ԱԶԳԱՅԻՆ ԱԲԳԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՔԱՐԱՆԹԻՆԱՅԻ ԶՕՐԱՆՈՑ
Նախապէս առնուած ժամադրութեամբ` երեքշաբթի, 29 նոյեմբեր 2011-ին` առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Ազգ. Աբգարեան վարժարանի աշակերտները ուղղուեցան Քարանթինայի զօրանոցը` Լիբանանի անկախութեան տօնին առթիւ իրենց պատրաստած յայտագիրը ներկայացնելու համար զինուորներուն:
Շեփորախումբի ղեկավարը ընդունելէ ետք աշակերտները մէկ առ մէկ ծանօթացուց շեփորախումբի գործիքներուն: Ապա իւրաքանչիւր զինուոր նուագեց իր գործիքը, եւ աշակերտները սորվեցան իւրաքանչիւր նուագարանի առանձնայատկութիւնները:
Հերա Տէտէեան, Հայրապետ Հայրապետեան, Պարոյր Տօնիկեան, Բաթրիք Պարատղի, Սեւան Հայրապետեան` ներկայացուցին հայրենասիրական բանաստեղծութիւններ, նուիրուած Լիբանանի: Մէջ ընդ մէջ ճոխացաւ յայտագիրը` աշակերտներու խմբերգներով:
Զինուորներու ներկայութիւնը, ջերմ ընդունելութիւնը, ստեղծեցին խանդավառ մթնոլորտ մը` հայրենասիրական զգացումներով համակելով աշակերտները:
Աշակերտները յանձնեցին իրենց պատրաստած Լիբանանի դրօշակը եւ յուշանուէր մը` զօրանոցի պատասխանատուին, որ իր կարգին հիւրասիրեց փոքրիկ «հիւրերը» եւ գոհունակութիւնը յայտնեց նման նախաձեռնութեան համար:
Նահատակ զինուորի շիրիմին յարգանքի տուրք տալէ ետք` աշակերտները վերադարձան դպրոց, գործնական դասի մը գոհունակ տրամադրութեամբ: