«ՎԱՍՊՈՒՐԱԿԱՆ» ՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՄԱՆ 20-ԱՄԵԱԿԻՆ, ՃԳՆԱԺԱՄԵՐՈՒՆ ԵՒ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ ԶԵԿՈՒՑԵՑ ԽԱՉԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէին անունով արտասանեց Յակոբ Տէր Ղուկասեան, որմէ ետք խօսք առաւ Խաչիկ Տէր Ղուկասեան: Ան ըսաւ, որ Հայաստանի վերանկախացման 20-ամեակը լաւագոյն առիթն է կանգ առնելու, անցած ուղին քննելու եւ մեր աչքերը սեւեռելու դէպի ապագան:
Տէր Ղուկասեան շեշտեց, որ Հայաստանի մէջ մեծ շուքով տեղի ունեցաւ անկախութեան տօնակատարութիւնը, ինչ որ գնահատանքի արժանի է:
Խաչիկ Տէր Ղուկասեան յայտնեց, որ քսանամեակի նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ կարեւոր արժէք ունէր Հայաստան-սփիւռք համահայկական չորրորդ համագումարը, որուն ընթացքին կարեւոր գաղափարներ տեղադրուեցան օրակարգի վրայ: Ան հաստատեց, որ անկախութեան սերունդը արդէն իր ետին ձգած է խորհրդային մտածելակերպն ու հետքերը:
Ներկայացնելէ ետք խորհրդային իրականութիւնը, անոր դրական եւ ժխտական ազդակները, Տէր Ղուկասեան շեշտեց, որ Դաշնակցութիւնը ընդունելով հանդերձ խորհրդային իրականութիւնը, չէր կրնար հաշտուիլ կացութեան հետ:
Դասախօսը անդրադարձաւ 20-ամեայ անկախ հանրապետութեան տնտեսական, քաղաքական, դիւանագիտական հարցերուն եւ կարելիութիւններուն:
Ան յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ երիտասարդութեան 54 առ հարիւրը կը մտածէ արտագաղթելու մասին, ինչ որ մտահոգիչ երեւոյթ է: Ան հաստատեց, որ Հայաստան դիւանագիտութեան մէջ կրնայ մեծ յաջողութիւններ արձանագրել, որովհետեւ իր կողքին ունի կազմակերպուած սփիւռք:
Զեկուցումէն ետք, Խաչիկ Տէր Ղուկասեան ներկաներուն հետ զրուցելով խնդիրներուն շուրջ փոխանցեց յաւելեալ տեղեկութիւններ: