«ՅՈՅՍՈՎ ԵՆՔ, ՈՐ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՏԱԳՆԱՊԻ ԼՈՒԾՄԱՆ ՀԱՐՑԻՆ ՄԷՋ ՅԱՋՈՐԴ ՏԱՐԻ ՅԱՌԱՋԸՆԹԱՑ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԻ» Կ՛ԸՍԷ ՌՈՒՊԻՆ

Էրիք Ռուպին

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով փոխտեղակալ Էրիք Ռուպին Ուաշինկթընի մէջ կայացած «Հարաւային Կովկասը անկախութիւն ձեռք բերելէն 20 տարի ետք» խորագիրով խորհրդաժողովի ընթացքին յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգները յոյս ունին, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը ամէնէն մօտ ժամանակաշրջանին լուծուի:

«Մենք մեր կարելիութիւններու սահմանին մէջ կ՛աջակցինք Մինսքի խմբակին եւ յոյս ունինք, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին շուրջ բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթաց արձանագրուի», ըսած է Ռուպին:

Ազրպէյճանական «1նիուզ.ազ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ռուպին նշած է, որ տակաւին հիմնարար սկզբունքներու համաձայնեցման շուրջ աշխատանքները կը շարունակուին: «Կը հաւատանք, որ երկու կողմերն ալ այդ հարցին մէջ ջանքեր կը գործադրեն: Յոյս ունինք, որ յաջորդ տարի յառաջընթաց արձանագրուի», նշած է ան:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալը աւելցուցած է, որ երկար տարիներէ ի վեր շարունակուող բանակցութիւններուն մէջ որեւէ յառաջխաղացքի բացակայութիւնը, այսուհանդերձ, պէտք է իբրեւ «անյաջողութիւն» որակել: «Միեւնոյն ժամանակ կը կարծենք, որ կարեւոր է ընդգծել միջազգային ջանքերը, Մինսքի խմբակի գործունէութիւնը, Ռուսիոյ, Ֆրանսայի եւ միւս երկիրներու ջանքերը: Մենք Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին օգնած ենք բաց բախումէ խուսափելու», ըսած է ան:

Ռուպին անդրադարձած է նաեւ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին եւ նշած, որ Միացեալ Նահանգներ տակաւին յոյս ունին, որ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները կարգաւորուին: «Սակայն Թուրքիոյ մէջ աւարտած եւ Հայաստանի մէջ սպասուող ընտրութիւնները, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը այդ հոլովոյթին մէջ շարք մը խնդիրներ կը ստեղծեն», նշած է Ռուպին:

 

Share this Article
CATEGORIES