ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ ԹՈՒՐՔԻԱ – ՍՈՒՐԻԱ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆՑ ԽԶՈՒՄԸ ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու երէկ յայտարարեց, որ «Սուրիա մուտք գործեց տագնապի մը մէջ, որմէ կարելի չէ դուրս գալ»: Ան ըսաւ, որ «Սուրիա մեր տուած բոլոր խրատներն ու բարեփոխումներու առաջարկները մերժեց եւ ապահովական լուծումը նախընտրեց»` աւելցնելով, որ «երբ ժողովուրդին եւ վարչակարգին միջեւ յարաբերութիւնը կը չքանայ, վարչակարգը իր օրինականութիւնը կը կորսնցնէ, եւ այս է Սուրիոյ վերաբերեալ մեր տեսակէտը»:

Տաւութօղլու յայտնեց, որ «սուրիական վարչակարգին կողմէ քաղաքայիններու սպանութիւնն ու մզկիթներու ռմբակոծումը անընդունելի է»: Ան ըսաւ, որ «վարչակազմին` իր ներքին հարցերը լուծել չկարենալէն ետք, սուրիական թղթածրարը մտահոգիչ դարձած է»` նշելով, որ «Սուրիոյ պատճառով շրջանին մէջ համայնքային պատերազմի նախանշաններ սկսան երեւիլ»:

Նշելէ ետք, թէ «սուրիական վարչակազմը կրնայ մարդկութեան դէմ ոճիրներու պատասխանատու ըլլալ», Տաւութօղլու յայտնեց, որ «միակ լուծումը Սուրիոյ վրայ շրջանային եւ միջազգային ճնշումը աւելցնելն է»:

Թուրքիոյ դիւանագիտութեան պետը յայտարարեց, որ «մինչեւ Սուրիոյ մէջ ժողովրդավարական վարչակարգի մը իշխանութեան հասնիլը, Թուրքիա ներկայիս Սուրիոյ հետ իր յարաբերութիւնները կը խզէ»: Ան նշեց, որ միջազգային դատական հայցեր դիմագրաւող բոլոր սուրիացի պաշտօնատարներուն Թուրքիոյ մէջ պահ դրուած դրամները պիտի սառեցուին, ինչպէս նաեւ սուրիական վարչակարգին զէնքի բոլոր վաճառքները պիտի ընդհատուին: Աւելի՛ն, ան յայտարարեց, որ «մինչեւ Սուրիոյ մէջ իր ժողովուրդին հետ խաղաղութեամբ ապրող օրինական կառավարութեան մը իշխանութեան գալը, ռազմավարական բարձր մակարդակի համագործակցութեան մեքանիզմը առկախուած է»:

Տաւութօղլու աւելցուց, որ թրքական օդային եւ հողային տարածքները փակ են Սուրիա զէնք փոխադրողներուն դիմաց, Սուրիոյ մէջ թրքական տնտեսական բոլոր գործառնութիւնները կը սառեցուին, վարչակարգին հետ գործակցած որեւէ անհատի` Թուրքիոյ դրամատուներուն մէջ պահ դրած գումարները կը սառեցուին եւ Սուրիոյ Կեդրոնական դրամատան հետ բոլոր գործառնութիւնները կը դադրին:

Ան ըսաւ, որ «այս պատժամիջոցներով չենք ուզեր սուրիացի ժողովուրդին վնաս պատճառել, եւ զանոնք (պատժամիջոցները) լաւ սերտեցինք»` աւելցնելով, որ «մեր ամբողջ փափաքն է, որ Սուրիա դուրս գայ այս տագնապէն»: Ան նշեց, որ Ասատի կառավարութիւնը «ճամբուն վերջաւորութեան» հասած է:

Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութիւնը երէկ Ժետտայի մէջ գումարեց Սուրիոյ հարցի քննարկման արտակարգ նիստ մը, որուն ներկայ եղաւ նաեւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ: Կազմակերպութիւնը սուր բանավէճերէ ետք որդեգրեց հաղորդագրութիւն մը:

Հաղորդագրութիւնը հրապարակողները կ՛ողջունեն Սուրիոյ տագնապը լուծելու Արաբական լիկայի ջանքերը, Սուրիոյ կոչ կ՛ուղղեն ընդառաջելու Արաբական լիկայի որոշումներուն եւ դէտերու վերաբերող ռապաթեան արձանագրութիւնը ստորագրելու: Անոնք մերժեցին բռնարարքները եւ բարեփոխումներ ու երկխօսութիւն պահանջեցին: Կազմակերպութիւնը նաեւ մերժեց Սուրիոյ մէջ միջազգային միջամտութիւնը: Նշենք, որ հաղորդագրութիւնը որդեգրուեցաւ միաձայնութեամբ:

Կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Էքմալէտտին Իհսանօղլու մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ «նախանձախնդիր եղանք Սուրիոյ հետ հանդարտ դիւանագիտութիւն վարելու եւ առանց անոր ներքին հարցերուն միջամտելու, եւ տագնապի լուծման համար սուրիական ղեկավարութեան մօտ շարք մը նախաձեռնութիւններ կատարեցի»:

Ան ըսաւ, որ «յստակ դարձուցինք, որ քաղաքայիններուն դէմ ապահովական եւ զինուորական մօտեցումը անընդունելի է»` միեւնոյն ժամանակ ողջունելով «Սուրիոյ տագնապը լուծելու արաբական եւ միջազգային ջանքերը»: Ան յայտարարեց, որ կը մերժէ «Սուրիոյ մէջ զինուորական որեւէ միջամտութիւն կամ տագնապի միջազգայնացում»:

Իսլամական կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարը իր խօսքի աւարտին ընդգծեց, որ «այսօրուան ժողովը սուրիական տագնապէն դուրս գալու վերջին առիթն է»:

Միւս կողմէ, ռուսական «Քրասնիա Զվիզտա» օրաթերթը հաղորդեց, որ հորիզոնին վրայ սուրիական հողամասերու ներխուժում մը սկսած է երեւան գալ, եւ փորձագէտները կը նախատեսեն, որ այդ ներխուժումին առաջին հարուածը գայ ներկայիս Թուրքիա-Սուրիա սահմանին վրայ տեղակայուած լիպիացի զինեալներէն, որոնք կանաչ լոյսի կը սպասեն եւ որոնց ղեկավարն է Ապտելհաքին Պելհաժը, որ ներկայիս Սալիմ Ալուանի կեղծանունով Թուրքիա կը գտնուի: Նշենք, որ «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը վերջերս հաղորդած էր, որ Պելհաժ Թուրքիոյ մէջ դարմանուող լիպիացի զինեալներուն այցելութեան նպատակով Պոլիս ճամբորդելէ առաջ Թրիփոլիի օդակայանին մէջ ձերբակալուած է կեղծ անցագիր կրելու յանցանքով: Պելհաժ Թրիփոլիի ճակատամարտին ընթացքին ըմբոստ ուժերու հրամանատարն էր: Ան անդամ է Քայիտայի եւ Կուանթանամոյի արգելափակման ճամբարէն ազատ արձակուած է:

Իսրայէլեան «Քատայա Մարքազիա» կայքէջը իր կարգին մէջբերելով արաբական աղբիւրներ կը հաղորդէ, որ Թուրքիա Լիպիոյ մէջ Մոամմար Քազզաֆիի վարչակարգին դէմ կռուած Քայիտայի հարիւրաւոր զինեալներու արտօնած է սուրիական վարչակազմը տապալելու նպատակով սուրիական հողամասեր ներթափանցել: Ըստ կայքէջին, Քայիտայի 600 զինեալներ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի գիտութեամբ վերջին քանի մը օրերուն ընթացքին Սուրիա ներթափանցած են: Կայքէջը կը նշէ, որ այդ զինեալներէն ոմանք Կուանթանամոյի արգելափակման ճամբարին մէջ արգելափակուած էին, եւ իսրայէլեան ապահովական շրջանակներ մօտէն կը հետեւին Քայիտայի անդամներուն սուրիական հողամասերուն վրայ ներկայութեան հարցին:

Մինչ այդ, լիբանանեան «Մուսթաքպալ» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ էմիրաթական օդանաւային ընկերութիւնները կը պատրաստուին յառաջիկայ շաբաթ դէպի Սուրիա իրենց թռիչքները առկախելու:

 

Share this Article
CATEGORIES