ՕՄԱՐ ՔԱՐԱՄԷ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍՈՒՐԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ

Դեսպան Ալի եւ Օմար ու Ֆայսալ Քարամէներ

Նախկին վարչապետ Օմար Քարամէ երէկ Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու Սուրիոյ զարգացումները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները: Ներկայ գտնուեցաւ նաեւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէ:

Հանդիպումէն ետք դեսպան Ալի յայտնեց, որ Սուրիա իր դիմագրաւած ներկայ տագնապէն դուրս պիտի գայ յաւելեալ անձեռնմխելիութիւն եւ զօրութիւն ապահոված:

Անդրադառնալով Սուրիոյ դէմ որդեգրուած պատժամիջոցներուն` Ալի յայտնեց, որ այդ պատժամիջոցներուն գործադրութիւնը սկսած է հակառակ ազդեցութիւն ունենալ զանոնք որդեգրողներուն վրայ:

Ան շեշտեց, որ շրջափակումին հետ Սուրիա երկար պատմութիւն ունի` աւելցնելով, որ ան լաւ գիտէ դիմադրել ամէն տեսակ շրջափակումի:

«Սուրիոյ մէջ կայ ներքին ինքնաբաւ կացութիւն մը եւ պէտք է նկատի ունենալ, որ աշխարհին միւս հզօր կէսին բաղկացուցիչները, ինչպէս` Ռուսիան, Չինաստանը, Պրազիլը, Հարաւային Ափրիկէն եւ Իրանը, Սուրիոյ դաշնակիցներ են, ինչպէս նաեւ յարաբերութիւնները լաւ են արաբական երկիրներուն հետ», ըսաւ Ալի:

Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանի ֆինանսաւորման մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ալի ըսաւ. «Մենք ներքին լիբանանեան հարցերու չենք միջամտեր, սակայն կ՛ողջունենք ամէն ճիգ, որ ի գործ կը դրուի Լիբանանը հզօրացնելու եւ անոր կայունութիւնը ամրապնդելու նպատակով: Սուրիա կը փափաքի, որ Լիբանանը իսրայէլեան վտանգներուն դէմ անձեռնմխելի մնայ իր ժողովուրդով, բանակով եւ Դիմադրութեամբ»:

Ալի հաստատեց, որ Լիբանանէն դէպի Սուրիա զէնքի եւ զինամթերքի մաքսանենգումը ամէնօրեայ դրութեամբ կը կատարուի:

Share this Article
CATEGORIES