ԹԻՖԼԻՍԻ ՄԷՋ «ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊԸ ԱՄԲՈՂՋ ԿՈՎԿԱՍԻՆ ՑԱՒՆ Է» Կ՛ԸՍԷ ՄԻԽԱՅԻԼ ՍԱՀԱԿԱՇՎԻԼԻ

Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլի երէկ յայտարարեց, որ հայ – ազրպէյճանական տագնապը ամբողջ Կովկասի ցաւն է:

Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցած հայ – վրացական գործարար համաժողովին ընթացքին, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, Սահակաշվիլի յայտնեց, որ այսօրուան դրութեամբ ամէնէն ցաւոտ տագնապը իրենց համար այն տագնապն է, որ գոյութիւն ունի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ: Ըստ անոր, ատիկա Կովկասի, ինչպէս նաեւ Վրաստանի ցաւն է:

«Կրուզիա օնլայն» համացանցային պարբերականը կը հաղորդէ, որ Վրաստանի նախագահը համոզուած է, որ Կովկասը պէտք է համարկուի, քանի որ ատիկա շրջանի զարգացման միակ ճամբան է:

«Ես կը կարծեմ, որ Կովկասի տնտեսութիւնները ապագային պէտք է համարկուին»,  յայտարարեց Սահակաշվիլի:

Պաշտօնական այցելութեամբ Վրաստան գտնուող նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ այցելեց Թիֆլիսի հայկական Ս. Էջմիածին եկեղեցին, որմէ ետք ան եկեղեցւոյ բակին մէջ մասնակցեցաւ հայ մեծ բարերար Ալեքսանտր Մանթաշովի կիսանդրիի բացման արարողութեան:

Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ Թիֆլիսի մէջ նախագահը հանդիպում ունեցաւ նաեւ Վրաստանի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ եւ պատասխանեց զանոնք հետաքրքրող հարցերուն, որոնք առաւելաբար կը վերաբերէին Վրաստանի մէջ հայ համայնքի հոգեւոր, մշակութային, կրթական կեանքի կազմակերպման ու զարգացման, հայրենիքի հետ վիրահայ համայնքի կապերու սերտացման եւ երկու երկիրներուն միջեւ սահմանային անցակէտերու գործունէութեան բարելաւման եւ այլ խնդիրներու:

Պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ նախագահ Սերժ Սարգսեան Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլիի հետ երէկ մասնակցեցաւ հայ-վրացական գործարար համաժողովի բացումին: Նախագահ Սերժ Սարգսեան ողջունեց համաժողովի մասնակիցները, կարեւոր նկատեց երկու պետութիւններու գործարար համայնքներու ներկայացուցիչներուն հանդիպումը եւ աշխուժ համագործակցութիւնը` հայ-վրացական յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ երկու պետութիւններու զարգացման տեսանկիւնէն:

Նշելով, որ հաճելի է տեսնել վերջին քանի մը տարիներուն դրացի Վրաստանի արձանագրած յաջողութիւնները, Հայաստանի նախագահը ընդգծեց, որ երկու երկիրներու տնտեսութիւնները որոշ չափով  իրարու կը նմանին,  ներառեալ` բնական աղբիւրներու սակաւութեամբ, ինչ որ կ՛ենթադրէ, որ պէտք է յաջողութիւններու հասնիլ շնորհիւ լաւ կառավարման եւ մարդկային ներուժի:

Սերժ Սարգսեան անդրադարձաւ Հայաստանի տնտեսութեան մէջ կատարուող ներդրումներուն, տնտեսութեան առաջնահերթ ուղղութիւններուն, համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամի հետեւանքներու յաղթահարման ընթացքին երկրին տնտեսութեան որոշ մարզերուն մէջ արձանագրուած դրական ցուցանիշերուն եւ տակաւին առկայ խնդիրներուն:

«Ես հպարտ եմ, որ տեղեկատուական եւ բարձր արհեստագիտութեան մարզը Հայաստանի մէջ շատ արագ կը զարգանայ, եւ այս տարի մենք 25 տոկոսի աճ կ՛ակնկալենք այս մարզին մէջ: Այն փաստը, որ այսօր համաշխարհային յառաջատար ընկերութիւնները այդ հանգամանքին ուշադրութիւն կը դարձնեն եւ Հայաստանի մէջ ներդրումներ կը կատարեն, մեզի կ՛ուրախացնէ եւ մեծ յոյս կը ներշնչէ», ըսաւ նախագահ Սերժ Սարգսեան:

Ըստ անոր, եթէ ժողովուրդներու, հասարակ քաղաքացիներու միջեւ չկան լաւ յարաբերութիւններ, ապա տնտեսական յարաբերութիւնները պարզապէս չեն կրնար լաւ զարգանալ: Բոլոր մակարդակներուն վրայ աշխուժ յարաբերութիւնները օգտակար նկատելով` Սերժ Սարգսեան յոյս յայտնեց, որ ընդլայնին փոխադարձ ներդրումները երկու երկիրներուն մէջ:

Աւարտելով պաշտօնական այցելութիւնը Վրաստան` նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը վերադարձաւ Երեւան:

 

Share this Article
CATEGORIES