ՆԱԽԱՐԱՐ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԶՕՐ. ԱՈՒՆԻ
Ճարտարարուեստի սեփականատէրերու միութեան մէկ պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեանի, այցելեց Ռապիէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ:
Հանդիպումէն ետք նախարար Սապունճեան յայտնեց, որ այցելութիւնը շատ կարեւոր է` աւելցնելով, որ պատուիրակութիւնը զօր. Աունի հետ քննարկած է ճարտարարուեստի կացութեան վերաբերող հարցերը:
Պատասխանելով աշխատավարձերուն մասին հարցումի մը` Վ. Սապունճեան յայտնեց, որ կայ առաջարկ մը, որուն հիման վրայ զբօսաշրջութեան, տնտեսութեան եւ ճարտարարուեստի նախարարները պիտի համագործակցին` հասնելու համար այնպիսի արդիւնքներու, որպէսզի Լիբանանի արդիւնաբերութիւնը բարելաւուի: Ան աւելցուց, որ աշխատավարձերու յաւելման առումով սկսած են բանակցութեանց հանգրուանի մը, որպէսզի կարենան բոլոր հարցերուն լուծում ապահովել:
Իր կարգին, Ճարտարարուեստի սեփականատէրերու միութեան փոխնախագահ Զիատ Պաքտաշ նշեց, որ իրենց դռները բաց են, եւ աշխատավարձերու յաւելման ծրագիրին մասին բանակցութիւնները կը շարունակուին: «Մենք աշխատաւորներուն դէմ չենք, այլ` նոյն խրամատին մէջ կը գտնուինք», աւելցուց Պաքտաշ:

