Ի՞ՆՉ Է ՄԻՋԻՆՔԸ

Մեծ պահքի կէսը կամ 24-րդ օրը կը կոչուի Միջինք: Միջինքի առթիւ եկեղեցիին մէջ տեղի կ՛ունենայ առաւօտեան արեւագալի արարողութիւնը, իսկ երեկոյեան` եկեսցէ: Եկեղեցական կանոնի համաձայն, Միջինքին կը սկսի ստեղի շարականի երգեցողութիւնը:

Միջինքը հաւանաբար հաստատուած է յիշեցնելու համար, թէ Մեծ պահքը հասած է իր կէսին:

ՍՈՎՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ժամանակին գոյութիւն ունեցած են Միջինքի յատուկ սովորութիւններ, որոնցմէ ցարդ մնացած է իրանահայութեան «Միջինքի կարկանդակ»ը:

Միջինքի ժողովրդային սովորութիւնները, որոնք մեծ մասամբ կ՛առնչուին Քառասուն Մանկանց եւ Ս. Գր. Լուսաւորիչի տօներուն, կ՛ամփոփուին բաղարջ պատրաստելու, բախտ փորձելու, լիճք պատրաստելու եւ բացօթեայ պտոյտի մէջ:

Դարալագեազի, Վաղարշապատի, Հին Ջուղայի, Շիրակի, Բասէնի, Արարատեան նահանգի մէջ կային հետաքրքրական սովորութիւններ:

Մեծ պահքի 23-րդ օրը եկեղեցիին մէջ կը շինուէր լիճք, կոնքի (տաշտ) մը մէջ կը լեցնէին ջուր ու ձէթ եւ եղէգէ խաչի մէջ պատրոյգը լիճքին մէջ կը վառէին մինչեւ լուսաբաց: Առաւօտեան լիճքի ջուրը կը բաժնէին եւ կը խառնէին բաղարջի խմորին հետ: Այդ բաղարջը կը կոչուէր միջունք, միջնաբաղջ, կլոճ:

Բախտ փորձելու համար բաղարջին մէջ կը դրուէր ուլունք կամ դրամ: Բաղարջը տան երէցը կը բաժնէր տան բոլոր անդամներուն: Ուլունքը կամ դրամը որու բաժինէն դուրս գար, տարուան առատութիւնը անոր գլխուն կ՛ըլլար: Իսկ եթէ ուլունքը կամ դրամը դանակին բերանը գար, այն ժամանակ բախտը ամբողջ տան վրայ կը տարածուէր, իրենց ապրուստը պէտք է սպասէին հողէն:

Բասէնի եւ Արարատեան նահանգի մէջ լիճքի ջուրին մէջ կը վառէին քառասուն պատրոյգ (լիճքին ջուրը չէին բաժներ): Երիտասարդ աղջիկներ եւ տղաք կը հաւաքուէին բարեկամի մը տունը, իւրաքանչիւրը կը ժողվէր 40 մանր քարեր` ի յիշատակ քառասուն մանկանց` եւ մէկ քարի վրայ քառասուն անգամ ծունր կը կրկնէին` ուրեմն` 1600 ծունր, որպէսզի Քառասուն Մանկանց աղօթքը իրենց վրայ ըլլայ:

Դարալագեազի մէջ սովորութիւն էր, որ Միջինքէն ետք եկող Գր. Լուսաւորիչի օրը (Մուտն ի Վիրապ) նորահարսին կեսուրը հրաւիրէր իր տան բարեկամ կիները, հարսին մայրն ու անոր բարեկամ կիները եւ զանազան ուտեստեղէն պատրաստելով` երթային կանաչազարդ դաշտերը զբօսնելու: Այս զբօսանքին անունը գեաշտ էր:

Կարգ մը շրջաններու մէջ կը թխուէր կուտապը: Կուտապը պատրաստելու համար ալիւրը կը շաղեն ձէթով, խմորի գունդերը գրտնակով կը տափակցնեն եւ իւրաքանչիւր գունդի մէջ կը դնեն խաշած լուբիա, բակլայ, սոխ կամ այլ բանջարեղէն, ապա զայն կը ծալեն բոլորակաձեւ կամ ձուաձեւ եւ կը թխեն թոնիրի մէջ: Երբ կուտապը պատրաստ ըլլայ, հարսերն ու աղջիկները իրենց բաժինները կ՛առնեն եւ իրենց հարեւան ընկերուհիներուն հետ կ՛երթան կանաչապատ եւ յարմար տեղ մը: Այդ օր ոչ մէկ հասակաւոր կին, կեսուր կամ երիտասարդ կ՛ընկերանայ անոնց: Այդ օրը ազատ կ՛ըլլան հարսերն ու աղջիկները: Իրենց ընկերուհիներուն կը պատմեն իրենց ցաւերը կամ նոր կեանքի լաւ ու վատ կողմերը: Ապա շուրջպար կը բռնեն: Իսկ վերջաւորութեան կ՛ուտեն իրենց կուտապը:

————————————————-

ՍՆՆԴԱԳԻՏԱԿԱՆ-ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ

ԳԻՏԷ՞Ք, ԹԷ…

Սխտոր

– Լորամիրգի (cranberry) հիւթը միզամանի բորբոքումները կը բուժէ:

 

– Ոստրէն, որ չափազանց հարուստ է զինկով յիշողութիւնը կը զօրացնէ եւ կը մեղմացնէ սթրեսը:

– Ձուկը եւ յատկապէս ձկան իւղը կը բուժեն գլխացաւը: Նոյն յատկութիւնը ունի նաեւ կոճապղպեղը:

Կաղամբ

– Թէյը կը կանխարգիլէ կաթուածը: Իսկ կանաչ թէյը յանձնարարելի է մարմնի դիմադրականութեան համակարգին համար:

– Մեղրը կը նպաստէ քունին, նոյնպէս ալ` հազարը:

– Անանասը, որ հարուստ է մակնեզիոմով, կը կանխարգիլէ ոսկրափտումն ու ոսկորի կտրուածքները:

– Պանանը կը դարմանէ ստամոքսի խանգարումները:

– Սոխը կը թեթեւցնէ ազմային տագնապները:

Խնձոր

– Սխտորը կը զօրացնէ մարմնին դիմադրականութիւնը:

– Պրոքոլին կը կանոնաւորէ արեան շաքարի անհաւասարակշռութիւնը:

– Կաղամբը կը կանխարգիլէ քաղցկեղի շատ մը տեսակներ:

– Խնձորը եւ պանանը փորհարութիւնը կը դարմանեն:

– Քիուին կը պաշտպանէ ձմեռնային հիւանդութիւններէն` շնորհիւ իր պարունակած Սէ. կենսանիւթի բարձր տոկոսին:

Ելակ

– Ելակը, որ բարձր տոկոսով անդնօքսնտանդներ կը պարունակէ մարմինը, կը պաշտպանէ քաղցկեղէ եւ սրտանօթային հիւանդութիւններէ:

 

————————————————-

ԳԵՂԵՑԻԿ ԵՒ ԱՌՈՂՋ ՄԱԶԵՐ ՈՒՆԵՆԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

 

ՄԱԶԵՐՈՒՆ ԳՈՅՆԸ ԱՇԽՈՒԺԱՑՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ…

Յատկապէս ներկուած մազերու պարագային, արեւը, աւազաններուն քլորով խառնուած ջուրը եւ յաճախակի շամփուէնները կը գունաթափեն զանոնք, ահա թէ ինչու թելադրելի է քիչ մը քացախ աւելցնել ջուրին մէջ եւ այդ ջուրով ցօղուել մազերը:

ՄԱԶԵՐԸ ՍՆՈՒՑԱՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ...

Ծեփուկ մը պատրաստեցէք` հասուն պանան մը կամ աւոքատօ մը ճզմելով, ապա ալիւմինիոմ թերթով մը պաշտպանեցէք մազերը, սպասեցէք 10 վայրկեան, ապա ցօղուեցէք գաղջ ջուրով:

ԲՆԱԿԱՆ ՁԵՒՈՎ ՄԱԶԵՐՈՒՆ ԳՈՅՆԸ ԲԱՆԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ…

Թաց մազերուն վրայ կիտրոնի հիւթ աւելցնել եւ լաւապէս մարձել, ապա ձգել, որ արեւին տակ մազերը չորնան:

ՈՐՊԷՍԶԻ ՄԱԶԵՐԸ ՍԵՇՈՒԱՐԷՆ ՉԱՅՐԻՆ…

Նախքան մազերը չորցնելը` թելադրելի է զանոնք լաւապէս ցամքեցնել անձեռոցով մը եւ յետոյ միայն սեշուարին դիմել: Այսպիսով, մազերը նուազ կը վնասուին:

————————————————-

ԳԵՂԵՑԻԿ ՓՈՒՆՋԵՐ ԿԱԶՄԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԳՆԵԼ

Ծաղկավաճառէն ծաղիկ գնելու ատեն պէտք է ուշադիր ըլլանք անոնց ցօղուններուն, անոնց բաժակին եւ թերթիկներուն թարմութեան:

Ծաղիկները վերջին վայրկեանին գնել, եթէ ուղղակի տուն պիտի չվերադառնանք, ի հարկին կարելի է զանոնք փաթթել խոնաւ թերթի մը մէջ, յատկապէս` տաք օրերուն:

ԾԱՂԿԱՄԱՆԻ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ

Տուն բերելէ ետք ծաղիկները ձերբազատել իրենց կապէն, ցօղուններուն ծայրամասերը մկրատով կամ դանակով շեղակի կտրել, թեթեւցնել աւելորդ խոտերը եւ ապա ծաղիկներուն հասակներուն համապատասխան ծաղկաման մը ընտրել եւ զանոնք մէջը տեղաւորել, նախընտրաբար` սենեակի ջերմաստիճանով ջուրի մէջ:

Չափի իմաստով ալ ծաղկամանին ընտրութիւնը կարեւոր է: Պէտք չէ, որ ծաղիկները ծաղկամանին մէջ թխմուին:

ԾԱՂԿԱՄԱՆԻՆ ՋՈՒՐԸ

Որպէսզի ծաղկամանին ջուրը գէշ չհոտի, նախքան ծաղիկները մէջը զետեղելը` ցօղունները ձերբազատեցէք իրենց տերեւներէն, միայն այն բաժինը, որ ջուրին մէջ մխրճուած է:

Դարձեալ ծաղկամանին ջուրը մաքուր պահելու նպատակով, թելադրելի է, որ անոր մէջ քանի մը կաթիլ օ տը ժաւել աւելցնել:

ՈՐՊԷՍԶԻ ԵՐԿԱՐ ԱՊՐԻՆ

Որպէսզի ծաղիկներուն կեանքը առաւելագոյն չափով երկարի, անոր ջուրին աւելցնել ասփիրինի դեղահատ մը, կամ թէյի դգալ մը փոշի շաքար` միջակ չափի ծաղկամանի մը պարագային:

————————————————-

ԽՈՀԱԳԻՐ

ԳԵՏՆԱԽՆՁՈՐՈՎ ՏԱՊԿՈՒԱԾ ԿՈԼՈԼԱԿ

1 քիլօ գետնախնձոր` խաշած ու ճզմուած

ԽՄՈՐԻ ԲԱՂԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

– 3 գաւաթ մանր ձաւար
– 1 գաւաթ ալիւր
– 1 գաւաթ ֆըրխա
– Կէս գաւաթ ձէթ
– Սեւ փոշի պղպեղ
– Պղպեղի խիւս
– Աղ

ՄԻՋՈՒԿԻ ԲԱՂԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

– Կէս գաւաթ ձէթ
– 4 միջակ սոխ` մանրուած
– 1 մեծ դգալ լոլիկի եւ պղպեղի խիւս
– Կէս պզտիկ դգալ քիմիոն
– Կէս պզտիկ դգալ անուշ համեմ
– Կէս պզտիկ դգալ սեւ փոշի պղպեղ
– Պտղունց մը կասիա
– Աղ
– Ձէթ` տապկելու համար

1.- Ճզմուած գետնախնձորին կէսը պահել միջուկին համար, իսկ մնացեալը գործածել խմորին համար:
2.- Միջուկը պատրաստելու համար տապակին մէջ լեցնել ձէթը եւ աւելցնել սոխը: Եփել, մինչեւ որ սոխը կակուղնայ:
3.- Աւելցնել ճզմուած մնացեալ գետնախնձորը, աղը, համեմները եւ լոլիկի ու պղպեղի խիւսը:
4.- Կրակէն վար առնել եւ ձգել, որ պաղի:
5.- Խմորը պատրաստելու համար ափսէին մէջ դնել ձաւարը, ալիւրը, ֆըրխան, աղը, թրջել եւ շաղել: Աւելցնել ճզմուած գետնախնձորին կէսը, աղը, համեմները, ձէթը եւ շաղել:
6.- Ջուր օգտագործել կակուղցնելու համար շաղուած կոլոլակը եւ թրջելու համար ձեռքերը:
7.- Խմորէն գունդ մը առնել եւ ձուաձեւ տեսք մը տալ կոլոլակի խմորի գունդերու եւ իւրաքանչիւրին մէջ լեցնել միջուկէն մաս մը: Գոցել կոլոլակը եւ տապկել առատ ձէթի մէջ:

————————————————-

ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆԸ

ԳԱՐՈՒՆ

 

Ո՛հ, ի՜նչ անուշ եւ ինչպէս զով
Առաւօտուց փչես, հովի՛կ,
Ծաղկանց վրայ գուրգուրալով
Եւ մազերուն կուսին փափկիկ,
Բայց չես, հովի՛կ, իմ հայրենեաց,
Գնա՛, անցի՛ր սրտէս ի բաց:

Ո՛հ, ի՜նչ աղու եւ սրտագին
Ծառոց մէջէն երգես, թռչնի՛կ,
Սիրոյ ժամերն ի յանտառին
Զմայլեցան ի քո ձայնիկ.
Բայց չես, թռչնի՛կ, իմ հայրենեաց,
Գնա՛, երգէ՛ սրտէս ի բաց:

Ո՛հ, ի՜նչ մրմունջ հանես, վտա՛կ,
Ականակիտ ու հարդարտիկ,
Քու հայելւոյդ մէջ անապակ
Նայինք զիրենք վարդն ու աղջիկ.
Բայց չես, վտա՛կ, իմ հայրենեաց,
Գնա՛, հոսէ՛ սրտէս ի բաց:

Թէպէտ թռչնիկն ու հովն հայոց
Աւերակաց շրջին վրայ
Թէեւ պղտոր վտակն հայոց
Նոճիներու մէջ կը սողայ,
Նոքա հառաչք են հայրենեաց,
Նոքա չերթան սրտէս ի բաց:

ՄԿՐՏԻՉ ՊԵՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ

Կնոջական էջը պատրաստեց՝
ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES