ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ. ՈՉ ՄԱՐՏԱԿԱՆ ՄԱՀԵՐԸ ԼՈՒՍԱՐՁԱԿԻ ՏԱԿ Կ՛ԱՌՆԵՆ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒՄՆԵՐՈՒ ՈՒՇԱՑՈՒՄԸ
Ազրպէյճան կրնայ պարծենալ աւելի քան մէկ միլիառ տոլարի պաշտպանական պիւտճէով եւ ռազմական բարեփոխումներու դաւանած յանձնառութեամբ, ձգտումով, բայց ոչ մարտական միջադէպերու մէջ զինուորներու մահերը երկրի զինեալ ուժերը վերակերտելու կառավարութեան յանձնառութեան շուրջը հարցումներ կը յառաջացնեն:
Ոչ մարտական մահերու հարցը հանրածանօթ, տխրահռչակ եղաւ նոյեմբերի սկիզբը, եռօրեայ ժամանակամիջոցի մը մէջ: 1 նոյեմբերին 19-ամեայ զինուոր Ազեր Ապազատէ մահացաւ Պարտայի խարիսխին մէջ, Լեռնային Ղարաբաղի սահմանին մօտ: Թոքերու բորբոքումը արձանագրուեցաւ իբրեւ մահուան պատճառ: Ապազատէի մահուան նախորդած էին 30 եւ 31 հոկտեմբերին Գանձակի մէջ նոյնպէս «թոքերու բորբոքումի» պատճառով մահացած 18-ամեայ Ռուսլան Քերիմովի եւ «հիւանդութենէն» մահացած 19-ամեայ Ռաուլ Աղայեւի միջադէպերը: Մտերիմ շրջանակի մէջ դէտեր ամբողջովին չեն վստահիր պաշտօնական բացատրութիւններուն եւ այլ գործօններէ կը կասկածին: Ողբերգութիւններուն պատճառները կրնան այլ ըլլալ, մասնաւորաբար` բռնութիւնը:
Պաշտպանութեան նախարարութիւնը շատ պատրաստակամ չէ ոչ- մարտակական մահերը քննարկելու: Նախարարութեան բանբերը` Էլտար Սապիրօղլու, «Եուրէյժիանեթ»-ին յայտնեց, որ հետաքննութիւնը կը շարունակուի: Զինուորական դատախազին գրասենեակը 10 նոյեմբերին յայտարարեց, որ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ պաշտօնավարող չորս սպաներ պաշտօնազրկուած են 3 զինուորներու մահերուն առնչութեամբ: Չորս այլ սպաներ աստիճանի նուազումի ենթարկուած են, իսկ 11 սպաներ նկատողութիւններ ստացած են: Դատախազները չեն յայտներ պատժուած սպաներուն անունները:
Ղարաբաղի հարցով Հայաստանի հետ լարուածութեան սրումի պայմաններուն մէջ, զինուորականութեան անդրադարձող որեւէ հարց զգայուն է Ազրպէյճանի մէջ:
Ապրիլին Սապիրօղլու Ազրպէյճանի զանգուածային լրատուական միջոցներուն կոչ ուղղեց` «բանակին վերաբերեալ հրապարակումներուն գծով զգուշ ըլլալու», աւելցնելով, որ` «սխալ է մասնակի միջադէպերուն վրայ հիմնուելով ընդհանրացումներ ընել»:
«Իսկապէս, նոյնիսկ մէկ կորուստը մեզի համար ծանր է: Մենք ամբողջովին կը հասկնանք, որ զինուորներու մահերուն պատասխանատուութիւնը կ՛իյնայ պաշտպանութեան նախարարութեան ուսերուն», ըսաւ Սապիրօղլու:
Ազրպէճանական քանի մը իրաւապաշտպան խումբերու քոալիսիոն մը կը հետեւի ոչ մարտական մահերուն եւ կը նշէ այսպիսի պարագաներու անհանգստացնող, տագնապայարոյց յաւելումի միտում: Պաշտպանութեան նախարարութեան չհրապարակուած տեղեկութեանց հիման վրայ բանակին մէջ Մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան վերահսկողութեան դիտարկման խումբը 2011-ին արձանագրած է զինուորներու 76 մահեր` ոչ մարտական միջադէպերու մէջ: 91 ուրիշներ վիրաւորուած են: 2010-ին այդ թիւերը համապատասխանաբար 62 եւ 71 էին: Աճի հաւանական պատճառները յայտնի չեն:
«Քաղաքացիական հասարակութիւնը չի կրնար չանդրադառնալ այս խնդիրներուն», ըսաւ Արզու Ապտուլլայեւա, որ իրաւանց պաշտպան խումբին հիմնադիրներէն է եւ ղեկավարը` Հելսինքեան քաղաքացիական ժողովի Ազրպէյճանի ազգային խորհուրդին:
Ընդհանուր առմամբ, Ազրպէյճանի հասարակութիւնը այս հարցին մէջ կրաւորական մնացած է: 2009 թուականին համացանցի ընկերային կայքէջերուն վրայ հրապարակուեցան անանուն տեսահոլովակներ, ուր պատկերուած էին զինուորներ, որոնք ծեծի կ՛ենթարկուէին, իսկ նոր զինուորակոչուածներ` ստորնացումի: Վարժութիւն մը, որ խորհրդային ժամանակաշրջանին տիտովշչինա անունով ծանօթ էր: Տեսահոլովակներու հրապարակումին հետեւեցաւ քրէական հետապնդում, եւ մեղադրեալները բանտարկութեան դատապարտուեցան: Սակայն այս պարագան փաստուած է բացառութիւնը, ոչ թէ` օրէնքը:
Քաղաքական գործիչներ զգուշաւոր են այդ խնդիրներու արծարծման վերաբերեալ: Խորհրդարանի պաշտպանութեան եւ անվտանգնութեան հարցերու յանձնախումբի անդամ, «Հայրենիք» կուսակցութեան անդամ երեսփոխան Զահիտ Օրուճ մահերու կապակցութեամբ մտահոգութիւն յայտնեց, սակայն նշեց, որ` «այդպիսի դէպքեր բոլոր բանակներուն մէջ կը պատահին»:
Ոչ մարտական մահերը նոյնիսկ աւելի վիճայարոյց հարց է Հայաստանի մէջ, ուր ոչ մարտական մահերու շարք մը հանրութեան աղաղակը բարձրացուց (մասնաւորաբար)` ընդդէմ Հայաստանի զինուորական ղեկավարութեան, որ երկրի ամէնէն յարգուած հաստատութիւններէն մէկն է: Կարգ մը քննադատներ այս դէպքերուն առիթով աւելի հեռու գացին` պահանջելով պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի եւ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաժարականները:
Պաքուի մէջ պաշտօնատարներ չեն փափաքիր նոյն ուղիով ընթանալ: Հետեւաբար իշխանութիւնները ազրպէյճանական լրատուամիջոցները զգուշացուցին «չափազանցութիւններէ»:
Նախագահ Իլհամ Ալիեւի վարչակազմը կը նախընտրէ շեշտադրել Ազրպէյճանի 1,76 միլիառ տոլարի հասնող 2012 թուականի ռազմական պիւտճէն եւ պետութեան հետաքրքրութիւնը` բարեկարգումներու մէջ:
Առնուազն ռազմական մէկ վերլուծաբանի կարծիքով, ոչ մարտական մահերու ալիքը հարցեր կը յառաջացնէ բարեբոխումներու հոլովոյթին վերաբերեալ: Թէեւ Պաքու 2007-ին յայտարարած էր, թէ հասած է ՕԹԱՆ-ի չափանիշներուն, սակայն այդ պնդումը «տրամաբանական չէ», ըսաւ Ճասուր Սումարինլի, որ կը գլխաւորէ ռազմական լրագրողական հետազօտութիւններու ոչ կառավարական խումբ մը: «Բռնութիւնները զինուորներուն միջեւ բնորոշ էին խորհրդային բանակին, սակայն` ոչ ՕԹԱՆ-ի բանակներուն», աւելցուց ան:
Պաշտպանութեան նախարարութեան չհրապարակուած տեղեկութիւններուն հիման վրայ Սումարինլի կը նէ, որ 2007-էն 2010 թուականներուն բանակին մէջ բռնութեան եւ մահերու թիւը աւելցած է (68 սպանութիւն, 35 անձնասպանութիւն)` համեմատած նախորդ քառամեակին հետ (2003-2006-ին` 33 սպանութիւն, 23 անձնասպանութիւն): Ատիկա կը նշանակէ, որ իրավիճակը փոխելու ուղղութեամբ ոչ մէկ իրական քայլ առնուած է:
Պահեստի սպաներու հասարակական համադաշնակցութեան ղեկավար, պահեստի գնդապետ Եաշար Ճաֆարլի կ՛աւելցնէ, որ ղարաբաղեան պատերազմի զինադադարէն (1994) ետք, ազրպէյճանական բանակին մէջ արձանագրուած 3500 մահերէն միայն 15-20 առ հարիւրը կապ ունի մարտական միջադէպերու հետ:
Ճաֆարլի այդ խախտումներուն համար կը մեղադրէ քաղաքացիական հասարակութեան վերահսկողութեան բացակայութիւնը: «քաղաքացիական հասարակութեան գործիչներն ու մարդկային իրաւանց պաշտպանները մուտք չունին զինեալ ուժեր, եւ ատիկա հիմնախնդիրներ կը ստեղծէ», կ՛ըսէ Ճաֆարլի:
Ըստ անոր, նոյնիսկ ճակատային գիծին վրայ տեղեկայուած ուժերուն մէջ կարգապահութիւնը աւելի բարձր չէ:
«Ժամատարած հիմնախնդիրները փտածութեան հետ աւելի կը բարդացնեն հարցը: Սպաներ զինուորներէն եւ անոնց ծնողներէն կաշառք կը պահանջեն` արձակուրդի, զինուորական ծառայութեան լաւ վայրի եւ այլ յարմարութիւններու համար: Չվճարողները կրնան ենթարկուիլ ֆիզիքական բռնութեան եւ հետապնդման այլ ձեւերու:
Վերջերս արձակուած զինուորներ հարցազրոյցի մը ընթացքին տարբեր յիշողութիւններ յայտնեցին ճակատի գիծին վրայ իրենց ունեցած փորձառութենէն: Մինչ Պարտայի մէջ տեղակայուած նախկին զինուոր մը ըսաւ, թէ սպաներն ու զինուորները վերանորոգուած բնակարան եւ համապատասխան սնունդ ունէին, ենթադրաբար համահունչ` ՕԹԱՆ-ի չափանիշներուն, այլ նախկին զինուոր մը, որ ծառայած է Կերանպոյի մէջ, տեղեկացուց ըմպելի ջուրի, բնակարանային եւ առողջապահական պայմաններու սակաւութեան մասին:
Ինչպէս որ մարտական մահերու պարագային, կառավարութիւնը կ՛ընդունի հարցի գոյութիւնը, սակայն չ՛ողջուներ որեւէ լուծումի համար քննարկումներուն մասնակցելու հասարակութեան ձգտումը: Ըստ վերջին տրամադրելի տեղեկատուութեան, 2011-ին բանակին մէջ յարուցուած է փտածութեան կապուած 58 քրէական գործ:
ՇԱՀԻՆ ԱՊՊԱՍՈՎ
«Եուրէյժիանէթ»