«ԱԶԳԱՅԻՆ ՈՐՈՇՈՒՄՈՎ ՄԸ` ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԴԱՏԱԿԱՆ ԱՏԵԱՆԸ ՖԻՆԱՆՍԱՒՈՐԵՑԻ» ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ
Կառավարութեան հրաժարիլ-չհրաժարելու, կառավարութեան նիստի գումարման կամ անոր յետաձգումին եւ այդ տարակարծութիւնները լուծելու առումով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ու քաղաքական ղեկավարներուն միջեւ ի գործ դրուող ջանքերուն լուրերով քնացած ու արթնցած լիբանանցիները, երէկ կէսօրուան ժամը 1:00-ին ստացան օրուան հիմնական լուրը, երբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի վարչապետարանին մէջ տուաւ մամլոյ ասուլիս մը եւ յայտարարեց հետեւեալը.
«Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանի ֆինանսաւորումին շրջագիծին մէջ Լիբանանի վերաբերող նիւթական պարտաւորութիւնը արդէն իսկ մուծեցի այդ ատեանին: Միջազգային դատական ատեանը ֆինանսաւորելու կարեւորութեան կառչած մնալուս հիմնական պատճառը` Լիբանանի նկատմամբ իմ նախանձախնդրութիւնս է եւ համոզումս, որ Լիբանանը իրաւունքի պետութիւնն է, որ հզօր է իր ժողովուրդով, բանակով եւ Դիմադրութեամբ: Այդ քայլը կատարուած է նաեւ հիմնուելով այն սկզբունքին վրայ, որ անհրաժեշտ է արդարութիւնը հաստատել ու չանտեսել նախկին վարչապետի մը ու անոր ընկերակիցներուն սպանութեան ճշմարտութեան բացայայտման ի խնդիր գործող ատեան մը:
«Այդ ֆինանսաւորումը ինծի համար անհրաժեշտ էր նաեւ այն իրականութեան համար, որ ես չեմ ցանկար ըլլալ վարչապետ մը, որ կը թերանայ երկրին միջազգային յանձնառութիւններուն նկատմամբ իր պատասխանատուութիւնները ստանձնելու աշխատանքին մէջ եւ այդպիսով կ՛օժանդակէ, որ Լիբանան դուրս գայ թէ՛ արաբական եւ թէ՛ միջազգային ընտանիքներէն, ինչպէս նաեւ կ՛արտօնէ, որ ներքին լիբանանեան կացութիւնն ու կայունութիւնը վատթարանայ:
«Միջազգային դատական ատեանը ֆինանսաւորելով այս կողմին յաղթանակը եւ այն կողմին պարտութիւնը, ինչպէս նաեւ որոշ կողմ մը Հարիրիի սպանութեամբ ամբաստանել չի նշանակեր, այլ` անիկա պարզապէս ազգային որոշում մըն է, որ Լիբանանի գոյութիւնն ու ապահովութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր ազգային միասնականութիւնն ու ապահովութիւնը կ՛երաշխաւորէ: Այս որոշումը ազգային որոշում մըն է, որ Լիբանանի դէմ նիւթուած սադրանքները իրենց օրօրոցին մէջ կը սպաննէ եւ երկրին կու տայ այլ առիթ մը` զայն հեռու պահելով շրջանին մէջ տիրող տագնապէն:
«Անհրաժեշտ է շեշտել նաեւ Միջազգային դատական ատեանին արդար եւ չէզոք գործունէութեան կարեւորութիւնը` հեռու քաղաքականացած որեւէ աշխատելաոճէ:
«Կոչ կ՛ուղղեմ նախարարներուն այս օրը կառավարութեան աշխատանքին մէջ նկատի ունենալու իբրեւ նոր սկիզբ մը, որուն հիման վրայ կարելի պիտի ըլլայ լուծել երկրին քաղաքական, տնտեսական, ապահովական, ապրուստի եւ ընկերային հարցերը` աւելի լաւ ծառայելու համար հայրենիքին եւ լիբանանցիներուն»:
Հետեւաբար կարելի եղաւ եզրակացնել, որ Միջազգային դատական ատեանը ֆինանսաւորուեցաւ, կառավարութիւնը չհրաժարեցաւ, իսկ կառավարութեան նիստը առկախուեցաւ` նկատի ունենալով, որ նախքան մամլոյ ասուլիսին կայացումը, վարչապետարանը հրապարակեց պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը` տեղեկացնելու համար նիստին յետաձգումը:
Անհրաժեշտ է նշել, սակայն, որ հրաժարելու մղձաւանջը կառավարութենէն հեռացնող այս ելքը կարելի եղաւ գտնել խորհրդարանի նախագահին կնքահայրութեամբ:
Իր ջանքերուն համար Պըրրի ողջոյնի հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ստացաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանէն եւ վարչապետ Միքաթիէն:
Միւս կողմէ, Այն Թինէի այցելուները Պըրրիի անունով յայտնեցին, որ ինչ որ որոշուած ու գործադրուած է` Լիբանանի շահերուն կը ծառայէ, «իսկ կառավարութիւնը պէտք է ուղղուի լուծելու հրատապ հարցերը», աւելցուցած է Պըրրի:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱԿԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Իբրեւ առաջին հակազդեցութիւն վարչապետ Միքաթիի յայտարարութեան` Միջազգային դատական ատեանը «Թուիթըր» համացանցային հաղորդակցութեան կայքին միջոցով ողջունեց Լիբանանի կողմէ Միջազգային դատական ատեանին նկատմամբ նիւթական իր պարտաւորութիւնը կատարելու քայլը` զայն նկատելով քաջալերելի երեւոյթ մը:
Մուսթաքպալ հոսանքին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւնը նշեց, որ ատեանին ֆինանսաւորումը ճիշդ ուղիին վրայ գտնուելու համազօր է, ինչպէս նաեւ Միջազգային դատական ատեանին օրինականութեան հանդէպ ճանաչում է: Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ սակայն, որ անհրաժեշտ է նաեւ, որ Հըզպալլա ստանձնէ իր պատասխանատուութիւնը եւ չորս ամբաստանեալները յանձնէ լիբանանեան իշխանութիւններուն:
Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը խստիւ դատապարտեցին կառավարութեան կողմէ Միջազգային դատական ատեանը ֆինանսաւորելու այս եղանակը, որ կառավարութեան որոշումներուն շրջագիծին մէջ չէ կատարուած:
Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ վարչապետ Միքաթիի հետ եւ շնորհաւորեց զայն` Միջազգային դատական ատեանը ֆինանսաւորելու առիթով:
Միւֆթի Քապպանի հաստատեց, որ այդ որոշումը կը ծառայէ արդարութեան, իրաւունքի պահպանման եւ ներքին կայունութեան ամրապնդման:
Մեծն Բրիտանիոյ կառավարութեան պաշտօնական բանբերը յայտնեց, որ Լոնտոն կ՛ողջունէ Միջազգային դատական ատեանի ֆինանսաւորման հարցին գծով վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կառավարութեան որոշումը: Ան նշեց, որ բրիտանական կառավարութիւնը կը շարունակէ զօրակցիլ կառավարութեան եւ Լիբանանի անկախութեան ու կայունութեան: