ՍԻՆԻՈՐԱ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊՔԵՐՔԷ ԵՒ ՊԱԼԱՄԱՆՏ

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորան, որուն միացան նաեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ, նախկին նախարար Թարեք Մըթրի, Սինիորայի խորհրդական Ռըտուան Սէյիտ եւ Իսլամ-քրիստոնեայ երկխօսութեան յանձնախումբի անդամ Մոհամետ Սամմաք:

Հանդիպումին ընթացքին Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ ինք հանգիստ կը զգայ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումով: Ան շեշտեց, որ պէտք է շարունակել Լիբանանի նուաճումները` ընդգծելով արդարութեան անհրաժեշտութիւնը:

Իր կարգին, Սինիորա յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքին հետ քննարկած է տեղական եւ շրջանային զարգացումները` նշելով շրջանին մէջ ժողովրդավարութեան բանեցման կարեւորութիւնը:

Ան ընդգծեց, որ քրիստոնեաները Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի մէջ ժողովրդավարութեան կառչած մնալու ռահվիրաներն են:

Սինիորա նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի ողջոյնները փոխանցեց Ռայի պատրիարքին:

ՊԱԼԱՄԱՆՏԻ ՄԷՋ

Անտիոքի եւ Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Իգնատիոս Դ. Հազիմ պատրիարքը երէկ Պալամանտի մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորան եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը, որմէ բացակայեցաւ Ամին Ժեմայէլ:

Հանդիպումին ընթացքին Հազիմ պատրիարքը ողջունեց Լիբանանի կողմէ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումը` զայն նկատելով ճիշդ քայլ մը:

Իր կարգին, Սինիորա շեշտեց, որ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումը լաւ քայլ մըն է, որ սակայն ամբաստանեալներուն յանձնումով ամբողջանալու կարիք ունի:

 

 

Share this Article
CATEGORIES