ԱԼԻԵՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Ազրպէյճանական «1նիուզ.ազ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ նախանցեալ օր ընդունած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները: Ան համանախագահներ Իկոր Փոփովի (Ռուսիա), Ռոպըրթ Պրատքէի (Միացեալ Նահանգներ) եւ Ֆրանսայի նախկին ու նոր նշանակուած համանախագահներ Պեռնար Ֆասիէի ու Ժաք Ֆորի, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքի հետ քննարկած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթի ներկայ իրավիճակը:

Անոնք նաեւ մտքեր փոխանակած են տագնապի լուծման բանակցութիւններու հեռանկարներուն վերաբերեալ:

Միւս կողմէ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները նախանցեալ օր Պաքուի մէջ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Սաֆար Ապիեւի հետ քննարկած են իրավիճակը հայկական եւ ազրպէյճանական զօրքերու շփման գիծին վրայ:

Միջնորդները իրենց կարծիքը յայտնած են ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթի վիճակին եւ հեռանկարներուն, ինչպէս նաեւ ճակատային գիծին վրայ իրավիճակին մասին:

Ազրպէյճանական «1news.az» համացանցային պարբերականին վկայութեամբ, համանախագահները Պաքուի մէջ հանդիպում ունեցած են նաեւ «Լեռնային Ղարաբաղի ազրպէյճանական համայնք» կազմակերպութեան ղեկավարութեան հետ:

 

Share this Article
CATEGORIES