ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ՎԱՀԷ ՍԷԹԵԱՆ» ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱՏԱՆ 80-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ` 82,500 ԱՄ. ՏՈԼԱՐԻ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէնութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, որ շնորհեց իր բարձր հովանաւորութիւնը եւ ներկայ գտնուեցաւ Համազգայինի հրատարակչատան հիմնադրութեան 80-ամեակի եզրափակիչ հանդիսութեան:
Այս առիթով շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան խօսք կը փոխանցենք հրատարակչատան բարերար Սէթեան ընտանիքին, Համազգայինի հրատարակչական գործին միշտ սատար հանդիսացող «Կիւլպենկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին եւ «Փիւնիկ» մարդկային պաշարներու հիմնադրամին, ինչպէս նաեւ Համազգայինի հրատարակչատան առաքելութեան զօրակցող բարերարներուն եւ նուիրատուներուն:
Շնորհակալութիւն` լիբանանահայ գաղութի երեք համայնքապետերուն, Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի եւ սփիւռքի նախարարութիւններուն, դեսպանութեան եւ Հրատարակիչներու ազգային միութեան, Կիպրոսի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդին, Բերիոյ թեմի առաջնորդին, լիբանանահայ կազմակերպութիւններուն, միութիւններուն, կրթական հաստատութիւններուն, մամուլին, պետական անձնաւորութիւններուն, ինչպէս նաեւ հայրենի եւ սփիւռքահայ մտաւորականներուն, որոնք իրենց ներկայութեամբ, ողջոյնի գիրերով եւ վկայութիւններով յատուկ փայլք տուին հաստատութեան 80-ամեակի նախաձեռնութիւններուն:
Ուրախ ենք յայտարարելու, որ այս առիթով Համազգայինի հրատարակչական ծրագիրներու ընդարձակման համար կատարուած նուիրատուութիւններէն գոյացաւ 82,500 ամ. տոլար:
Վարձքը կատա՛ր բոլորին:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
1 դեկտեմբեր, 2011
Պէյրութ