ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ ԷՐԿԵՆԵՔՈՆԻ ՀԱՐՑՈՎ ՀԵՏԱԽՈՒԶՈՒՈՂԸ «ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ԶԱՒԱԿ» ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԱԾ Է

Թրքական «Տունիապիւլթենի» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մէջ Էրկենեքոնի եւ «Արմատականութեան դէմ պայքարի ծրագիր» գործերով հետախուզուող, Թուրքիոյ Ետիթեփէ համալսարանի հիմնադիրներու խորհուրդի նախագահ Պետրէտտին Տալան Ազրպէյճանի կողմէ մրցանակի արժանացած է:

Թրքական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ետիթեփէ համալսարանի կայքէջին վրայ նշուած է, որ Պետրէտտին Տալան Ազրպէյճանի կողմէ ստացած է «Հայրենիքի զաւակ» շքանշանը, որ անոր յանձնուած է 1 նոյեմբերին` Մոսկուայի մէջ:

Share this Article
CATEGORIES