ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ. «ՀԸԶՊԱԼԼԱ ՊԻՏԻ ՀԱՍԿՆԱՅ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԴԱՏԱԿԱՆ ԱՏԵԱՆԻՆ ՖԻՆԱՆՍԱՒՈՐՄԱՆ ՔԱՅԼԸ ԵՒ ՄԵՐ ԴԻՄԱԳՐԱՒԱԾ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻՆ ԶԳԱՅՆՈՒԹԻՒՆԸ»
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի յայտնեց, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը ֆինանսաւորելու առումով իր տուած որոշումը հիմնական քայլ մըն է` կառավարութեան աշխատանքին շրջագիծին մէջ:
Ան կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն այդ քայլը ընդունելու իբրեւ Լիբանանի շահերը ապահովող քայլ մը:
Վարչապետ Միքաթի աւելցուց, որ այդ որոշումը տալէ ետք, կառավարութիւնը կրնայ յաւելեալ լրջութեամբ հետեւիլ լիբանանցիները յուզող հարցերուն լուծումներ ապահովելու ջանքերուն:
Վարչապետը հաստատեց, որ ինք կառավարութիւնը յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին նիստի մը պիտի հրաւիրէ` քննարկելու համար ընկերային, վարչական եւ բարգաւաճման վերաբերող թղթածրարներ:
Վարչապետ Միքաթի ընդգծեց, որ Միջազգային դատական ատեանը ֆինանսաւորելու իր որոշումը հասկնալի պիտի դառնայ Հըզպալլայի կողմէ:
Վարչապետ Միքաթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի կողմէ, որ ողջունեց այդ որոշումը եւ կոչ ուղղեց Լիբանանի ապահովական կայունութիւնն ու խաղաղութիւնը ամրապնդելու:
Միւս կողմէ, վարչապետարանին մէջ Միքաթի նախագահեց քարիւղի պեղման յատուկ նախարարական յանձնախումբի նիստին` ներկայութեամբ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլի, առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլի, կենսոլորտի նախարար Նազեմ Խուրիի եւ արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուիի:
Նախքան այդ նիստին գումարումը, վարչապետ Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ Պասիլի հետ:
Մեկնումի պահուն նախարար Պասիլ յայտնեց, որ վարչապետ Միքաթիի հետ քննարկած է կառավարութեան վերաբերող հարցեր: