«ԻՄ ԿԵԱՆՔԻ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆՍ ԿԸ ՊԱՐՏԻՄ ՀՄԸՄ-ԻՆ» Կ՛ԸՍԷ ՅՈՎՍԷՓ (ՅՈՎՍԷՓԻԿ) ՄՈՒՄՋՕՂԼԵԱՆ

ՀՄԸՄ-ի խումբին հետ Յովսէփ նստած աջէն երկրորդը

ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի նախկին մարզիկներէն Յովսէփ (Յովսէփիկ) Մումջօղլեան շուրջ երեսուն տարիներէ ի վեր բնակութիւն հաստատած է Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիոյ Փասատենա շրջանին մէջ:

Վերջերս եղբայր Յովսէփ Մումջօղլեանի Լիբանան այցելութենէն օգտուելով` ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան քարոզչական յանձնախումբը, անոր հետ ունեցաւ շահեկան հարցազրոյց մը, որ հարազատօրէն կը ներկայացնենք այս էջով.

«ՀՄԸՄ-ի մէջ ապրած եմ իմ ամբողջ կեանքս` մանկութենէն մինչեւ օրս, եւ ՀՄԸՄ-ը ինծի տուած է կեանքիս ամէնէն լաւ օրերը», կ՛ըսէ եղբայր Մումջօղլեան:

Ան կ՛ըսէ, թէ երբ կը խաղար ՀՄԸՄ-ի շապիկով, համոզուած էր, որ նախ հայ է, եւ իրեն համար ֆութպոլը իրեն եւ իր խմբակիցներուն համար աւելի վսեմ նպատակ ունէր, եւ այդ ոգիով կը խաղային ինք եւ իր ընկերները:

«Այդ օրերուն ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն խանդավառութիւնը արդէն իսկ մեծ յաղթանակ էր մեզի համար», կ՛ըսէ Յ. Մումջօղլեան:

Համակիրները մրցումներու ընթացքին կը քաջալերէին մեզ. երբ կ՛երգէին ազգային, յեղափոխական երգեր, մենք ուժ ու կորով ստանալով` կը խաղայինք ամբողջ սրտով:

Օր մը, կը պատմէ եղբայր Յովսէփ, «Սաֆա»-ի դէմ մրցումի մը ընթացքին, երբ դաշտին կէսէն գնդակը առած` դէպի բերդ կը սուրայի, միակ բանը, որ կը յիշեմ, հազարաւոր համակիրները ոտքի կանգնած` միաձայն «կո՜լ» կը պոռային` նախքան կոլը նշանակելը:

Յովսէփիկ կը նշանակէ «Թատամոն»ի բերդէն ներս

«Իմ ամէնէն յիշատակելի նշանակած կոլս եղած է 1973-ին, երբ Հայաստանի «Արարատ» խումբին դէմ կը խաղայինք ՀՄԸՄ-ՀՄՄ միացեալ խումբով (Արարատը օրին Խորհրդային Միութեան ախոյեանն էր եւ բաժակակիրը): Բոլոր յետսապահները անցնելով անցայ նաեւ բերդապահ Աբրահամեանը, բերդը առջեւս պարապ էր, ուրախութիւնս իր գագաթնակէտին հասած էր, որովհետեւ կոլ պիտի նշանակէի նախապէս աներեւակայելի նկատուած «Արարատ» խումբին դէմ:

 

«Տատամսումս հազիւ երկվայրկեան մը տեւեց ու գնդակը հարուածեցի դէպի բերդ` նշանակելով ՀՄԸՄ-ՀՄՄ միացեալ խումբին կոլը:

Դաշտը գտնուող 80000 (ութսուն հազար) ներկաները վայրկեան մը լուռ մնացին: Այդ վայրկեանը բնաւ չեմ մոռնար», կ՛ըսէ եղբայրը:

ՀամաՀՄԸՄ-ական ֆութպոլի մրցաշարք մը կար, եւ մենք կը խաղայինք ՀՄԸՄ Լոս Անճելըս խումբին դէմ: Ես դաշտ ներկայացած չէի, այլ նստած էի իբրեւ պահեստի մարզիկ: Մինչեւ մրցումի աւարտին տասը վայրկեան մնացած`  արդիւնքը 0 – 0 հաւասար էր: ՀՄԸՄ-ի համակիրները կը պոռային, որպէսզի ես դաշտ իջնեմ, այդպէս ալ եղաւ խաղին, վերջին 10 վայրկեաններն էին, եւ ես նշանակեցի յաղթանակի կոլը: Հոս կ՛ուզեմ ըսել, թէ ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն շատ բան կը պարտիմ, իրենք զիս լաւ խաղացող ըրին իրենց  քաջալերանքներով:

Եղբայր Յովսէփ խաղցած է ՀՄԸՄ-ի երկրորդական եւ ներկայացուցչական խումբերուն մէջ, ինչպէս նաեւ բազմիցս կրած է Լիբանանի ազգային խումբին շապիկը:

«1973 տարին իմ փայլուն տարիներէս մէկը եղած է», կ՛ըսէ ան:

«Անսար»ի բերդապահ Շպարօ անկիւնային հարուածի (քոռնըր) կը վերածէ Յովսէփիկի հարուածած գնդակը

«Դարձեալ յիշատակելի օրերէս մէկը»,- կը պատմէ եղբայր Յովսէփ, երբ Լիբանանի ազգային խումբով կը մասնակցէինք Ասիոյ մրցաշարքին, Թեհրանի մէջ, եւ ես նշանակեցի գրեթէ բոլոր կոլերը», հպարտութեամբ կ՛ըսէ ան:

 

«1973-ին արաբական միջդպրոցական խաղերը տեղի ունեցան Լիբանանի մէջ, յիշատակելի է, որ օրին ՀՄԸՄ-էն 6 մարզիկներ կը ներկայացնէինք Լիբանանի դպրոցի ազգային հաւաքականը:

Սուտանի դէմ մրցումին Յակոբիկ Գալֆայեանին հետ կերտեցինք Լիբանանի յաղթանակը, այդ մրցումին Յակոբիկ նշանակեց երկու կոլ, ես նաեւ նշանակեցի 2 կոլ, մրցումը աւարտեցաւ 5 – 3 արդիւնքով: Փաստեցինք, որ երկուքով մեծ արդիւնքներ կրնայինք տալ: Այդ մրցումին մասին արաբական բոլոր թերթերը անդրադարձան յաջորդ օր. անոնք մասնաւորաբար գրած էին, որ Յովսէփ Մումջօղլեան «մոթոր»ի նման խաղցող մըն էր:

Այդ օրերուն որեւէ յետսապահ նկատի չէի ունենար, զիս լաւ տպաւորած է տեղացի մարզիկներէն Նըժմէ խումբի յետսապահ, բարձրահասակ խաղցող Իպրահիմ Ըլէյքը, լաւ կը յիշեմ, որ ես մանրակազմ ըլլալով, օր մըն ալ իր ոտքերուն տակէն անցայ գնդակով:

«Ֆութպոլի բոլոր խումբերն ալ լաւ բերդապահներ ունէին, սակայն լաւագոյններն էին Անսարի բերդապահ Շպարօ, ինչպէս նաեւ` Նըժմէ խումբին բերդապահ Զէյն Հաշեմը:

«ՀՄԸՄ-ի խումբին մէջ ինծի մեծ եղբայր եղած է Զաւիկ Գալֆայեանը, որ միշտ քաջալերած է զիս:

«Մեծ տպաւորութիւն ձգած է վրաս իմ կարծիքովս բոլոր ժամանակներու ՀՄԸՄ-ի լաւագոյն մարզիկ` Մեծ Աբոն (եղբայր Աբօ Գասապեան), որ օգտակար հանդիսացած է ինծի եւ իմ խմբակիցներուս` իր քաջալերանքներով եւ յորդորներով:

«Մեծ դեր ունեցած է նաեւ Ուստա Լեւոնը (եղբայր Լեւոն Ալթունեան) եւ այս երկուքին` Լեւոնին ու Աբոյին դերը մեծ եղած է թէ՛ ՀՄԸՄ-ի, թէ՛ Լիբանանի ֆութպոլի ընտանիքին մէջ, եւ այդ օրերուն մեզի պէս երիտասարդ ու նորահաս մարզիկներուն անոնք տուած են ուժ եւ ոգի` թէ՛ որպէս ՀՄԸՄ-ականի եւ թէ՛ որպէս մարզիկի:

Յովսէփ Մումջօղլեան Լիբանանի Ազգային խումբի շապիկով նստած աջէն երրորդը իր ձախին Սագօ Նէնէճեան. աջին` Վազգէն Գալայճեան

«Կ՛ուզեմ շեշտել հպարտօրէն, թէ կեանքիս կարգն ու կանոնը, որ ունեցած եմ, ինչպէս նաեւ յաջողութիւններս կեանքիս մէջ` կը պարտիմ ՀՄԸՄ-ին:

 

«Թաղային առումով, սկիզբը մաս կազմած եմ «Մշակ» անունով խումբի մը, որ հիմնեցինք ընկերներով ու տարիներով մաս կազմեցի այդ խումբին:

Այդ խումբը եղաւ ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի ֆութպոլի առաջին խումբը:

«ՀՄԸՄ-ի մարզիչ եղբայր Ժոզեֆ Նալպանտեան յաճախ ինծի կը վստահէր «ճոքեր»ի դերը, որն էր` դիմացի խումբին ամէնէն լաւ մարզիկը հսկել ու անշարժացնել:

«Ամերիկա երթալէս ետք, սկիզբի շրջանին մաս կազմեցի ՀՄԸՄ-ի խումբերուն, շրջան մըն ալ ՀՄԸՄ-ի Փասատենայի խումբի մէջ էի` թէ՛ որպէս մարզիկ եւ թէ՛ որպէս մարզիչ:

«Այժմ, երբ ես զբաղած եմ իմ անձնական գործերովս, զաւակներս մաս կը կազմեն ՀՄԸՄ-ին` ըլլայ պասքեթպոլի կամ ֆութպոլի խումբերուն, ինչպէս նաեւ թոռնիկ, որ մաս կը կազմէ ՀՄԸՄ-ի Փասատենայի թէ՛ ֆութպոլի եւ թէ՛ պասքեթպոլի խումբին:

«Ըսեմ, որ Գերմանիոյ մէջ հետեւած եմ ֆութպոլի դասընթացքներու եւ գերմանական ֆետերասիոնէն ստացած եմ մարզիչի B վկայականը:

«Մարզած եմ ամերիկեան կարգ մը խումբեր, որոնք հասած են մինչեւ աւարտական խաղերու մակարդակի:

«Ներկայիս մաս կը կազմեմ ՀՄԸՄ-ի Փասատենայի վեթերաններու խումբին», յայտնեց ան:

Եղբայր Յովսէփ Մումջօղլեան այցելած է ՀՄԸՄ-ի նորակառոյց դաշտը, որու մասին կու տայ հետեւեալ կարծիքը.

«Հիմա որ ՀՄԸՄ-ը ունի իր նոր դաշտը (Հայր Պօղոս Արիսի անունով), կը շնորհաւորեմ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը եւ ֆութպոլի յանձնախումբը: Այս մէկը մեծ իրագործում մըն է, ինչպէս նաեւ` մեծ յաջողութիւն: ՀՄԸՄ-ի համար տարիներու երազ մըն էր ունենալ ֆութպոլի դաշտ, որ այժմ իրականացած է: Ես այդ դաշտին մէջ կը տեսնեմ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ապագան»:

Յովսէփ Լիբանանի Ազգային խումբին շապիկով կոլ մը նշանակելու պահուն

«Փոքր տարիքով խաղացողներէն մենք պիտի ունենանք առիթը` ընտրելու մեր ապագային տասնեակ խաղացողները:

 

«Ես ֆիզիքապէս Լիբանան չեմ գտնուիր, բայց հոգիով ու սրտով Լիբանանի մէջ եմ ու կը հետեւիմ ՀՄԸՄ-ի լուրերուն:

«Այցելեցի նորակառոյց ֆութպոլի դաշտը եւ հանդիպում մը ունեցայ ֆութպոլի փոքր մարզիկներուն հետ, սրտբաց հանդիպում մըն էր, ուր իմ խրատական ու խանդավառական խօսքերս ուղղեցի անոնց` ըսելով, թէ պատերազմի օրերը պատճառ դարձան, որ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի ֆութպոլը կորսնցնէ իր երբեմնի օրերը, սակայն ես այդ փայլուն օրերը կը տեսնեմ ապագայի ֆութպոլի համար եւ շատ մեծ յոյսեր ունիմ ձեր վրայ:

«Շատ ուրախացայ նաեւ, երբ իմացայ, ուր թաղային առումով ֆութպոլի երկրորդական խումբերը վերակազմուած են, ինչ որ կը նշանակէ, թէ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլը  լաւ ձեռքերու մէջ է ներկայիս: Ես իսկապէս փայլուն ապագայ մը կը տեսնեմ, նախկին փայլուն եւ յաղթանակի օրերը հեռու չեն, վստահ եմ, որ ես ինչպէս որ կրնամ օգտակար ըլլալ, պատրաստ եմ ընելու:

«Կ՛ուզեմ սրտի խօսք փոխանցել այսօրուան մարզիկներուն, որ նիւթականէն առաջ` ՀՄԸՄ-ի ոգին թող շեշտուի իրենց մէջ, վաճառականական մօտեցում մի՛ ունենաք, ՀՄԸՄ-ական դաստիարակութիւնը եւ ազգային սկզբունքները աւելի արժէքաւոր են, քան նիւթականը:

«Վստահ եղէք, որ ՀՄԸՄ-ականի դաստիարակութիւնը ձեր կեանքին յաջողութեան հիմնական աւիշը կը կազմէ:

«Դուք տարբեր էք ուրիշ մարզիկներէ»: Դուք հայ էք, եւ ՀՄԸՄ-ը բոլորս հայ կը պահէ յաւիտենական»:

«ՀՄԸՄ-ի մարզիկին համար երկու տեսակ յաջողութիւն կայ, կ՛աւելցնէ եղբայրը, մէկը անձնական կեանքի, իսկ միւսը` ազգային կեանքի»:

«Թող ՀՄԸՄ-ի ոգին անբաժան ըլլայ ձեր մէջէն եւ ՀՄԸՄ-ի շապիկը կրեցէք հպարտութեամբ», եզրափակեց եղբայրը:

Անոր բաց աչքերը կ՛արտայայտէին հարազատ եւ անկեղծ ՀՄԸՄ-ականի ոգին:

Ոչինչ ունինք աւելցնելիք այս գեղեցիկ եւ հպարտալի հանդիպումին վրայ, քեզի կ՛ըսենք վարձքդ կատար, եղբայր Յովսէփ:

ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
ՔԱՐՈԶՉԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

Share this Article
CATEGORIES