ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ. «ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐԸ ՊԱՇՏՊԱՆԵԼՈՒ ԱՆԿԻՒՆԱՔԱՐԸ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ ՎԱՐՉԱԿԱՐԳՆ Է»
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Մարդկային իրաւունքներու կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն Քենիթ Ռութը, որուն ընկերակցեցաւ կազմակերպութեան մէկ պատուիրակութիւնը:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Սլէյման յայտնեց, որ մարդկային իրաւունքները յարգելու եւ պաշտպանելու անկիւնաքարը ժողովրդավարական վարչակարգն է` աւելցնելով նաեւ, որ շրջանին մէջ Լիբանան ոչ միայն իւրայատուկ է իր ժողովրդավարութեամբ, այլեւ` մարդկային արժանիքներու տէր ըլլալու, ազատութիւններն ու մարդկային իրաւունքները յարգելու, ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու եւ բռնարարքներն ու ծայրայեղութիւնը սանձելու իրականութեամբ:
Պատուիրակութիւնը նախագահ Սլէյմանէն խնդրեց, որ Արաբական լիկային ներկայացնէ առաջարկ մը, որուն հիման վրայ արաբական երկիրներուն դէմ տարանջատուող ռումբերուն օգտագործումը արգիլող միջազգային համաձայնագիրներ ստորագրեն, ինչպէս կատարած է Լիբանանը:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ երեսփոխան Քազեմ Խէյր, նախկին նախարար Ժոզեֆ Հաշեմ եւ Հիուար կուսակցութեան նախագահ Ֆուատ Մախզումի: