ԱԿՆԱՐԿ. ԵՐԵՒԱՆ – ՊԷՅՐՈՒԹ ՅՈՒՍԱԴՐԻՉ ՆԱԽԱԴՐԵԱԼՆԵՐ

Հայաստան- Լիբանան միջպետական յարաբերութիւններու ուղղութեամբ սերտացման նախադրեալներ իրենք զիրենք զգալի կը դարձնեն: Լիբանանի խորհրդարանի նախագահին այցելութիւնը Երեւան, ապա Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարին գլխաւորած պատուիրակութեան այցելութիւնը Պէյրութ եւ այս բոլորէն անմիջապէս ետք Լիբանանի հանրապետութեան նախագահին սպասուող ժամանումը Երեւան, դիպաշարին հետեւողին մօտ կը յառաջացնեն այն համոզումը, որ երկկողմ յարաբերութիւններու սերտացման ուղղութեամբ նկատառելի քայլեր կ՛առնուին:

Այս այցելութիւններուն միջեւ ինկող ժամանակահատուածին Հայաստանի կառավարութեան կայացուցած որոշումները եւս կարելի է դիտարկել ընդհանուր այս ուղղութեան հանգրուաններու շարքին:

Այսպէս. Հայաստանի կառավարութիւնը կ՛որոշէր համաձայնութիւն տալ.-

ա.-  Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լիբանանի Հանրապետութեան կառավարութիւններուն միջեւ շրջակայ միջավայրի բնագաւառին մէջ համագործակցութեան վերաբերեալ փոխըմբռնման յուշագիրի ստորագրման առաջարկին:

բ.- Հայաստանի եւ Լիբանանի կառավարութիւններուն միջեւ չափանիշերու եւ որակի վերահսկման բնագաւառներուն մէջ գիտական եւ արհեստագիտական համագործակցութեան արձանագրութեան ստորագրման առաջարկին: Կը նախատեսուի չափանիշերու առումով երկու երկիրներուն գիտական եւ արհեստագիտական փոխշահաւէտ համագործակցութեան ծաւալումը:

գ.- Հայաստանի եւ Լիբանանի կառավարութիւններուն միջեւ վկայականներու համապատասխանեցման փոխճանաչման գործնական համաձայնագիրի կնքումին: Փաստաթուղթով կը նախատեսուի փոխադարձ մատակարարուող արտադրանքի ազգային չափանիշերու ներդաշնակեցումը` միջազգային չափանիշերուն:

Հայաստանի կառավարութեան տուած այս որոշումները նախապէս կնքուած համաձայնագիրներու գործնականացման կը միտին, ինչ որ բնականաբար կ՛աշխուժացնէ ինչպէս միջպետական, այնպէս ալ երկու ժողովուրդներուն միջեւ  գոյութիւն ունեցող յարաբերութիւնները: Եթէ որոշումներուն առաջին կէտը կը վերաբերի առաւելաբար կենսոլորտային խնդիրներուն, ապա յաջորդ երկու կէտերը ուղղակի առնչուած են գիտութեան եւ արհեստագիտութեան ոլորտներուն: Այս ընդհանուր պարունակին մէջ ալ պարագայականութեան պէտք չէ վերագրել Լիբանանի պետական վարժարաններուն տրուած շօշափելի օժանդակութիւնը, Հայաստանի կառավարութեան կողմէ:

Յայտնապէս գիտական մարզի ուղղութեամբ Երեւանը կ՛աշխուժացնէ իր գործունէութիւնը Լիբանանի մէջ, ինչ որ մտածել կու տայ, որ գիտութիւնը գերակայ մարզ է համագործակցութեան ծաւալման ընդհանուր մօտեցումներուն մէջ:

Քաղաքական մեկնաբանութիւնը այստեղ աւելի համոզիչ կը դառնայ: Այս սիւնակներէն շատ գրուած էր, որ շրջանին եւ այս երկրին մէջ թրքական գործօնի գերաշխուժացման դրսեւորումներուն դիմաց, Երեւանի նախաձեռնողականութիւնը Հայաստան-Լիբանան միջպետական յարաբերութիւններու սերտացման առումով աւելի քան անյետաձգելի է: Փաստօրէն, այդ նախադրեալները երկու երկիրներու մայրաքաղաքներու քաղաքական միջավայրերուն մէջ սկսած են տեսանելի դառնալ: Անգարան թափանցումի իր քաղաքականութեան մէջ կրթութիւնն ու գիտութիւնը դարձուցած էր առաջնային թիրախ, հետագային մեծ դռներէ մուտք գործելու համար արաբական աշխարհ, ընդ որում` Լիբանան:

Երեւանի նախաձեռնողականութեան դրսեւորումները հիմնովին ողջունելի են: Գործնականացման շարունակական եւ հետեւողական փաստերը կը սպասուին անշուշտ: Իսկ գաղութը այստեղ ձեռնածալ չմնալու եւ կրաւորականութենէն դուրս գալու բոլոր պատճառները ունի: Բոլոր պատճառները ունի Երեւան-Պէյրութի միջեւ մարդկային կամուրջի վերածուելու, ամէնէն կազմակերպուած ձեւով:

Երեւան-Պէյրութ յարաբերութիւններու սերտացումն ու ամրապնդումը միայն չեն խթաներ  լիբանանահայ համայնքի նոր դերակատարութիւնը: Անոնք վստահաբար հաշուի կ՛առնուին շրջանին եւ երկրին մէջ մեծ դռներէ անընդմէջ  մուտք գործող Անգարայի կողմէ: Երեւցող նախադրեալներու արդիւնաւէտ զարգացման պարագային, անոնք կրնան նոյնիսկ գէթ որոշ չափով նեղցնել այդ դռներուն մուտքը նոր օսմանցիներուն դիմաց:

«Ա.»

Share this Article
CATEGORIES