ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի շեշտեց, որ Միջազգային դատական ատեանը ֆինանսաւորելու եղանակը փրկեց երկիրը եւ քաղաքական բոլոր կողմերը յաղթական դուրս բերաւ երկրին դիմագրաւած քաղաքական տագնապէն:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ նախագահ Սլէյման երէկ շատ գոհ էր` լսելէ ետք վարչապետ Միքաթիի յայտարարութիւնը:

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումը հարիւր առ հարիւր օրինական է եւ պիտի աշխուժացնէ կառավարութեան աշխատանքը:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումով կարելի չէ կառավարութեան հարցերը լուծուած նկատել:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, կառավարութիւնը իր յաջորդ նիստը պիտի գումարէ յառաջիկայ 7 դեկտեմբերին. նիստին ընթացքին կը նախատեսուի, որ դատական իշխանութիւններուն վերաբերող պետական նշանակումները կատարուին:

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ դատական ատեանի բանբեր Մարթըն Եուսեֆ ողջունեց Լիբանանի կառավարութեան որոշումը, որուն հիման վրայ կարելի եղաւ ֆինանսաւորել Լիբանանի յատուկ այդ ատեանը:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպանատունը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Լիբանանի կողմէ իրեն յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումը երկրին կողմէ կատարուելիք միջազգային յանձնառութիւններու գործադրութիւնն է, որուն շնորհիւ պիտի պահպանուի երկրին ապահովական կայունութիւնն ու ազգային միասնականութիւնը, ինչպէս նաեւ առիթ պիտի ստեղծուի` շարունակելու լիբանանեան Ազգային երկխօսութիւնը:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ ողջունեց Միջազգային դատական ատեանի ֆինանսաւորումը` նշելով, որ վարչապետ Միքաթի այս քայլով տէր կանգնած է Լիբանանի միջազգային յանձնառութեան եւ պահպանած ներքին լիբանանեան հաւասարակշռութիւնը:

ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Սելիմ Քարամ յայտնեց, որ հակառակ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորման, իրենք չեն ճանչնար այդ ատեանը:

ՆԱԽ Լիբանան երեսփոխանական համախմբումի անդամ Մոհամետ Քապպանի յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի վերածուած է Լիբանանը փրկող քաղաքական միւֆթիի:

ՓՐԿԱՐԱՐ աշխատանքի գերագոյն խորհուրդի նախագահ Իպրահիմ Պաշիր հերքեց այն լուրերը, թէ Միջազգային դատական ատեանի ֆինանսաւորումը Փրկարար աշխատանքի գերագոյն խորհուրդի քսակէն կատարուած է:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հիշամ Սաֆիէտտին յայտնեց, որ իրենց միասնականութիւնը իրենց զօրութիւնն է Լիբանանի եւ ամբողջ շրջանին մէջ` աւելցնելով, որ այդ միասնականութեան շուրջ սակարկութիւնները կտրականապէս մերժուած են:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Ուալիտ Տաուք յայտնեց, որ Միջազգային դատական ատեանի ֆինանսաւորումը հանգստացուցած է ներքին լիբանանեան կացութիւնը, փարատած լիբանանցիներուն մտահոգութիւնն ու ամրապնդած լիբանանցիներուն կայունութիւնը:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրիի խորհրդական, նախկին նախարար Մոհամետ Շաթահ յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութեան կողմէ` Միջազգային դատական ատեանը ֆինանսաւորելու առումով տրուած որոշումը, թէ՛ կառավարութեան եւ թէ՛ արդարութեան յաղթանակը կ’ապահովէ:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Իսրայէլէն բողոքագիր մը ստացած է` հարաւային Լիբանանէն զինք թիրախ դարձուցած հրթիռներուն պատճառով:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ Դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ պատահածը Դիմադրութեան զօրակցող պատուհանը փակել է` իշխանափոխութիւնը պատճառաբանելով:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Սալհապ յայտնեց, որ կառավարութեան աշխատանքը կարելի է աշխուժացնել` աշխատանքի նախարար Շարպել Նահհասի պատրաստած աշխատավարձի յաւելման յատուկ ծրագիրը վաւերացնելով:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Համատէ յայտնեց, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումով Հըզպալլա կամայ թէ ակամայ ճանչցած է Միջազգային դատական ատեանը:

ՄԵԾԱՄԱՍՆՈՒԹԵԱՆ մօտիկ աղբիւրներ «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Միջազգային դատական ատեանը ֆինանսաւորելու նպատակով վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի քայլը խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ Հըզպալլայի լռելեայն հաւանութեամբ առնուած է:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ հարաւային Լիբանանէն կատարուած հրթիռարձակումը դատապարտելի է, որովհետեւ անոր նպատակն է ապահովական կայունութիւնը խախտել:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ սուրիացի եւ պաղեստինցի գաղթականներուն իրավիճակը:

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Լիբանանի խորհուրդի նախագահ Քապալան Քապալան յայտնեց, որ իրենք պիտի տոկան եւ պիտի պայքարին, որքան ալ դժուար ըլլան պայմաններն ու տիրող կացութիւնը:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ տեղեկատու գրասենեակի նախագահ Իպրահիմ Մուսաուի յայտնեց, որ Սուրիոյ դէմ ուղղուած սպառնալիքներուն նպատակն է խզել Դիմադրութեան օղակը:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Մոհամետ Սաֆատի դրուատեց Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը ֆինանսաւորելու վարչապետ Միքաթիի նախաձեռնութիւնը:

ՍԷՅԻՏ Ալի Ֆատլալլա Աշուրայի առիթով արտասանած  իր ճառին մէջ շեշտեց, որ Իսրայէլ կը պատրաստուի ընդարձակ պատերազմի մը` աւելցնելով, որ կարգ մը արաբներու համար անհրաժեշտ է  իրենց գլուխները հողին մէջ չթաղել:

ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Նազեմ Խուրի յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման քաղաքական տարբեր ուժերը երկխօսութեան պիտի չհրաւիրէ, եթէ երկրին մէջ տիրող կացութիւնը նպաստաւոր չըլլայ:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Շարպել Նահհաս յայտնեց, որ աշխատավարձերը սրբագրելու թղթածրարը քաղաքական ենթահող ունեցող հարց մըն է` աւելցնելով, որ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին անիկա կառավարութեան կողմէ պիտի քննարկուի:

Share this Article
CATEGORIES