ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ 8 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐԻՆ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման յառաջիկայ 8 դեկտեմբերին պաշտօնական այցելութեամբ մը պիտի մեկնի Հայաստան, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի, վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի եւ պետական ու բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ` քննարկելու համար երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց փոխվարչապետ Սամիր Մուքպելը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:
Պաապտա այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին, որ նախագահ Սլէյմանին Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի կողմէ յղուած նամակ մը յանձնեց:
Նամակին մէջ Ահմատինեժատ հաստատած էր, որ Իրան կը զօրակցի Լիբանանին եւ անոր ազգային միասնականութեան` յոյս յայտնելով, որ երկկողմանի գործակցութիւնը կը բարելաւուի եւ կ՛աշխուժանայ:
Նոյն նամակին մէջ նշուած էր նաեւ, որ Թեհրան նեցուկ կը կանգնի Սուրիոյ` ամերիկեան-սիոնական դաւադրութեան դէմ մղած անոր պայքարին մէջ:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ առեւտուրի եւ տնտեսութեան նախարար Նիքոլա Նահհաս, որ նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ դէմ Արաբական լիկային որդեգրած տնտեսական պատժամիջոցներուն մանրամասնութիւնները:
Նշենք, որ նախագահ Սլէյմանի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ նախագահին կարծիքով, լիբանանեան քաղաքական ոչ մէկ կողմի կը ծառայէ Լիբանանի կառավարութեան տապալումը:
Նոյն աղբիւրներուն համաձայն, նախագահ Սլէյմանի եւ ուժանիւթի ու ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին այդ իրականութիւնը յստակ դարձած է: