ՀՅԴ ԱՐՑԱԽԻ ԿԱՌՈՅՑԸ Կ՛ԸՆՏՐԷ ԻՐ ՆՈՐ ՂԵԿԱՎԱՐ ԿԱԶՄԸ

25 նոյեմբերին ՀՅԴ Արցախի «Նիկոլ Դուման» կեդրոնին մէջ կայացաւ ՀՅԴ Արցախի կազմակերպութեան հերթական Շրջանային ժողովը, որուն ներկայ էին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Գէորգի Պետրոսեան, շրջաններու կոմիտէներու ներկայացուցիչներ, պատգամաւորներ եւ հրաւիրեալներ:

Նշենք, որ իւրաքանչիւր Շրջանային ժողով կը նկատուի ՀՅԴ Արցախի կառոյցի բարձրագոյն ժողովը եւ կը գումարուի երկու տարին մէկ անգամ. ընթացքին կ՛ընդունուին յստակ բանաձեւեր եւ որոշումներ, ըստ որոնց կ՛առաջնորդուի ՀՅԴ Արցախի կառոյցը յառաջիկայ երկամեակին:

ՀՅԴ Արցախի կազմակերպութեան հերթական Շրջանային ժողովը, 26 նոյեմբերին աւարտելով իր աշխատանքները` ընտրած է ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի նոր կազմը բաղկացած եօթը ընկերներէ` Դաւիթ Իշխանեան, Ժիրայր Շահիջանեան, Ալիոշա Գաբրիէլեան, Լեւոն Հայրիեան, Լեռնիկ Յովհաննիսեան, Արթուր Խաչատրեան եւ Արա Յովհաննիսեան:

ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ վերընտրուած է Դաւիթ Իշխանեան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES