ԱԶԳԱՅԻՆ «ՅԱՌԱՋ-Գ. ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ» ՔՈԼԵՃԸ ՋԱՏԱԳՈՎ` ԲՆԱՊԱՀՊԱՆՄԱՆ ՈՒ ՄԻՋԱՎԱՅՐԻ ՄԱՔՐՈՒԹԵԱՆ

Բնապահպանման ու միջավայրի մաքրութեան պաշտպանութեան պատգամով, Ազգային «Յառաջ» նախակրթարանը գեղեցիկ նախաձեռնութեամբ մը, հինգշաբթի, 17 նոյեմբերին մաքրեց Այնճարի կարգ մը պողոտաները:

Աշակերտութիւնն ու ուսուցչակազմը միջավայրի պաշտպանութեան կարգախօսներով ու ցուցանակներով շրջեցան Վագըֆ եւ Խըտըրպէկ թաղամասերուն մէջ եւ մաքրութեան յատուկ ու բծախնդիր աշխատանք տարին նախապէս ճշդուած ճամբաներու վրայ:

Ապա անոնք Համազգայինի «Ռուբէն Նագեան» կերպարուեստի դպրոցին շրջափակը հիւրասիրուեցան գիւղի քաղաքապետութեան կողմէ: Այնուհետեւ բոլորը ուղղուեցան գիւղի կեդրոնական հրապարակը, ուր ցուցանակները զետեղուեցան հրապարակի բոլորակին շուրջ:

Նախաձեռնութեան եզրափակիչ խօսքը փոխանցեց քոլեճի տնօրէն Արմէն Թաշճեան, որ շեշտելով մաքրութեան կարեւորութիւնը մարդկային առողջապահութեան եւ բնապահպանման տեսակէտէ` կոչ ուղղեց, իբրեւ գիւղի բնակիչներ, միշտ նախանձախնդիր մնալու միջավայրի մաքրութեան ու բնապահպանման:

Նոյն ծիրէն ներս, հինգշաբթի, 24 նոյեմբերի ատենամարզանքի պահուն աշակերտները ուշադրութեամբ հետեւեցան գիտութեան դասատու  Նանոր Տանըղեանի կողմէ պատրաստուած` բուսականութեան ու ծառերու նուիրուած սահիկներու ցուցադրութեան մը (փաուըր փոյնթ): Այնուհետեւ, իւրաքանչիւր դասարան դպրոցի շրջափակին մէջ իր դաստիարակին ուղեկցութեամբ ցանեց ծաղիկներ ու վարդեր:

 

Share this Article
CATEGORIES