ԽՆՁՈՐԻ ՕՐ

Աշնանային ցուրտ քամիին հետ Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանի մանկապարտէզ «ներխուժեցին» կարմիր, դեղին ու կանաչ խնձորներ:

Աննախընթաց երկու դասապահեր,  իւրաքանչիւրը երկու ժամուան տեւողութեամբ, տեղի ունեցան երեքշաբթի, 15 նոյեմբեր 2011-ին:

Մանկապարտէզի աշակերտները բարձրացան խնձորներով զարդարուած սրահը, ուր կը գտնուէին նաեւ իրենց ծնողները: Շրջանակաձեւ համախմբուած (ծնողք, աշակերտ)` տեղի ունեցաւ խնձորի «արարողութիւն»: Արդի մանկավարժական մեթոտով տեղեկութիւններ փոխանցուեցան այդ օգտաշատ աշնանային պտուղին մասին, կազմակերպուեցան խաղեր, երգեր եւ գործնական աշխատանքներ: Աշակերտները, ժամանակաւոր կերպով բաժնուեցան իրենց ծնողներէն, որպէսզի թանկագին մայրերը պատրաստեն օգտակար խնձորներով համեղ կարկանդակները` դպրոցին խոհանոցին մէջ: Մայրերուն տրամադրուեցան խոհարարական անհրաժեշտ բոլոր պիտոյքները: Անոնք շատ խանդավառ, համագործակցաբար լծուեցան աշխատանքի:

Աւարտելէ ետք իրենց աշխատանքը, ուղղուեցան դասարանները, եւ իւրաքանչիւր մայր իր զաւկին այտերուն վրայ գծեց խնձոր մը: Ծիլ դասարանի փոքրիկներուն ուրախութիւնը աւելի մեծ էր, երբ իրենց անուշ քունէն արթննալէ ետք տեսան իրենց մամաները, որոնք եկած էին իրենց հետ ձեռային մը պատրաստելու:

Ձեռնարկի աւարտին իւրաքանչիւր ծնողք ստացաւ հաստատագիր մը` իր ներկայութիւնը գնահատող: Մայրերը մեկնեցան բարձր տրամադրութեամբ` մաղթելով նման ձեռնարկներու յարատեւում:

Share this Article
CATEGORIES