ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան կոչ ուղղեց դասեր քաղելու շրջանին մէջ արձանագրուող զարգացումներէն` աւելցնելով, որ միայն երկխօսութեամբ կարելի է Սուրիոյ դիմագրաւած տագնապը լուծել:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն ընդունեց Լիբանանի մէջ Քանատայի դեսպան Հիլըրի Էտըմզը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ զանոնք բարելաւելու հեռանկարները:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը այլեւս ծրագիր մը չէ, այլ` Լիբանանի բաղկացուցիչ տարրերէն մէկը:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ վառելանիւթի հարցերու նախարարութեան հրապարակած վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 600 լ. ոսկիով, իսկ մազութին ու կազին սակը` 300 լ. ոսկիով:

«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթին համաձայն, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը նախանցեալ օր վարչապետարան կատարած իր այցելութենէն ետք հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ եւ ընդգծած կառավարութեան գոյատեւումը ապահովելու անհրաժեշտութիւնը: Ան շեշտած է նաեւ, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի պատրաստ է խորհրդակցելու` երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու առումով:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի քաղաքական խորհուրդի անդամ Վերա Եամմին յայտնեց, որ նոյնիսկ եթէ կառավարութիւնը յետաձգէ իր նիստը, մօտիկ ապագային կրնայ գումարել այլ նիստ մը: Ան հաստատեց սակայն, որ կառավարութեան հրաժարելու հաւանականութեան թղթածրարը արդէն իսկ շրջանցուած է:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի կը ջանայ յանգիլ այնպիսի լուծումի մը, որ կ’ապահովէ կառավարութեան գոյատեւումը:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով արեւմտեան դիւանագիտական աղբիւրներէն, յայտնեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ստացած է արեւմտեան այնպիսի նշաններ, որոնք կը հաստատեն Լիբանանի կառավարութեան գոյատեւման կարեւորութիւնը:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, վարչական բարեկարգումի պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիին յայտնած է, որ Հըզպալլա կը մերժէ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումը:

ԸՍՏ «Տիար» օրաթերթին, Լիբանանի մէջ կը տիրէ դրական մթնոլորտ եւ կառավարութեան տագնապին համար որդեգրուած են լուծման երեք տարբերակներ:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ մեծամասնութեան մաս կազմող աղբիւրներ յայտնեցին, որ Միջազգային դատական ատեանը պիտի ֆինանսաւորուի եւ կառավարութիւնը պիտի շարունակէ գոյատեւել` աւելցնելով, որ իրենք ձրի նուէրներ պիտի չտրամադրեն Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, կառավարութիւնը պիտի վաւերացնէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի ծրագիրները, որովհետեւ այդ ծրագիրները ամբողջ կառավարութեան համար նուաճումներ կը նկատուին:

ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Ալի Քանսօ «Նահար» օրաթերթին յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ կառավարական տագնապ չկայ, որովհետեւ երկրին քաղաքական կայունութիւնը ոչ մէկ ցնցում կրնայ հանդուրժել:

ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Ֆատի Ապպուտ յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը այս կամ այն կողմին վրայ ճնշումներ չի գործադրեր. ան աւելցուց, որ յաւելեալ խորհրդակցութիւններ կատարելու նպատակով կառավարութեան նիստը կարելի չէ յետաձգել:

ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Ալի Քանսօ յայտնեց, որ կառավարութեան նիստին յետաձգումը ցոյց կու տայ, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորման մասին խորհրդակցութիւնները ընթացքի մէջ են եւ կարելի է որոշ լուծումի մը յանգիլ:

ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպանը, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-եգիպտական յարաբերութիւնները:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ Դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ամմար Մուսաուի յայտնեց, որ Սուրիոյ դէմ որդեգրուած պատժամիջոցները անոր դէմ մղուած պատերազմին շարունակութիւնը կը նկատուին. ան աւելցուց, որ այդ պատերազմը Սուրիոյ դէմ յայտարարուած է անոր ազգային կեցուածքներուն համար:

ԱՄԱԼ շարժումի քաղաքական խորհուրդի նախագահ Ժամիլ Հայեք յայտնեց, որ Լիբանան կարիքը ունի երկխօսութեան, որպէսզի կարենայ լուծել այն հարցերը, որոնց շուրջ տարակարծութիւններ կան:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտի ընդունեց երեսփոխան Սամի Ժեմայէլը, որուն հետ քննարկեց Մեթնի մէջ գործադրուելիք բարգաւաճման կարգ մը ծրագիրներ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES