ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄՏԵՐՄԻԿ ԱՇԱԿԵՐՏԱԿԱՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՅԱՋՈՂ ԵՒ ԳՆԱՀԱՏԵԼԻ ՓՈՐՁԸ
Շաբաթ, նոյեմբեր 19-ը Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին համար յատուկ օր մըն էր: Այդ օրուան նախօրեակին «Հայկական է, ինչ պիտի ընեմ` գամ» ըսողներ կային, բայց այդ օրէն ետք «Հայերէն է, կ՛երթանք» ըսողները այլեւս շատ պիտի ըլլան:
Փորձ մըն էր պատահածը, եւ կարեւորը` յաջող փորձ մը, գնահատելի հայկական խրախճանք-քարաօքէի երեկոյ մը, որ կազմակերպուած էր աշակերտական խմբակին կողմէ: Մթնոլորտը հաճելի էր, եւ ներկաները 3-4 ժամ անդադար լսեցին հայերէն երգը` իր տարբեր ժանրերով. աշուղականը, ժողովրդականը, ազգայինը, ինչպէս նաեւ` սիրայինը:
Բոլորը երգեցին` երգը գիտցողը-չգիտցողը, գեղեցիկ ձայն ունեցողը-չունեցողը: Գոնէ երգեցին հայերէն, եւ այդ էր պահանջուածը: Վերջապէս, բոլորը միասնաբար պարեցին «Միասնութեան շուրջպար»-ը: Այդ օրը բոլորը միասին էին:
Կազմակերպիչ աշակերտները իրենց յատուկ ոճով իրենց ըսելիքը ըսին եւ իրենց պատգամը փոխանցեցին` հասնելով իրենց նպատակին: Վարձքը կատար իւրաքանչիւրին:
Թող կրկնուին նմանօրինակ նախաձեռնութիւններ եւ թող տարածուի մեր ինքնութիւնը կազմող հայ մշակոյթն ու արուեստը:
ՍԱՐԳԻՍ ՀԱԼԼԱՃԵԱՆ

