ՀՅ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ 121-ԱՄԵԱԿ. ՃԻԳԵՐՈՒ ԽՏԱՑՈՒՄ(ՈՒՐՈՒԱԳԾՈՒՄՆԵՐ)Բ.

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Եթէ ջատագովանքն ու ինքնարժեւորման մօտեցումը մեղադրանքներ են` ուղղուած այլոց կողմէ դաշնակցական իրականութեան, ապա, հարկ է ընդգծելի դարձնել, որ ՀՅ Դաշնակցութեան ծնունդէն ի վեր գոյութիւն ունեցած են ու ցարդ ունին վսեմ հասկացողութիւններ, որոնց հէնքն  ու արժեչափը ազգային իտէալներու իրականացումն է, միասնակամ պայքարի նկատառումն ու հայրենիքի ազատութիւնը` արձագանգելով զգացումներու եւ ազգին համար զոհուելու պատրաստակամութեան:

Այլ ասած, դաշնակցական Կանոնագիրի, Ծրագիրի, պատմութեան, գրականութեան, կենսափորձի թէ հերոսագրութեան իւրաքանչիւր դիպաշար խորքին մէջ խտացումն է անհամար ճիգերու, հայրենիքի բագինին նուիրուած զոհողութիւններու բազմաբնոյթ տարողութեան, որոնցմով կը հպարտանայ ազգային կեանքի մեր երանգապնակը` գիտակցական ծառայութեան առընթեր:

Սակայն, շատ անգամ մոռացութեան կը մատնուին այնպիսի իրողութիւններ, որոնք պորտակապն են եղած սխրանքներու իրագործման, արշաւանքներու յաջողութեան, ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան մղելու նուիրական աքթին, ազգային զարթօնքի բոցավառումին, հայրենապաշտութեան եզակի ընկալումին, հայրենակերտումի թէ ազգասիրութեան վեհափառ զգացողութիւններու ջրդեղումին, այլ ասած` ազգային դիմագիծի եւ ցեղային առանձնայատկութիւններու պահպանումին եւ գոյատեւումին:

Արդեօք հարկ է՞ ամէն քայլափոխի վերարծարծել այն սրտապինդ եւ ոգեւորող հանգամանքը, անհատական ու գաղափարական հանգանակը, որոնցմով կը յատկանշուի 121-ամեայ այս կուսակցութիւնը, որուն ճակատագրուած էր գէթ իր կեանքի առաջին երեսուն տարիներուն մղել անհաւասար կռիւ բարբարոս թուրք թշնամիին եւ նոյնքան վայրագ պոլշեւիզմին դէմ:

Պատերազմի թէ արհաւիրքի տարիներուն դրսեւորուած դաշնակցական կամքի ու խիզախ կեցուածքի անհատնում օրինակներ կան. արդեօք անոնք կեանքի պիտի կոչուէի՞ն առանց այդ քաջագործութիւններու դէմք ու կշիռ տուող հերոսածին դաշնակցականներու, որոնց իւրաքանչիւրին էութիւնը շաղախուած էր դաշնակցական մտքի ու գործի աւիւնով:

Դաշնակցական օրինակելիներու հսկայ բանակին եւ անոնց ցոյց տուած նուիրաբերումին պատուանդանը, մղիչ ուժն ու կենարար աւիշը ի՞նչն էր, եթէ ոչ հիմնադիր Երրորդութեան անպարագծելի մեծութիւնն ու ազգին ընծայաբերուելու կորովն ու գիտակցութիւնը:

Այո՛, Քրիստափորի, Ռոստոմի եւ Զաւարեանի հմայքն ու անշահախնդիր կերպարը, առասպելատիպ պատկերն ու գերազանցապէս համամարդկային կազմաւորումը, ազգային պատկանելիութեամբ շէնշող անոնց զգայնութիւնն ու պայծառատես յատկութիւնը պարարտ հող հանդիսացան, ատենի խայտաբղէտ ուժերու միացումին, կամքերու կռանումին, յեղափոխական ու մարտական տրամադրութիւններու բորբոքումին, արժանապատիւ կեանք վարելու գիտակցութեան յանձանձումին, քաղաքական մտածողութեան ձեւաւորումին, եւ ամէնէն էականը` գաղափարական աշխարհի ու ազգային աշխարհահայեացքի ամրապնդումին:

Այսօր, վերանկախ հայրենիքի երկնակամարին տակ, երբ վերընձիւղուած դաշնակցական մտքի ու գործի, միջավայրի ու մթնոլորտի նորովի դիպաշարեր կ՛արձանագրուին` կուսակցական միաւորներու, կազմակերպական որոշակի աշխատանքի թէ քաղաքական հարթակներու ձեւաւորումով, առաւելաբար  գործունէութեան իւրայատկութեան մասին է խօսքը, ազգային մտածողութեան եւ գաղափարախօսական ընկալումներէ մեկնած, յանուն ազգի ու հայրենիքի փրկութեան եւ յարատեւութեան:

Ուստի, երբ հայրենի քաղաքական ու պետական շրջանակներու կողմէ կ՛արձակուին հակառակորդի անհարկի մօտեցումներ ՀՅ Դաշնակցութեան դէմ, բնաւ զարմանալի պէտք չէ թուի, որովհետեւ նման շրջանակներու մօտ կը բացակային ազգային մտածողութեան եւ պետականաշինութեան համապարփակ աշխարհահայեացքի այն հիմնարար արժեչափը, որով պիտի կարենան պահպանել ազգի շարունակականութիւնը:

Արդարեւ, դաշնակցական արժէքներու նորովի ըմբռնումներու հարցը չէ, որ հերթաբար կը ներկայացուի, այլ նման համակարգէ ձերբազատելու դիտաւորութիւններ:

Մեզի կը մնայ պայքարիլ նաեւ` պետական այրերու խորթութիւներու դէմ, յանուն սերունդներու ազգային դաստիարակութեան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES