ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆՑ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻՆ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ԻՍԼԱՄԱԿԱՆՆԵՐԸ` ՅԱՌԱՋԱՏԱՐ ԴԻՐՔԻ ՎՐԱՅ
Եգիպտոսի խորհրդարանական ընտրութիւններու առաջին հանգրուանը, որ կը ներառէր 9 նահանգներ, աւարտեցաւ երեքշաբթի օր: Նախնական արդիւնքներուն համաձայն, Իսլամ եղբայրներն ու սալաֆականները 6 նահանգներու մէջ յառաջատար դիրքի վրայ են:
Ղպտի յայտնի գործարար Նեժիպ Սաուիրսի հիմնած Ազատ եգիպտացիներ կուսակցութիւնը, որ ազատական ուժեր խմբաւորող Եգիպտական խմբաւորումը կը գլխաւորէ, Գահիրէի եւ Նոր Եգիպտոսի մէջ մեծ անակնկալ մը ստեղծելով պարտութեան մատնած է Իսլամ եղբայրներու Ազատութիւն եւ արդարութիւն կուսակցութիւնը:
Շրջաններու մեծամասնական ընտրաշրջաններուն մէջ իսլամականները յստակ կերպով յառաջատար դիրքի վրայ կը գտնուին: Իսլամ եղբայրներու, սալաֆականներու եւ Ժամաա իսլամիայի թեկնածուները Աղեքսանդրիա, Քաֆար Շէյխ, Տումիաթ եւ Աֆիում շրջաններուն մէջ յստակ առաւելութիւն կը վայելեն, սակայն Ասիութի եւ Փոր Սայիտի մէջ անկախ թեկնածուներու կողմէ բուռն մրցակցութիւն կը դիմագրաւեն:
Ըստ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան, նախնական տուեալներու համաձայն, Իսլամ եղբայրներու Ազատութիւն եւ արդարութիւն կուսակցութիւնը ստացած է քուէներուն 40 առ հարիւրը:
Նշենք, որ երեսփոխաններու երկու երրորդը համամասնական ցուցակներով կ՛ընտրուին, իսկ մնացեալ մէկ երրորդը` մեծամասնական: