ԴՊՐԵՎԱՆՔԵԱՆ ԿԵԱՆՔԸ ԿԸ ԽԱՆԴԱՎԱՌՈՒԻ «ԶՈՒԱՐԹ ԵՐԵԿՈՅ»-ՈՎ
Դպրեվանքեան կեանքը ճոխ է արտադասարանային դաստիարակիչ ձեռնարկներով: Սակայն անոնց կողքին յատուկ տեղ կը գրաւէ նաեւ հաւաքական զուարճութեան մթնոլորտը` աւանդական «Զուարթ երեկոյ»-ով, որ տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 18 նոյեմբեր 2011-ին, աւարտական Դ. ընծայարանի դասարանի սարկաւագներուն կազմակերպութեամբ:
Դպրեվանեցիներ երեք խումբերու բաժնուեցան «Արարատ», «Արագած» եւ «Կայծակ Խաչեր» անուններով եւ զանազան խաղերու մասնակցելով` փորձեցին նիշեր ապահովել:
Արտակարգ եռանդ մը կը տիրէր սաներուն մօտ եւ երգելով, ծափերով եւ պարերով «Արագած» խումբը խլեց առաջին տեղը:
Լայն ժպիտներով եւ քաղցր յիշատակներով դպրեվանեցիներ գիշերը աւարտեցին հաւաքական աղօթքով:
CATEGORIES Գաղութային