ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ՍԱՏԱՐԵԼՈՒ ՄԱՆԿԱԿԱՆ «ԵՒՐԱՏԵՍԻԼ»-Ի ՄԱՍՆԱԿԻՑԻՆ

Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան երէկ կոչ ուղղեց սատարելու Մանկական «Եւրատեսիլի»- հայ մասնակիցին:

Ան նշեց, որ պահն է հերթական համախմբման, միասնականութեան եւ յաղթանակի: Ան սիրով, յոյսով եւ հաւատքով դիմեց բոլոր անոնց, որոնք անկախ իրենց բնակութեան վայրէն, կ՛ապրին հայով ու Հայաստանով եւ կը ցանկան, որ Եռագոյնը ծածանի երկնակամարին վրայ` իբրեւ հաւաքական մենքի հերթական նուաճում:

Ըստ անոր, «Եւրատեսիլ» երգի փառատօնը այն մշակութային տօներէն մէկն է, որ իւրաքանչիւր անձ կը տոգորէ խինդով եւ ուրախութեամբ, յուզմունքով եւ սպասման տագնապով, իսկ երբ խօսքը «Մանկական Եւրատեսիլ»-ին կը վերաբերի, որեւէ զգացում կը բազմապատկուի: Ան յայտնեց, որ հասուն տաղանդին կը միախառնուին մանուկի անմեղութիւնը, ժպիտն ու խանդավառութիւնը, հոգեցունց պահերով եւ ուրախութեամբ կը լեցնեն մեր հոգիները:

Հրանուշ Յակոբեան համոզում յայտնեց, որ այս տարի հայերը աւելի գործուն մասնակցութիւն պիտի ունենան, պիտի յաջողին գօտեպնդել, ոգեւորել մեր մասնակիցը, որ մայր հողի վրայ գտնուելով` աւելի համարձակ, ինքնավստահ կը զգայ:  «Բացի անկէ, անոր պէտք է զօրակցինք մեր ներկայութեամբ, մեր հաւատքով, մեր աղօթքով, բարոյական կորովով ու ջերմութեամբ: Անգամ մը եւս ընդգծենք մերօրեայ հոգեւոր-մշակութային մրցումներուն մէջ մեր միասնականութեամբ յաղթելու կարեւորութիւնը», ընդգծեց սփիւռքի նախարարը:

Հրանուշ Յակոբեան յայտնեց, որ իր կոչը ուղղուած է ոչ միայն սփիւռքի մէջ ապրող հայրենակիցներուն, որոնք աշխուժութեամբ կը քուէարկեն Տալիթայի օգտին, այլեւ օտարազգիներուն, որոնց կը հետաքրքրէ հայուն ու Հայաստանին յաղթանակը:

«Յաջողութիւն քեզի, սիրելի՛ Տալիթա, թող միայն յաղթանակը ուղեկից ըլլայ քեզի: Անով դուն աւելի կը զօրացնես աշխարհասփիւռ հայ պատանիներուն եւ աղջիկներուն հայ ըլլալու զգացողութիւնը եւ հպարտութիւնը, մեր հաւաքական արարման ոգին: Քու թիկունքիդ կանգնած է հայրենիքի եւ սփիւռքի հայութեան` քեզի սատարող հզօր բանակ մը եւ քեզի հետ է համայն հայութեան սէրն ու աջակցութիւնը: Զօրաւոր եղի՛ր, զօրացի՛ր յաղթանակով եւ զօրացո՛ւր մեզ, սիրելի՛ դուստր», ըսաւ Հրանուշ Յակոբեան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES