ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Կազմակերպութեամբ Զահլէի Համազգային միութեան եւ հովանաւորութեամբ` մշակոյթի նախարար Կապի Լայեուն տեղի ունեցաւ պարգեւատրման հանդիսութիւն. այն զահլէաբնակ աշակերտներուն, որոնք պետական քննութիւններուն մէջ ապահոված էին բարձ նիշերով յաջողութիւն: Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 26 նոյեմբեր, 2011-ին` կ. ե. ժամը 5:00-ին:

Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանը որպէս կրթական կառոյց կը պատկանի եւ կը գործէ Զահլէ շրջանին մէջ: Հետեւաբար, ուրախութեամբ կը յայտարարենք, մեր դպրոցի աշակերտներէն Լոռի Այնթապլեան նաեւ պարգեւատրուեցաւ այս հանդիսութեան ընթացքին, յուշանուէրով եւ նիւթական նուէրով, ձեռամբ մշակոյթի նախարարութեան: Ան 12-րդ դասարանի, ճիւղին մէջ պետական քննութիւններուն ապահոված էր Պեքաայի նահանգին երկրորդ բարձրագոյն նիշը եւ գնահատուած էր շատ լաւ արդիւնքով:

Լոռի Այնթապլեան մանկապարտէզէն մինչեւ 11-րդ դասարան ուսանած է Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի մէջ: Իսկ վերջին տարին, որովհետեւ այդ ճիւղը չկար դպրոցին մէջ, ան յաճախեց Զահլէի արաբական աւետարանական դպրոցը: Իր ուսումնական տարիներուն ան աշխատասիրութեան կողքին, եղած է նաեւ տիպար աշակերտ իր վարքով ու բարքով: Ներկայիս, ան կ՛ուսանի Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին մէջ` նիւթ ունենալով թուաբանութիւն:

Այնճարի  Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի անունով կը շնորհաւորենք զինք եւ իր ծնողքը ու կը մաղթենք յաջողութիւն եւ աւելի բարձր վկայականներ:

ՎԵՐ. Ր. ՄՍԸՐԼԵԱՆ
ՏՆՕՐԷՆ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ
ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

ԱՅՆՃԱՐ

Share this Article
CATEGORIES