հիւանդագին կը դառնայ:
Իսկ դուք ո՞ւր էք այս բոլորին մէջ… Պատասխանեցէք ստորեւ տրուած հարցումներուն, ապա կարդացէք արդիւնքը:
1
Ձեր կողակիցը անուշահոտ մը կը նուիրէ, բայց ձեր ճաշակին չէ:
ա.- Յայտնի չէք ըներ եւ անուշահոտը քանի մը անգամ կը գործածէք:
բ.- Անուշահոտը նոյն օրն իսկ կը գործածէք, ապա դարակի մը մէջ կը պահէք:
գ.- Անկեղծօրէն կ՛ըսէք, թէ ձեր ճաշակին չէ:
2
Ի՞նչ յաճախականութեամբ կը ստէք։
ա.- Օրական
բ.- Երբեմն
գ.- Երբեք
3
Խօսակից մը ձեր աչքին կը դնէ որ կը ստէք:
ա.- Աւելի մեծ սուտով մը կը հակադարձէք:
բ.- Կը ձեւացնէք, որ չհասկցաք ըսածը:
գ.- Կը կարմրիք ու կը շփոթիք:
4
Ձեր կարծիքով սուտ խօսիլը.
ա.- Անհրաժեշտութիւն է:
բ.- Գրաւիչ է:
գ.- Վտանգաւոր է:
5
Ձեր սիրած անձը դասական երաժշտութիւն կը սիրէ, դուք` ոչ:
ա.- Կը ձեւացնէք, որ դուք ալ կը սիրէք եւ ստիպողաբար հետը մտիկ կ՛ընէք:
բ.- Կը խոստանաք օր մը միասին դասական երաժշտութեան ելոյթի մը երթալ:
գ.- Կը խոստովանիք, որ դասական երաժշտութենէն շատ հեռու էք:
6
Երբ կը ստէք
ա.- Շատ բնական կը գտնէք:
բ.- Դուք ձեզի կը խոստանաք, որ վերջինը պիտի ըլլայ:
գ.- Յանցաւոր կը զգաք:
7
Ձեր գործատէրը կամ տնօրէնը կը շնորհաւորէ գործի մը համար, որ դուք չէք կատարած
ա.- Շնորհակալութիւն կը յայտնէք:
բ.- Կ՛ըսէք, որ առանձին չկատարեցիք այդ գործը:
գ.- Կը խոստովանիք, որ դուք չկատարեցիք գործը:
ԱՐԴԻՒՆՔ
Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «ա» է, վարպետ ստող էք, բայց ձեր սուտերը ուրիշին վնասող սուտեր չեն առհասարակ, այլ` կացութիւններ փրկող սուտեր: Բայց եւ այնպէս ստելը շատ սովորական դարձած է ձեզի համար, կրնաք ձեր վարկը կորսնցնել ձեր շրջապատին մէջ:
Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «բ» է, սուտը կը գրաւէ ձեզ, եւ անոր կը դիմէք ձեր գլուխը փրկելու համար: Թէեւ յաճախակի ստող մը չէք, բայց երբեմն սուտին պատճառով անել կացութիւններու կը մատնուիք, բայց դաս չէք առներ:
Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «գ» է, անճարակ ստող մըն էք, եւ ձեր սուտերը համոզիչ չեն: Արդէն ձեր դէմքին արտայայտութիւնը, ձեր ձայնն ու շարժումները կը մատնեն ձեզ: Նոյնիսկ «ճերմակ սուտ» մը գլորելու պարագային, դուք ձեզ կը զգաք յանցաւոր եւ անպարկեշտ:
ԷԼԻԶԱՊԷԹ ԹԷՅԼԸՐԻ ԳՈՀԱՐՆԵՐԸ
Յառաջիկայ դեկտեմբերի կէսերուն Նիւ Եորքի մէջ աճուրդի պիտի դրուին անուանի դերասանուհի Էլիզապէթ Թէյլըրի գոհարեղէնները, որոնք կ՛արժեն աւելի քան 30 միլիոն տոլար:
Թէյլըր յաճախ կրկնած է, թէ կեանքին ընթացքին ապրած է երեք մեծ սէրեր: Առաջին սէրը եղած է հանգուցեալ ամուսինը Մայք Թոտը, երկրորդ սէրը` Ռիչըրտ Պըրթընը, իսկ երրորդը` իր գոհարեղէնները: Արդարեւ, ան երբեք տեսնուած չէ առանց թանկագին մանեակի մը, զարդասեղի մը, օղի կամ ապարանջանի մը:
Թէյլըրի գոհարեղէնները հոլիվուտեան շրջանակներու կողմէ ծանօթ են որպէս «Արքայական գոհարեղէններ», որոնք շուրջ 300 կտորէ բաղկացած են եւ կ՛արժեն աւելի քան 30 միլիոն տոլար:
ԻՆՉՊԷ՞Ս ՋԻՂԵՐՈՒՆ ՏԷՐԸ ԸԼԼԱԼ
Հարցեր տան մէջ, հարցեր գործի մէջ ու արդէն ջիղերը կը լարուին, եւ մեր զայրոյթը կը պարպենք մեր զաւկին, գործընկերոջ կամ նոյնիսկ անծանօթի մը վրայ:
Մեր զայրոյթը յաճախ տեղի չ՛ըլլար եւ եթէ քիչ մը մենք մեզ զսպած ըլլայինք ո՛չ մենք այդ անյարմար կացութեան մէջ կը դրուէինք, եւ ոչ ալ դիմացինը կը նեղացնէինք: Անշուշտ պիտի ըսենք, որ այս մէկը մեր ձեռքը չէ, ինքնազսպումը դիւրին բան չէ եւ այլն… Սակայն ամէն բան վարժութեան հետ կապուած է, եւ, մասնագէտներու կարծիքով, կարգ մը հնարքներ կ՛օգնեն, որպէսզի ձերբազատինք զայրոյթի պոռթկումներէն, եթէ ոչ հարիւր տոկոսով, առնուազն կարեւոր համեմատութեամբ մը:
1
Նախ եւ առաջ պէտք է սորվինք համեմատութեան սկզբունքը: Վարժուինք իրապաշտ ձեւով դիտել հարցերը եւ հարցերը դնենք իրենց ճիշդ չափերուն մէջ: Պզտիկ հոգերը չմեծցնենք եւ ոչ ալ պէտք եղածէն աւելի արժէք տանք անոնց, երբ զգանք զայրոյթի առաջին ազդանշանները մենք մեզի 5 վայրկեան տանք եւ նախքան «պայթիլը», խորունկ շունչ առնենք, քալենք, գաւաթ մը ջուր խմենք եւ մենք մեզի հարց տանք` արդեօք հարցը այդքան ալ մտահոգի՞չ է, արդեօք պոռթկումս հարցը պիտի լուծէ՞. քիչ-քիչ պոռթկումը կը նահանջէ տեղը տալով տրամաբանական մտածումին:
2
Ուշադիր ըլլանք մեր առողջութեան, ուտելիքներուն, հեռու մնանք հանդարտեցուցիչներէն, կարեւորութիւն տանք քունին, որ պիտի կազդուրէ մեզ, որպէսզի դիմագրաւենք օրուան դժուարութիւնները:
3
Մարզանք ընենք. քալելը, հեծիկ քշելը, լողը կը պակսեցնեն գերճնշուածութիւնը, լարուածութիւնը: Շաբաթը երկու անգամ մարզանք ընելով ո՛չ միայն կը կանոնաւորենք արեան շրջագայութիւնը, այլ կ՛ապահովենք մեր ներքին խաղաղութիւնը:
4
Վերջապէս մտածենք «սթրէչինկ»ի, եոկայի եւ մարձումներու մասին: Շատերու պարագային բարեգործ դեր կը կատարէ նաեւ երաժշտութիւնը:
Ահա այսպէս` զանազան միջոցներով մշակենք մեր ներքին խաղաղութիւնն ու հաւասարակշռութիւնը, որպէսզի պակսին զայրոյթի պոռթկումները:
ՄԵՐ ԶԱՒԱԿՆԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ
ՄԱՆՈՒԿՆԵՐԸ ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԷՆ
ՀԵՌՈՒ ՊԱՀԵԼ
Ամերիկեան մանկաբուժական հիմնարկի մէկ տեղեկագրութեան համաձայն, երկու տարեկան եւ վար մանուկները պատկերասփիւռին առջեւ պէտք չէ նստեցնել:
Տեղեկագրութեան համաձայն, այդ տարիքի մանուկները բան չեն հասկնար իրենց տեսածէն, երկրորդ` անոնք ուշ լեզու կ՛ելլեն: Արդարեւ, իրենց մանուկները պաստառի առջեւ նստեցնող ծնողները նուազ առիթ ունին անոնց հետ խօսելու եւ հաղորդակցելու:
Տեղեկագրութիւնը կը թելադրէ այդ տարիքի մանուկներուն ձեռքը տալ իրենց տարիքին համապատասխան խաղալիքներ, որոնք աւելի օգտակար կրնան ըլլալ անոնց մտային աճումին: Հետեւաբար նախընտրելի է քիչ մըն ալ սպասել` նախքան մանուկները պատկերասփիւռին յանձնելը:
ԽՈՀԱԳԻՐ
ԽՆՁՈՐՈՎ ԱՆՈՒՇԵՂԷՆ
– 6 խնձոր
– 50 կրամ չոր թուզ
– 50 կրամ արմաւ
– 50 կրամ չոր ծիրան
– 25 կրամ նուշ
– 25 կրամ Հալէպի պիստակ
– 25 կրամ ընկոյզ
– 30 կրամ մեղր
– Կասիայի 2 ցպիկ
– Պտղունց մը վանիլլա
– 100 կրամ թարմ, հեղուկ սեր
– 50 կրամ շաքար
– Կարագ
Պատրաստութիւն
Փուռը տաքցնել 180 ջերմաստիճանով: Խնձորներուն գլուխները կտրել եւ պահել: Խնձորներուն միջուկը պարպել (կլոր գլուխով դգալի միջոցով), հալած կարագով ծեփել, շաքարի մէջ թաթխել, ապա շարել ափսէի մը մէջ եւ 10 վայրկեան եփել: Ափսէին վրայ նաեւ շարել խնձորներուն գլուխները, որոնք նոյնպէս կարագով ծեփուած եւ շաքարի մէջ թաթխուած են եւ բոլորը միատեղ կրկին փուռին մէջ եփել 5 վայրկեան:
Տապակին մէջ դնել 25 կրամ շաքարը, 25 կրամ կարագը խնձորներուն միջուկները, մեղրը, կասիայի ցպիկը, պտղունց մը վանիլլան եւ կրակին վրայ քիչ մը եփել, ապա աւելցնել չոր պտուղներն ու պիստակը, ընկոյզը, նուշը… քիչ մըն ալ կրակին վրայ ձգել, յետոյ հանել կրակէն եւ մէկ կողմ դնել:
Ուրիշ տապակի մը մէջ հալեցնել 60 կրամ շաքար (առանց խառնելու), երբ հալի եւ շէկ գոյն ստանայ, աւելցնել կասիայի ցպիկ մը, քիչ-քիչ աւելցնել հեղուկ սերը, 30 կրամ կարագը, բոլորը միատեղ շատ արագ խառնել եւ կրակին վրայէն հանել:
Խնձորները լեցնել վերոյիշեալ միջուկով իւրաքանչիւրին վրայ զետեղել «գլխարկը» վրան թափել շաքարով, կարագով եւ սերով պատրաստուած թացանը եւ հրամցնել տաք կամ գաղջ, նախընտրաբար գունդ մը պաղպաղակի կողքին:
ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆԸ
ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Լեռ ու անդունդ, ձոր ու կատար,
Ապառաժներ պատառ-պատառ,
Քարէ թռիչք, քարէ անկում,
Ու խենթ գետեր, որ յորձանքում
Եւ Ժայռերի շուրթին հասած,
Դառնում են ծուխ ու ջրի ամպ…
Իմ հայրենի երկիրն է սա
Անդունդներով գլխապտոյտ,
Գլխապտոյտ իր վեհութեամբ:
Լեռներն այստեղ բարձր են այնքան,
Որ անգամ ինքն` արմիս արքան
Թեւ չի բախում նրանց ձիւնին,
Ձորերն այստեղ խորն են այնքան,
Որ ձմեռուան կէսին անգամ
Բո՜ց է հագնում յանկարծ հոնին:
Քարերն այստեղ կարծր են այնքան,
Որ բախուելիս շա՜նթ են ցանում,
Բայց եւ իրենց սրտից յանկարծ
Ծաղկի քնքուշ ծի՜լն են հանում,
Հողմերն այստեղ այնքան են բիրտ,
Որ լեռներից ժայռ են պոկում
Ու գլորում անդունդն ի վար,
Հովերն այնքան են քնքշասիրտ,
Որ ծաղկի դէմ խոնարհ չոքում,
Աղօթում են մեղմ ու շուար:
Իմ հայրենի երկիրն է սա
Իր քնքշութեամբ,
Ու կարծրութեամբ,
Իր խորութեամբ,
Ու բարձրութեամբ…
ՎԱՀԱԳՆ ԴԱՒԹԵԱՆ
Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ


