ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐՈՒՆ` ԿԱՌՉԵԼՈՒ ԻՐԵՆՑ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒՆ

Արամ Ա. կաթողիկոսի ատենապետութեամբ  տեղի ունեցած Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի համաժողովին վերջին նիստին ընթացքին, լայն քննարկումէ ետք հրապարակուեցաւ կոչ մը` ուղղուած քրիստոնեայ համայնքներուն:

Յիշեալ կոչին մէջ ընդհանուր գիծերով ներկայացնելէ ետք համաժողովին աշխատանքներուն արդիւնքը, Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու բարձրաստիճան ներկայացուցիչները հաւաքական կոչ մը ուղղեցին Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն` կառչած մնալու իրենց պարտաւորութիւններուն եւ իրաւունքներուն: Քրիստոնեաները եկուոր չեն շրջանին մէջ. անոնք կը պատկանին Միջին Արեւելքի պատմութեան ու մշակոյթին. անոնք մասնակից դարձած են շրջանին մէջ պատմական իրագործումներուն. իբրեւ համահաւասար քաղաքացիներ, անոնք իրենց պարտաւորութիւններուն կողքին պէտք է տէր կանգնին իրենց իրաւունքներուն: Նոյն կոչին մէջ նաեւ կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ քրիստոնեայ¬իսլամ  գոյակցութիւնը, որ հիմնուած է հասարակաց արժէքներու ու պարտաւորութիւններու վրայ: Համաժողովին կոչը նաեւ կը դատապարտէ ամէն տեսակի  բռնութիւն ոեւէ մէկու կողմէ ու կը թելադրէ փոխադարձ հասկացողութեամբ հարցերը լուծելու հրամայականը` շեշտելով արդարութեան, խաղաղութեան ու միասնականութեան կարեւորութիւնը ընկերութեան կեանքին մէջ:

Կիպրոսի Փաֆոս քաղաքին մէջ գումարուող Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու համաժողովը լայնօրէն քննարկեց խորհուրդի վերակառուցման ծրագիրը: Արդարեւ, նկատի ունենալով շրջանին մէջ փոխուած պայմանները, ինչպէս նաեւ եկեղեցիներու կարիքները, համաժողովը ճշդեց այնպիսի ծրագիրներ եւ աշխատելաձեւեր, որոնք համահունչ են եկեղեցիները շրջապատող ներկայ պայմաններուն ու մարտահրաւէրներուն: Ընդհանուր քննարկումի ենթարկուեցաւ նաեւ խորհուրդին վերջին չորս տարիներու տնտեսական կացութիւնը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES