ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱՌԻԹՆԵՐԸ ԱՒԵԼԻ ԼԱՒ ՕԳՏԱԳՈՐԾԵԼ

Ի՞նչ է նմանութիւնը Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` Գահիրէի մէջ ատեն մը առաջ աշխարհի կարգերուն զօրակցութիւն յայտնելուն եւ 1936-1939 թուականներուն Տերսիմի մէջ Թուրքիոյ պետութեան կողմէ հազարաւոր քիւտերու սպանութեան համար անոր ներում հայցելու քայլին միջեւ:

Նմանութիւնը դժգոհութիւնն է այն մարդոց, որոնք չեն ախորժիր Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ղեկավարին արագ դիրքափոխութիւններէն, որ ես կ՛ուզեմ անուանել` «Այո, բայց…» ձեւը, եղանակը:

Երբ Էրտողան Եգիպտոս, Լիպիա եւ Թունուզ այցելեց, ըրաւ յայտարարութիւն մը, որ շատերու համար անակնկալ մըն էր: Վարչապետը արաբ քաղաքական գործիչները խրատեց յարգել աշխարհիկութեան սկզբունքները, նոր, յետյեղափոխական պետական հաստատութիւններ կառուցելու ատեն: Զարմացնելով Թուրքիայէն ներս եւ դուրս գտնուող շատ մարդիկ` Էրտողան պաշտպանեց Բրիտանիայէն եւ Միացեալ Նահանգներէն մեզի ծանօթ աշխարհիկութեան կրաւորական ձեւ մը, որուն մէջ պետութիւնը նոյն հեռաւորութիւնը կը պահէ բոլոր կրօններէն, եւ ինչպէս Էրտողան շեշտեց, անոնցմէ, որոնք ոչ մէկ կրօնական հաւատք ունին: Իմ կարծիքովս, ատիկա քաջ, խիզախ միջամտութիւն է աշխարհի մասի մը մէջ, ուր շատերու կողմէ աշխարհիկութիւնը կ՛ընկալուի իբրեւ հոմանիշ անաստուածութեան, հակակրօնականութեան: Թուրքիոյ վարչապետը գիտէր, թէ ի՛նչ կ՛ընէ, ան անդրադարձած էր, որ ատիկա զինք շատ ժողովրդական պիտի չընէ հաստատ, հաւատաւոր իսլամականներուն մէջ, սակայն կրկին ըրաւ ատիկա, որովհետեւ լաւ պատճառներով ինք կը հաւատայ, որ պետութեան աշխարհիկութիւնը հիմնական, տարրական պահանջն է բազմակրօն հասարակութեան մէջ:

Ի՞նչ էր հակադարձութիւնը ԱԲԿ-ի բազմաթիւ հակառակորդներուն:

Անոնք նսեմացուցին արաբական աշխարհին ուղղած Էրտողանի խօսքը եւ անմիջապէս պահանջեցին, որ ԱԲԿ-ի ղեկավարը երկրին մէջ գործադրէ դուրսը քարոզածը:

Անոնք իրաւացի էին այն առումով, որ Թուրքիոյ մէջ աշխարհիկութեան առնչութեամբ տակաւին կան բազմաթիւ մարտահրաւէրներ, որոնք չեն դիմակալուած, եւ որոնք հետեւեալներն են. պետական հաստատութիւն եղող Կրօնական հարցերու տնօրէնութեան կողմէ միակողմանի պահպանումը իսլամութեան սիւննի աւանդական մեկնաբանութեան, ալեւի աղօթատեղիները չճանչնալը եւ յոյն ուղղափառներու Հալքիի դպրեվանքի վերաբացման մերժումը, որովհետեւ եկեղեցին չ՛ընդունիր գործել պետութեան հսկողութեան տակ:

Արդարեւ, ասոնք միայն մէկ մասն են առտնին, ներքին շատ հարցերու, որոնց հանդէպ Էրտողան նոյն յանձնառութիւնը չէ ցուցաբերած, այնպէս` ինչպէս ըրած է այլ վայրերու մէջ աշխարհիկութեան տարածման համար:

Իմ խնդիրս ոչ ըսողներուն, մերժողներուն հետ այն է, որ անոնք կորսնցուցին ոսկի առիթ մը` ճակատելու վարչապետին հետ անոր բառերուն, խօսքերուն հետեւանքներով: Փոխանակ նախ զայն գովելու աշխարհիկութեան յանդուգն վերասահմանումին համար եւ ապա Թուրքիոյ մէջ մնացեալ հիմնախնդիրներու, անհաւասարութիւններու վերաբերեալ մեղմօրէն զայն հարցուփորձելու, անոնք ճակատագրականօրէն  հիմնայատակ քանդեցին իրենց իսկ վաւերականութիւնը եւ ազդեցիկութիւնը` սկիզբէն իսկ շատ նսեմացնելով Էրտողանի` Գահիրէի մէջ արտասանած խօսքը:

Մարդ կրնայ նշմարել նոյն  մեքանիզմը, որ վերջերս գործադրուեցաւ Տերսիմի ներողութիւններով:

Գիտնալով, որ անցեալի սխալները ընդունիլը որեւէ երկրի համար շատ դժուար է, ես կը կարծեմ, որ իսկապէս սքանչելի է, որ Էրտողան ամբողջութեամբ ընդունեց պետութեան պատասխանատուութիւնը 1937 թուականին Տերսիմի մէջ տեղի ունեցած ջարդերուն: Անշուշտ մարդ կրնայ քննադատել վարչապետը ատիկա շատ անգթօրէն ընդդիմութեան անպաշտպան ղեկավարին երեսին հարուածելուն համար: Ընդդիմութեան  ղեկավարը կուսակցութեան եւ իր վարկին վնաս պատճառած էր` մերժելով միանալու վարչապետին զղջումի արտայայտութեան: Եւ այո՛, Թուրքիոյ պատմութեան մէջ կան բազմաթիւ այլ վայրագ միջադէպեր, որոնց մասին Էրտողան տակաւին  յստակօրէն չէ խօսած: Բայց նորէն, ես համոզուած եմ, որ շատ աւելի վաւերական եւ արդիւնաւէտ կ՛ըլար նախ ընդունիլը յանուն պետութեան ներում հայցելու իւրայատուկ այս քայլին կարեւորութիւնը, ապա միայն անցնելու ցաւոտ այլ պատմական թղթածրարներու:

Իմ կարծիքովս, վարչապետը հոգեբանական սեմ մը, պատուար մը անցած է, եւ ես համաձայն եմ «Հիւրրիյէթ» թերթի գլխաւոր խմբագիր Մուրատ Ետքինին հետ, որ ատիկա կրնայ Թուրքիոյ պատմութեան մէջ այլ վիճելի դէպքերու համար ներում հայցելու դուռը բանալ: Մենք բոլորս ալ օրինակները գիտենք. 1915-ի հայկական ջարդը, 1942-ին հրէական համայնքին դէմ սահմանուած խիստ տուրքերը, 1955-ի յոյներու կոտորածները, 1977-ին Մարաշի մէջ ալեւիներուն սպանդը:

Թուրքիա օր մը կը հաշտուի իր պատմութեան իւրաքանչիւր եւ բոլոր կեղտոտ էջերուն հետ: Առաջին անգամը միշտ ամէնէն դժուարն է, մասնաւորաբար` Թուրքիոյ նման երկրի մը մէջ, որ պաշտօնական մակարդակի վրայ միշտ  հերքած է որեւէ խախտում, սխալ:

Այդ պատճառով ես անկեղծօրէն կը հաւատամ, որ յաջորդ քայլերը միասնաբար պէտք է առնեն այժմու կառավարութեան հակառակորդներն ու կողմնակիցները: Ատիկա կրնայ պատահիլ միայն այն ատեն, երբ ամէն ոք կարենայ եւ ուզէ գնահատել ու օգտագործել պատմական շրջադարձային պահերը, կէտերը:

ԵՈՒՍԹ ԼԱԿԸՆՏԱՅԻ

«Թուտէյզ Զաման»

Share this Article
CATEGORIES