«ԴՐՕՇԱԿ»-Ը ՀՅ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԴԻՄԱԳԻԾՆ ՈՒ ՎԿԱՅԱՐԱՆԸ (ՀՅԴ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹԻ 120-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)
ԱՒՕ ԳԱԹԸՐՃԵԱՆ
Հայոց պատմութեան վերջին 120 տարին ուսումնասիրելու պարագային, անկարելի է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան պատմութիւնը չթերթատել: ՀՅԴ-ի պատմութիւնն ալ թերթատելու համար անկասկած անհրաժեշտ ուղեցոյց է ՀՅԴ-ի պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ը, քանի որ ժամանակակից պատմութեան 120 տարիները իրենց կենդանի ու հարազատ ցոլացումը գտած են այս երկարաշունչ վկայարանին մէջ` սկսելով հայ յեղափոխութեան ծննդոցէն մինչեւ Հայաստանի պետական կեանքի ստեղծման պայքարներն ու մարտնչումները, հասնելով մինչեւ Արցախի ազատագրական պայքարը:
Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հիմնադիրները, գիտակից` մամուլի դերին, առաջին օրէն իսկ օգտուեցան անոր ընձեռած բարիքներէն եւ ճիշդ այդ անհրաժեշտութենէն մեկնած` ՀՅԴ-ի զինանշանին վրայ զետեղեցին գրիչը խորհրդանշող փետուրը:
Հետեւաբար, երբ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը կը հիմնուի Թիֆլիսի (Կովկաս) մէջ 1890-ին, տրամաբանական էր, որ հաղորդագրութեամբ մը աւետէր իր ծնունդը: Արդարեւ, «Մանիֆեստ» եւ «Թռուցիկ թերթ» հրատարակութիւններով հիմը կը դրուի դաշնակցական առաջին թերթին, որուն կը յաջորդէր պաշտօնական օրկան` «Դրօշակ»-ի լոյս ընծայումը (առաջին թիւերը հրատարակուած են Թիֆլիսի մէջ, 1891-ին մայիսին եւ սեպտեմբերին, Դաշնակցութեան գաղտնի տպարանէն): «Դրօշակ»-ի 3-րդ թիւը լոյս կը տեսնէ Քոնսթանցիոյ (Ռումանիա) մէջ, 1892-ին: Այնուհետեւ, թիւ 4-էն սկսեալ (1893), կը հրատարակուի Եւրոպայի ամէնէն ազատական երկրին` Զուիցերիոյ Ժընեւ քաղաքին մէջ, մինչեւ 1914, երբ ժամանակաւորապէս կը դադրի, վերահրատարակուելու համար տասնամեակ մը ետք:
1898-ին «Դրօշակ»-ի խմբագրութեան շուրջ կազմաւորուած է դաշնակցութեան Արեւմտեան Բիւրոն:
Այս յառաջաբանով կը հաստատենք, որ «Դրօշակ»-ը, իբրեւ ամսաթերթ, երկրորդ անգամ վերստին հրատարակուած է 1925-1933-ին, Փարիզի մէջ, Սիմոն Վրացեանի եւ Արշակ Ջամալեանի խմբագրութեամբ: 1891 մայիսէն մինչեւ 1931 մայիս հրատարակուած է 308 թիւ «Դրօշակ»:
«Դրօշակ» երրորդ անգամ 1969-1985-ին իբրեւ ՀՅԴ բիւրոյի պաշտօնաթերթ հրատարակուած է Պէյրութ` «Ազդակ շաբաթօրեակ-Դրօշակ» անունով, խմբագիրներ ունենալով Բաբգէն Փափազեան եւ Սարգիս Զէյթլեան:
«Դրօշակ» չորրորդ ժամանակահատուածը կը ճշդորոշուի 1986-2005 թուականները իբրեւ խմբագիր` Նազարէթ Պէրպէրեան: 1986 ապրիլէն` որպէս երկշաբաթաթերթ, սակայն վերջին քանի մը տարիները` իբրեւ եռամսեայ դրութեամբ:
Իսկ վերջին եւ հինգերորդ ժամանակահատուածը` վերահրատարակուող «Դրօշակ»-ը կը սկսի հրատարակուիլ յուլիս 2007-էն, Երեւանի մէջ, ամսական դրութեամբ, գլխաւոր խմբագիր ունենալով հայրենի գրող եւ մտաւորական Ռուբէն Յովսէփեանը, իսկ խմբագիր` դոկտ. փրոֆ. Կարէն Խանլարեանը:
Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բ. Ընդհանուր ժողովը (1898, Թիֆլիս) որոշած էր տանիլ քարոզչական աշխատանք արտասահմանի մէջ` եւրոպական քաղաքական շրջանակներու վրայ բարոյական ազդեցութիւն ձգելու նպատակով: Այս ծրագրի կենսագործման համար Ժընեւ կ՛երթայ Քրիստափոր Միքայէլեան, որ կը բարձրացնէ մակարդակը «Դրօշակ» թերթին` Ակնունիի, Ահարոնեանի եւ տաղանդաւոր այլ մտաւորականներու աշխատակցութեամբ: «Դրօշակ»-ը կը ստանայ նոր որակ, երբ Ակնունին կը ստորագրէ «Կովկասեան խաբրիկներ» խորագրեալ յօդուածաշարքը, Սարգիս Մինասեանը` «Թուրքիոյ շուրջը», Միքայէլ Վարանդեանը` պատմա-ընկերաբանական տեսութիւններ, Ղարիբը (Աւետիս Ահարոնեան) յեղափոխական պատմուածքներ, Սիամանթօ` «Հոյակապ դիւցազներգութիւն»-ը եւ Քրիստափոր Միքայէլեան լոյս կ՛ընծայէ «Ամբոխային տրամաբանութիւն» խորագրեալ իր աշխատութիւնը:
Քրիստափոր Միքայէլեան «Դրօշակ»-ի համար կ՛ապահովէ նաեւ աշխատակցութիւնը օտար հայասէրներու, ինչպէս` Ժան Ժորես, Ֆրանսիս տը Փրեսանսէ, Անաթոլ Ֆրանս, Փիեռ Քիառ եւ ուրիշներ:
Արդարեւ, ժամանակի ընթացքին ՀՅ Դաշնակցութեան գաղափարախօսութեան, նպատակներուն եւ իրագործումներուն բեմը կը դառնայ «Դրօշակ»-ը` դրսեւորելու դաշնակցական նկարագիրը: Բարոյական ըմբռնումներուն, յեղափոխական արարքներուն, քաղաքական մտածողութեան հայելին` «Դրօշակ» տասնամեակներ շարունակ իրերայաջորդ սերունդներու դաստիարակութեան աղբիւր պիտի հանդիսանար:
«Դրօշակ» գոյատեւած է կարգ մը ընդհատումներով:
«Դրօշակ»-ի հրատարակութիւնը, իբրեւ կուսակցութեան պաշտօնաթերթ, կը սկսի, ուրեմն, 1891 մայիսին:
ԱՌԱՋԻՆ ԺԱՄԱՆԱԿԱՀԱՏՈՒԱԾ
Եթէ սկսինք առաջին թիւերէն ակնարկութիւն ընել, ապա անհրաժեշտ է ըսել, որ առաջին համարներէն մէկուն մէջ «Դրօշակ»-ը կը նշէ, որ իր էջերուն մէջ կը պարզաբանուի Դաշնակցութեան ծրագիրը:
Իւրաքանչիւր թիւի մէջ առաւելաբար կան նամակներ եւ թղթակցութիւններ, գրեթէ բացառաբար, «Թիւրքաց Հայաստան»-էն, Շապին-Գարահիսարէն, Սասունէն, Տրապիզոնէն, Վանէն, Կարինէն, Ակնէն, Բաղէշէն, Սեբաստիայէն, Երզնկայէն, Մուշէն, Տիգրանակերտէն, Ալաշկերտէն, ինչպէս նաեւ` Պոլիսէն:
Այդ նամակներն ու թղթակցութիւնները թանկագին վաւերագիրներ են, անգնահատելի ատաղձ` հայ յեղափոխական եւ ազատագրական շարժման պատմութեան համար: Հոն պատմական մեծ նշանակութիւն ունեցող դէպքերը տրուած են ականատես վկայ եւ մասնակից անձերու կողմէ:
Թղթակցութիւնները կը ներկայացնեն Երկրի կեանքը` թիւերով, վիճակագրական տուեալներով, տեղեկութիւններով, իրողութիւններով, փաստերով, յաճախ առանց մեկնաբանութեան, եւ` կողմնակի խորհրդածութիւններով:
Նամակներ կան նաեւ հարեւան երկիրներէն` այդ երկիրներու հանրային կեանքին եւ յեղափոխական շարժումներուն մասին: Կան նաեւ ականատեսի եւ մասնակցողի վկայութիւններ Պանք Օթոմանի գրաւման, Խանասորի արշաւանքի եւ այլ կռիւներու մասին:
«Դրօշակ»-ին նպատակասլացքը սկիզբէն ի վեր եղած է «Ժողովուրդին համար, ժողովուրդին հետ եւ ժողովուրդով»:
«Դրօշակ»-ի առաջին տարիներու հաւաքածոն անգտանելի եղած է (յատկապէս` առաջին երկուքը) բառին իսկական առումով: Միակ օրինակը պահուած է ՀՅԴ Փարիզի թանգարանին մէջ:
Ա. հատորը կ՛ընդգրկէ «Դրօշակ»-ի հրատարակութեան առաջին տասնամեակի առաջին կիսուն (1890-1897) լրիւ հաւաքածոն, ընդամէնը` 750 մեծադիր էջ: Բ. հատորը կ՛ընդգրկէ` 1898-1901, Գ. հատորը` 1902, 1903, 1904, վերհրատարակութիւն ՀՅԴ-ի, 1984, Պէյրութ (629 էջ), եւ Դ. հատորը` 1905, 1906, 1907, նոյնպէս վերահրատարակութիւն ՀՅԴ-ի, 1986, Պէյրութ (691 էջ):
«Դրօշակ»-ի թուղթի չափը (հատորներուն) 29×22 սմ., իսկ թուղթին որակը` դեղինի զարնող, ծաւալը` իւրաքանչիւր թիւ 8 էջ:
Սկսելու համար կը կեդրոնանանք Ա. հատորին վրայ եւ անվարան կրնանք ըսել, որ շնորհալի աշխատանքով մը հաւաքածոյ կազմելով` փրկուած է թանկագին գանձարանը հայ յեղափոխական եւ ազատագրական շարժման:
Ներածութեան մէջ պարզաբանուած են Դաշնակցութեան հետապնդած նպատակները եւ «Դրօշակ»-ի կատարելիք դերը:
Այնուհետեւ, Ա. հատորին սկիզբը գրուած է ՀՅ Դաշնակցութեան «Մանիֆեստ»-ը` գրուած 1890-ին, յայտնի չէ` ո՛ր ամսուն: Այդ թուականին Դաշնակցութիւնը դեռ «Հայ յեղափոխականների դաշնակցութիւն» էր լոկ:
«Մանիֆեստ»-ը հետեւեալ ձեւով կը բացատրէ այս իրողութիւնը. Հայ յեղափոխականների դաշնակցութիւնը թէեւ նոր է հանդէս գալիս իբրեւ կազմակերպութիւն, բայց նա վաղուց գործող խմբերի միութիւնն է, խմբերի՛, որոնք նոյնիսկ հայ ժողովրդի ձգտումների ծնունդն են»:
«Մանիֆեստ»-էն ետք հատորին կցուած է «Դրօշակ»-ի «Թռուցիկ թերթ» թիւ 2-ը, 1891 թուականին, կարճ ծանօթագրութեամբ. «ՀՅ Դաշնակցութիւնը հրատարակելով այս թերթը, յայտնում է, որ մօտիկ ապագայում նա կ՛ունենայ իր օրգանը «Դրօշակ» անունով, ուր, ի միջի այլոց, կը պարզաբանուի Դաշնակցութեան ծրագիրը»: Պատմութեան համար արձանագրենք միայն, որ «Դրօշակ»– ի «Թռուցիկ թերթ» թիւ 1-ը կորսուած է դժբախտաբար եւ այդ պատճառով ալ «Դրօշակ»-ի Ա. հատորին մէջ տեղ չէ գտած:
Արդարեւ, «մօտիկ ապագային», 1891 մայիսին, սկսաւ հրատարակուիլ «Դրօշակ»-ը` իբրեւ օրկան «ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ»:
«Դրօշակ»-ի բոլոր յօդուածները եւ թղթակցութիւնները, նամակները, ներքին եւ արտաքին տեսութիւնները, տեղեկագիրները, վերջապէս, ինչ որ գրուած է թերթին մէջ, հասկնալի պատճառներով անստորագիր են: Հետագային, սակայն, չենք գիտեր ո՛վ եւ ե՛րբ, կարգ մը յօդուածներու եւ թղթակցութիւններու տակ աւելցուցած է գրողին անունը: Եւ շնորհիւ այս բարեդէպ «միջամտութեան», այսօր գիտենք այլեւս, թէ խնդրոյ առարկայ յօդուածները գրուած են` Քրիստափորի, Ռոստոմի, Զաւարեանի, Յովնանի եւ Իւսուֆեանի կողմէ: Նամակները եւ թղթակցութիւնները գրած են` Պետօ, Մեխակ, Դժոխք, Մուրատ, Թաթուլ եւ բազմաթիւ ուրիշներ: Հետագային թերթին իրենց աշխատակցութիւնը բերած են նաեւ Ահարոնեան, Վռամեան, Սարգիս Մինասեան, Միքայէլ Վարանդեան, Խաժակ, Սիամանթօ, Արմէն Գարօ, Հրաչ, Ակնունի եւ ուրիշներ:
Շնորհիւ վերոնշեալ նամակներուն եւ թղթակցութիւններուն, հոն կը գտնենք լրիւ տեղեկութիւններ Հայաստանի այդ օրերու կացութեան եւ այն բոլոր հարցերուն մասին, որոնք 1890-ական թուականներուն եւ անկէ ետք կը ներկայանային հայ ժողովուրդին եւ անոր արժանաւոր ղեկավարութեան:
«Դրօշակ»-ի առաջին թիւերուն մէջ ընդհանրապէս կը խօսուի Օսմանեան կայսրութեան բարբարոսութեան մասին` հայապատկան հողերու վրայ տեղի ունեցած կոտորածներու մասին, ցարական Ռուսիոյ կողմէ բռնագրաւուած հայոց եկեղեցապատկան կալուածներու, հերոսական կռիւներու, դաշնակցական նահատակներու մասին եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդը յուզող հարցերու մասին: Բովանդակութեան խորագիրներ են` «Առաջնորդող», «Մեր ծրագիրը», «Այբ ու բեն», «Ռեֆորմներ», «Թղթակցութիւններ երկրից», «Կոտորածներ», «Լուրեր երկրից» եւ այլն:
Խմբագիրներ եղած են` Քրիստափոր Միքայէլեան, Սիմոն Զաւարեան, Ռոստոմ (Ստեփան Զօրեան), Յոնան Դաւթեան, Միքայէլ Վարանդեան: Իսկ խմբագրական, վարչական մարմիններու անդամներ, աշխատակիցներ եղած են` Սիմոն Շխեան, Գարեգին Խաժակ, Արշակ Վռամեան, Էտկար Ակնունի, Աւետիս Ահարոնեան, Սիամանթօ, Սարգիս Մինասեան, Տ. Յովհաննէսեան, Անտոն Գոշ (Անտոն Պոյաճեան, Դիւանապետ):
Հրատարակութեան վայրեր եղած են.
1.- Թիֆլիս (Վրաստան) 1891-1892
2.- Քոնսթանցիա (Ռումանիա) 1892-1893
3.- Ժընեւ (Զուիցերիա) 1893-1914
Ժընեւի մէջ «Դրօշակ»-ի շէնքը գտնուած է 69 Chemin de Roseraie, երկյարկանի, ութ սենեակնոց տուն մը, գնուած 1898-ին. գինը` 22.000 ֆրանք:
Արխիւային իմաստով անհրաժեշտ է կատարել կարեւոր նկատողութիւն մը, որ պաշտօնաթերթի անունին տակ գրուած մակագրութիւնը` «Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան օրկան», շարունակուած է մինչեւ 1897 յունուար 20: 1897 փետրուար 8-էն սկսեալ փոխուած է այս բացատրութիւնը եւ դարձած «Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան օրկան»: Հետագային շարունակ-ուած է այս ձեւը, իսկ վերջին երեք ժամանակահատուածներուն ալ, «ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ», «ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ», «ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ», այսինքն «օրկան»ը փոխարինուած է «պաշտօնաթերթ»-ով:
Այստեղ տեղին է նշել, որ այս ժամանակահատուածին «Դրօշակ»-ի շուրջ համախմբուած գործիչները «Դրօշակ»-ի անունով կոչուած էին «դրօշակականներ»: «Դրօշակականներ»-ը կապ հաստատած են եւրոպական երկիրներու քաղաքական ու հասարակական շրջանակներու հետ` յոյս ունենալով եւրոպական իշխանութիւններու միջամտութեամբ վերաբանալ եւ ապա լուծել Հայկական հարցը:
Ստորեւ կը ներկայացնենք «Դրօշակ»-ի առաջին ժամանակահատուածի թիւերը.
1891-ին լոյս տեսած է «Դրօշակ»-ի երկու համար:
1892-ին լոյս տեսած է մէկ թիւ, թիւ 3-ը:
1893-ին լոյս տեսած է երկու թիւ, թիւ 4 եւ 5-ը:
1894-ին լոյս տեսած է ինը թիւ, թիւ 6-14 եւ թիւ 6-ի յաւելուած:
1895-ին լոյս տեսած է 22 թիւ, թիւ 1-էն 22: Երկու թիւ` միացեալ:
1896-ին լոյս տեսած է 28 թիւ, թիւ 1-էն 28:
1897-ին լոյս տեսած է 16 թիւ, թիւ 1-էն 16:
1898-ին լոյս տեսած է 11 թիւ, թիւ 1-էն 11:
1899-ին լոյս տեսած է 10 թիւ, թիւ 1-էն 10 եւ ապրիլ 15, յուլիս 15, նոյեմբեր 15 եւ դեկտեմբեր 15, ընդարձակ յաւելուածներ Վերակազմեալ Հնչակեան կուսակցութեան եւ Արփիար Արփիարեանի մասին:
1900-ին լոյս տեսած է 10 թիւ, թիւ 1-էն 10:
1901-ին լոյս տեսած է 9 թիւ, թիւ 1-էն 9:
1902-ին լոյս տեսած է 11 թիւ, թիւ 1-էն 11:
1903-ին լոյս տեսած է 10 թիւ, թիւ 1-էն 10:
1904-ին լոյս տեսած է 12 թիւ, թիւ 1-էն 12:
1905-ին լոյս տեսած է 13 թիւ, թիւ 1-էն 13:
1906-ին լոյս տեսած է 12 թիւ, թիւ 1-էն 12: Մէկը` միացեալ:
1907-ին լոյս տեսած է 12 թիւ, թիւ 1-էն 12: Երկուքը` միացեալ:
1908-ին լոյս տեսած է 12 թիւ, թիւ 1-էն 12: Երկուքը` միացեալ:
1909-ին լոյս տեսած է 12 թիւ, թիւ 1-էն 12: Երկուքը` միացեալ:
1910-ին լոյս տեսած է 12 թիւ, թիւ 1-էն 12: Երկուքը եւ վեցը` միացեալ:
1911-ին լոյս տեսած է 12 թիւ, թիւ 1-էն 12: Երկուքը եւ վեցը` միացեալ:
1912-ին լոյս տեսած է 12 թիւ, թիւ 1-էն 12: Երկուքը` միացեալ:
1913-ին լոյս տեսած է 12 թիւ, թիւ 1-էն 12: Չորսը` միացեալ:
1914-ին լոյս տեսած է 12 թիւ, թիւ 1-էն 12: Չորսը` միացեալ:
(Շար. 1)