ԴԵՍՊԱՆ ՔՈՉԱՐԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ՊԱԼԱՏ
Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան երէկ այցելեց նախագահական պալատ, ուր ընդունուեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի կողմէ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին նախագահ Սլէյմանի Հայաստան կատարելիք պաշտօնական այցելութեան նախապատրաստական աշխատանքները:
CATEGORIES Լիբանանեան


