«ՄԻՔԱԹԻԻ ԵԼՔԻՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆ ՉԸԼԼԱԼՈՎ ՀԱՆԴԵՐՁ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ ՀԱՐՑ ՊԻՏԻ ՉՍՏԵՂԾԵՆՔ` ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՇԱՀԵՐԸ ՆԿԱՏԵԼՈՎ ԳԵՐԱԴԱՍ» ՇԵՇՏԵՑ ՍԷՅԻՏ ՆԱՍՐԱԼԼԱ

Սէյիտ Նասրալլա` պատկերասփռուած ճառին ընթացքին

Երէկ երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Հարաւային արուարձաններու «Սէյիտ Շուհատա» համալիրին մէջ տեղի ունեցող Աշուրայի նուիրուած ողբի երեկոներուն շրջագիծին մէջ, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն ընթացքին յայտարարեց Հըզպալլայի կեցուածքը` Միջազգային դատական ատեանը ֆինանսաւորելու վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի որոշումին մասին:

Սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ իր խօսքը պիտի բաղկանայ հիմնական երկու մասերէ. առաջին բաժինը կը վերաբերի Լիբանանի մէջ օգտագործուող գրգռիչ ոճին, իսկ երկրորդ բաժինը` Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորման ու կառավարութեան տագնապին:

Առաջին բաժինին մասին խօսելով` սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ տարիներէ ի վեր Մուսթաքպալ հոսանքը համայնքային ու յարանուանական գրգռութիւններ հրահրող ոճ եւ բառամթերք կ՛օգտագործէ: «Այս իրականութիւնը շատ վտանգաւոր է եւ անհրաժեշտ է զգուշանալ անկէ: Լիբանանցիները պէտք է իմանան, որ երկրին մէջ արձանագրուած իրադարձութիւնները քաղաքական տագնապներ են եւ ոչ թէ կրօնի կամ յարանուանութիւններու վերաբերող տագնապներ: Այսինքն` եթէ հանրապետութեան նախագահին հասցէին քննադատութիւն մը կատարուի, մարոնի համայնքին դէմ քննադատութիւն պէտք չէ նկատել այդ մէկը», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա:

Ան կոչ ուղղեց Մուսթաքպալ հոսանքին վերջ տալու տեղեկատուական այն քաղաքականութեան, որ կը միտի համայնքային եւ յարանուանական գրգռութիւններ պատճառել:

Անդրադառնալով Մուսթաքպալ հոսանքին պատճառած հրահրումներուն` սէյիտ Նասրալլա կտրականապէս մերժեց այն յայտարարութիւնները, թէ Թրիփոլիի մէջ գտնուող Հըզպալլայի դաշնակիցները գործակալներ են` աւելցնելով, որ Թրիփոլիի քաղաքական կեանքին մէջ դերակատարութիւն ունեցած ընտանիքները արժանապատիւ են եւ անոնք հոն կը գտնուին Մուսթաքպալ հոսանքի գոյութենէն առաջ: «Իսկ մեր յարաբերութիւնը հիմնուած է անկեղծութեան ու հաւատարմութեան վրայ եւ մեր բարեկամութեան ծիրին մէջ իւրաքանչիւրս պատիւ կը զգայ միւսին դաշնակիցը ըլլալու առումով», ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց հաւասարակշռուած եւ համայնքային ու յարանուանական գրգռութիւններէ զերծ բառամթերքի օգտագործման անհրաժեշտութիւնը:

Ապա ան ակնարկեց նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կառավարութեան` աւելցնելով, որ իրենք ամենայն անկեղծութեամբ աշխատեցան ու գործակցեցան, որպէսզի կարելի ըլլայ ազգային միասնականութեան այդ կառավարութիւնը յաջողցնել, սակայն հակառակ այդ ջանքերուն, կառավարութիւնը ձախողեցաւ:

«Իսկ երբ ընդդիմութիւնը կ՛ուղղուէր սիւննի նոր անձնաւորութիւն մը փնտռելու, որպէսզի զայն վարչապետ նշանակէ, ապա Պէյրութ ժամանեց քաթարեան-թրքական միջամտութիւնը, որ ներկայացուց հիմնական երկու բանաձեւեր, որոնցմէ առաջինը պիտի յայտարարուէր, իսկ երկրորդը պիտի մնար գաղտնի եւ որ պիտի կրէր իշխանութեան երեք պետերուն` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ օրուան վարչապետ Սաատ Հարիրիի ստորագրութիւնը, իսկ այդ բանաձեւերուն բովանդակութիւնը պիտի երաշխաւորէին Ֆրանսան, Միացեալ Նահանգները, Սէուտական Արաբիան, Քաթարը, Թուրքիան եւ Սուրիան:

«Այս համաձայնագիրին բանաձեւումին մէջ նշուած էր, որ Սաատ Հարիրի յանձնառու է կասեցնելու Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումը, այդ ատեանին մաս կազմող լիբանանցի դատաւորները տուն կանչելու եւ Միջազգային դատական ատեանին ու Լիբանանին միջեւ գործակցութիւնը կասեցնելու: Սակայն այս բոլորը պիտի կատարուէին, եթէ ընդդիմութիւնը խոստանար Սաատ Հարիրին վարչապետ պահել եւ անոր կառավարութիւնը չտապալել, ինչպէս նաեւ պահպանել անոր քաղաքական, ապահովական եւ դատական ամբողջ անձնակազմը», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա:

Ան ընդգծեց, որ հակառակ անոր որ այդ համաձայնագիրը իրենց շահերուն կը ծառայէր, իրենք մերժեցին` շեշտելով, որ Լիբանանի գերագոյն շահերը կը գերադասեն կուսակցական անձնական շահերը: Այս ծիրին մէջ ան շեշտեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը չէ, որ ձախողեցուցած է քաթարեան-թրքական միջամտութիւնը:

«Իսկ այս հանգրուանին Մարտ 14-ի ներկայացուցիչները վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ բացին Միջազգային դատական ատեանը ֆինանսաւորելու պայքարը` գիտնալով հանդերձ, որ իրենց ղեկավարը հրաժարած է ֆինանսաւորումէն եւ այդ ատեանին հետ գործակցելէ` միայն երկրին իշխանութեան վրայ մնալու համար», շեշտեց սէյիտ Նասրալլա:

Ան ըսաւ, որ Միքաթիի կառավարութեան կազմութեան առաջին օրէն իսկ, իրենք Միքաթիին նախապայմաններ չեն առաջադրած կամ պարտադրած:

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը հաստատեց, որ իրենք կառչած կը մնան իրենց այն համոզումին, թէ Միջազգային դատական ատեանը քաղաքականացած, անարդար, ապօրինի, ինչպէս նաեւ ամերիկեան-իսրայէլեան ատեան մըն է, որ թիրախ կը դարձնէ Դիմադրութիւնը:

«Մենք կը կարծենք, որ Միքաթի ինքզինք նեղ կացութեան մէջ դրաւ` ֆինանսաւորումի յանձնառութեան պատասխանատուութեան իմաստով եւ գիտնալով հանդերձ, որ կառավարութիւնը իր հրաժարելուն գնով պիտի մերժէ ֆինանսաւորումը, դիմեց այլ ելքի մը: Մենք կը շարունակենք մերժել այդ ատեանին ֆինանսաւորումը, անոր հետ գործակցութիւնը, բայց եւ այնպէս կը պահանջենք վարչապետ Միքաթիէն արդար եւ յանձնառու ըլլալ նաեւ այդ ատեանին պատճառով չորս տարի առանց յանցանքի բանտարկուած սպաներուն նկատմամբ, վերաբանալ սուտ վկաներուն թղթածրարը եւ սկսիլ անոր քննարկումին` Արդարութեան գերագոյն խորհուրդին միջոցով, ինչպէս նաեւ կառավարութեան աշխատանքներուն նոր թափ մը տալ եւ դառնալ գործօն եւ արդիւնաբեր կառավարութիւն», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա` աւելցնելով, որ Հըզպալլա կը զօրակցի Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումին կողմէ ներկայացուած բոլոր օրինագիծերուն եւ ծրագիրներուն, որոնք կառավարութեան առիթ կու տան` նորանոր նուաճումներ արձանագրելու:

 

Share this Article
CATEGORIES