ՊՔԵՐՔԷԻ ՄԷՋ ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔ – ՖՐԵՆԺԻԷ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Երեսփոխան Ֆրենժիէ եւ Ռայի պատրիարքը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէն, որուն կ՛ընկերակցէր նաեւ նախկին նախարար Եուսեֆ Սաատէ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Ֆրենժիէ յայտնեց, որ իր այցելութեան նպատակն է Ռայի պատրիարքին զօրակցութիւն յայտնել` նկատի ունենալով վերջինիս դէմ սանձազերծուած արշաւը, «որ հասաւ անկրթութեան մակարդակին», ըսաւ ան:

Ֆրենժիէ վերահաստատեց, որ ինք կը զօրակցի Պքերքէի եւ Ռայի պատրիարքին:

Միւս կողմէ, ան դիտել տուաւ նաեւ, որ ինք նեցուկ կը կանգնի քաղաքական իր դաշնակիցներուն եւ մեկնելով այդ իրականութենէն Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը կը նկատէ քաղաքականացած ատեան մը:

Անդրադառնալով Միջազգային դատական ատեանի ֆինանսաւորման հարցին`  Ֆրենժիէ մաղթեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի գտնէ յարմար լուծում մը:

Ֆրենժիէ ընդգծեց նաեւ, որ տարակարծութիւնը տակաւին չէ հասած այն մակարդակին, որ կառավարութիւնը հրաժարի:

Ընտրական օրէնքին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ֆրենժիէ յայտնեց, որ Մարատա հոսանքը կը զօրակցի ընտրական այնպիսի օրէնքի մը, որ համամասնական դրութեան եւ միջակ ընտրաշրջաններու վրայ հիմնուած է:

 

Share this Article
CATEGORIES