ԲՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՄԱՐԴ. ՍՊԱՌԱԾ, ԾԱՌԱԹԱՓ ԱՆՏԱՌՆԵՐ ԿԸ ՑՈԼԱՑՆԵՆ ԲՆԱԿՉՈՒԹԵԱՆ ԳԵՐԱՃԸ
ԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆԸ Կ՛ԵՆԹԱԴՐԷ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՁԵՒՈՎ ՅԱՐՄԱՐԻԼ ՄԻՋԱՎԱՅՐԻՆ, ԻՍԿ ՔԱՂԱՔԱԿՐԹՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԹՈՒԻ ԸԼԼԱԼ ԱՄԷՆԷՆ ԲԻՐՏ ԵՐԵՒՈՅԹԸ, ՈՐ ԵՐԲԵՒԻՑԷ ՊԱՏԱՀԱԾ Է ԱՇԽԱՐՀԻ ՎՐԱՅ, ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՅԱՋՈՂ ԳՈՅԱՏԵՒՈՒՄԸ ԻՆՔՆԻՆ ԿԸ ՊԱՐՈՒՆԱԿԷ ԱՒԵՐԻՉ ՀՈՒՆՏԵՐ: ՄԱՅՔԸԼ ՄՔՔԱՐԹԻ «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԹԵՐԹԻՆ ՄԷՋ ՔԱՆԻ ՄԸ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐՈՎ ԿԸ ԽՈՐՀՐԴԱԾԷ ԲՆՈՒԹԵԱՆ ԾԱՆՐ ԴԱՍԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ:
Կ՛ենթադրեմ, թէ շատեր դժուար պիտի կարենային տեղադրել Պուրքինա Ֆասոն որեւէ քարտէսի վրայ: Անիկա շատ կոկիկ ձեւով կը խորհրդանշէ պատկերացումը հեռաւոր երկրի մը, որուն մասին ոչինչ գիտենք:
Պուրքինա Ֆասօ ցամաքով շրջապատուած պետութիւն մըն է արեւմտեան Ափրիկէի մէջ. Բրիտանիայէն քիչ մը մեծ, երբեմնի ֆրանսական գաղութավայր մը, որ ժամանակին կը կոչուէր Վերին Վոլթա: Այս երկիրը կը գտնուի արեւադարձային կէս անջրդի տարածութիւններու, արօտավայրերու եւ չոր անտառներու գօտիի մը մէջ, որ կ՛երկարի Ափրիկէի մէկ ծայրէն միւսը, Սահարայի անապատին տակ, եւ անցումի գօտի մըն է հիւսիսի անապատին եւ հարաւի անձրեւային անտառին միջեւ:
Այս երկրին տնտեսութիւնը ունի իւրայատկութիւն մը, որ ակներեւ կը դառնայ, երբ կ՛այեցելենք հոն. ժողովուրդը ուժանիւթի իր կարիքներուն աւելի քան 90 առ հարիւրը կը գոհացնէ փայտ վառելով: Բնակչութեան մեծամասնութիւնը փայտ կը վառէ` կորեկէ պատրաստուած օրուան ճաշը եփելու համար: Փայտի շերտերու դէզերով բեռնաւորուած կառքեր կ՛երթեւեկեն դէպի մայրաքաղաք Ուկատուկու առաջնորդող ճամբաներուն վրայ: Իրապէ՛ս կ՛երթեւեկեն անոնք, մէկը միւսին ետեւէն:
Փայտը կը հաւաքուի քաղաքամերձ շրջաններէն. այն չոր անտառներէն, որոնք կը ծածկեն այս շրջանները, կամ աւելի ճիշդ` կը ծածկէին: Այս անտառները այնքա՛ն չարաշահուած են, որ Պուրքինայի մեծ մասը այժմ ոչնչացած անտառներու տափաստան մըն է, փոշոտ, լերկ տարածութիւն մը, նոյնքան ցնցիչ, որքան` Ամազոնը: Պարզապէս այս մասին քարոզչութիւն չէ կատարուած: Քանի մը տարի առաջ այցելեցի այս երկիրը: Գիւղերուն մէջ կիները արեւածագին կ՛երթային փայտ հաւաքելու, եւ ամէն տարի` քիչ մը աւելի հեռու. սկիզբը` 4 քմ, ապա` 5 քմ, եւ վերջը` 6 քմ, մինչ իւրաքանչիւր գիւղի շուրջ անտառները կը սպառէին:
Այս մարդիկը բացայայտօրէն եւ ողբերգականօրէն կ՛աւերէին իրենց սեփական բնական աղբիւրներուն հիմը: Ոչ միայն անտա՛ռը կ՛ոչնչանար, այլ նաեւ` հողը: Ո՞վ կրնար այպանել զանոնք: Անոնք կարիքէ մղուած էին: Կը փորձէին միայն գոյատեւել: Սակայն կը սպառէին իրենց սեփական ապագան: Անշուշտ շատեր կը գիտակցէին այս իրողութեան: Անտառները վերածաղկեցնելու անոնց ճիգերը կամ աւելի ճիշդ` պայքարը յուզիչ էր եւ ներշնչող: ժամանակին գրեցի այս մասին: Սակայն գոյութիւն ունի յատուկ ազդակ մը` բնակչութեան աճը, որ կը նշանակէ, թէ նման պայքարներ հետզհետէ աւելի պիտի դժուարանան:
Երբ Պուրքինա այցելեցի 2003-ին, բնակչութեան թիւը 13 միլիոնէն վար էր: Այժմ անիկա հասած է 17 միլիոնի: 2015-ին այս թիւը կրկնապատկուած պիտի ըլլայ: Այսինքն` 20 տարուան մէջ հասած պիտի ըլլայ 20 միլիոնի (այս բոլոր թիւերը կարելի է գտնել ՄԱԿ-ի Աշխարհի բնակչութեան հեռանկարներու վերատեսութեան 2010-ի տեղեկագիրներուն մէջ): Այնուհետեւ աճը պիտի շարունակուի խելայեղ թափով: ՄԱԿ-ի գնահատումներուն համաձայն, մինչեւ 2050 Պուրքինա Ֆասոյի բնակչութեան թիւը պիտի հասնի 46.7 միլիոնի: Լաւատես տարբերակը 41.8 միլիոն է, յոռետես տարբերակը ` 51.8 միլիոն: Եւ ասիկա` նուազ քան 40 տարուան մէջ:
Այս բոլոր բնակիչները ուրկէ՞ եւ ինչպէ՞ս փայտ պիտի ճարեն քաղաքամերձ այնպիսի շրջաններու մէջ, որոնք արդէն շատոնց աւերուած են: Կարելի է ենթադրել, թէ ելեկտրական հոսանքը պիտի փոխարինէ վառելափայտը` իբրեւ ուժանիւթի գլխաւոր աղբիւր, եւ թերեւս ասիկա կրնայ իրականութիւն դառնալ: Սակայն անտանելի պիտի ըլլայ ցանքի եւ` անասնապահութեան պահանջը արդէն սպառած հողերու վրայ, եւ բնակչութեան մը կողմէ, որ թիւով եռապատիկն է այն բնակչութեան, որ արդէն փճացուցած էր հողը: Պուրքինայի ժողովուրդը` պուրքինապէները պիտի չկարենան հոգալ իրենց կարիքները: Անոնց ապագան թշուառութիւն է:
Նոյեմբերի սկիզբը աշխարհի բնակչութեան թիւը անցաւ 7 միլիառը եւ հաւանական է, որ այս ընթացքով մինչեւ 2050 հասնի 9.33 միլիոնի: Ազատական մեկնաբաններ մէկը միւսին ետեւէն կը շեշտեն, թէ ասիկա որեւէ հարց պիտի չյարուցէ, ընդհակառակը, ողջունելի է: Հետզհետէ աւելի թերահաւատութեամբ կը կարդամ նման կարծիքներ, սակայն վերջաւորութեան պարզապէս անձնատուր կը դառնամ մարդկային անմիտ սխալականութեան եւ կը շարժեմ գլուխս:
ՏԱԳՆԱՊԸ ՏԱԿԱՒԻՆ ՉԵՆՔ ԶԳԱՐ
Պուրքինա Ֆասոյի նման երկրի մը ապագան աւելի բարդացնող ազդակ մըն ալ այն է, թէ լարուածութիւնը պիտի սրի, երբ ոչ միայն բնակչութեան թիւը պիտի եռապատկուի 40 տարիէն, այլ նաեւ տեղի պիտի ունենան կլիմայական մեծ փոփոխութիւններ:
Բնական է` եւ սպասելի, որ ընդհանրական ջերմացումը սրէ հանրային եւ քաղաքական մտահոգութիւնները, սղաճի եւ մանաւանդ` համաշխարհային ներկայ դրամական տագնապի այս օրերուն:
Սակայն թէեւ մեզմէ շատեր մոռցած են այս մասին, անդին` դէպի երկրագունդին մակերեսը մեր արձակած երկթթուածին բնածուխի (քարպոն տայոքսայտ) հսկայական գոլորշիները (ներկայիս` տարին 30 միլիառ թոն), հետզհետէ աւելի կը բարձրացնեն եւ պիտի շարունակեն անխնայ կերպով բարձրացնել աշխարհի ջերմաստիճանը:
Ոեւէ մէկը, որ ծանօթ է Պուրքինայի տափաստաններուն, գիտէ, թէ երկրագործութիւնը յաճախ ձախողութեան սեմին է հոն. ջերմաստիճանի նկատառելի բարձրացում մը կրնայ բաւարար ըլլալ` զայն ամբողջութեամբ անկարելի դարձնելու: Նման պարագայի մը արդեօք Պուրքինա Ֆասոյի ժողովուրդը պիտի փորձէ՞ գաղթել, օրինակ` դէպի Ղանա: Իսկ ղանացիք արդեօք պիտի ընդունի՞ն զանոնք: Հորիզոնի վրայ շատ աւելի մռայլ ամպեր կ՛երեւին, քան` եւրոյի ապագան:


