ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ ՍԱՄԻՐ ՄՈՒՔՊԵԼ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀԱԶԻՄ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ

Մուքպել եւ Հազիմ պատրիարքը

Անտիոքի եւ Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Իգնատիոս Դ. Հազիմ պատրիարքը երէկ Պալամանտի մէջ ընդունեց փոխվարչապետ Սամիր Մուքպելը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ զարգացումները:

Հանդիպումէն ետք Հազիմ պատրիարքը յայտնեց, որ Սուրիա կրնայ իր բարօրութեան համար անհրաժեշտ որոշումներ տալ եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր:

Հազիմ պատրիարքը հաստատեց, որ ինք առաջին անգամ ըլլալով է, որ կը լսէ պատժամիջոցներու մասին, որոնք կը միտին ժողովուրդ մը սովի մատնել: Ան աւելցուց սակայն, որ ինք վախ չունի սուրիացի ժողովուրդին վրայ, որ կ՛աշխատի եւ իր ճակտի քրտինքով կ՛ապրի:

Իր կարգին, Մուքպել հաստատեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն, որպէսզի յոյն ուղղափառ համայնքը միասնականանայ եւ անոր ազգային դերակատարութիւնը աշխուժանայ:

Share this Article
CATEGORIES