ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ԵՒ ՔԻ ՄՈՒՆ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵՆ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆԷՆ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ ՀՐԹԻՌԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

Հարաւային Լիբանանէն հիւսիսային Իսրայէլ կատարուած հրթիռարձակումը երէկ արժանացաւ Ուաշինկթընի եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի դատապարտումին:

Ուաշինկթըն խստիւ դատապարտեց հրթիռարձակումը եւ կոչ ուղղեց ինքնազսպումի:

Իր կարգին, Քի Մուն դատապարտելէ ետք այդ միջադէպը շեշտեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը` լիբանանեան բանակին հետ գործակցաբար, ամէն ջանք ի գործ կը դնեն բացայայտելու համար հրթիռարձակումին պատասխանատուները:

Քի Մուն կոչ ուղղեց ինքնազսպումի ենթարկուելու եւ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը գործադրելու:

Իր կարգին, իսրայէլեան կառավարութեան գաղտնի սպասարկութեան հարցերու նախարար Տան Մերիտոր կոչ ուղղեց չաճապարելու` ամբաստանութիւններ ուղղելու առումով:

Ան շեշտեց, որ Իսրայէլ լիբանանեան բանակն ու կառավարութիւնը յանցաւոր կը գտնէ: «Անհրաժեշտ է ճշդել այդ հրթիռները արձակող կողմը եւ ապա ամբաստանել», ըսաւ ան` նշելով, որ ինք այդ յանցանքով Հըզպալլան պիտի չամբաստանէ:

Միւս կողմէ, հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու բանբեր Նիրաժ Սինկ յայտնեց, որ Իսրայէլի դէմ հրթիռարձակումին նպատակը յստակ է եւ անիկա շրջանին ապահովական կայունութեան խախտումն է:

Սինկ շեշտեց, որ այս հանգրուանին խիստ ինքնազսպումի կարիքը կայ. ան աւելցուց, որ լիբանանեան եւ իսրայէլեան կողմերը առաւելագոյն չափով գործակցութիւն կը ցուցաբերեն ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին առնչութեամբ:

Սինկ ընդգծեց, որ լիբանանեան բանակին գործակցութեան շնորհիւ կարելի եղաւ խաղաղութիւնը վերահաստատել` նշելով, որ հրթիռարձակումին մասին բացուած քննութիւնները տակաւին ընթացքի մէջ են` բացայայտելու համար այդ միջադէպին ծալքերը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES