ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԵՆ ՕԳՏԱԳՈՐԾԵԼՈՒ ՎԻԼՆԻՈՒՍԻ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ ԿԱՐԵԼԻՈՒԹԻՒՆԸ
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները նախանցեալ օր հրապարակեցին յայտարարութիւն մը` ամփոփելով շրջան կատարած իրենց այցելութեան արդիւնքները:
Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն, արտաքին գործոց նախարարներուն եւ պաշտպանութեան նախարարներուն հետ հանդիպումներուն ժամանակ վերահաստատած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի երկարատեւ եւ խաղաղ լուծման հասնելու գործին մէջ կողմերուն օգնելու` իրենց երկիրներուն յանձնառութիւնը:
Անդրադառնալով շփման գիծին վրայ տեղի ունեցած միջադէպերուն վերաբերեալ վերջին հաղորդումներուն, միջնորդները երկու նախագահներուն հետ հանդիպումներուն ընթացքին շեշտեցին զինադադարի մասին 1994-ին ձեռք բերուած համաձայնութիւնը յարգելու կարեւորութիւնը: Համանախագահները վերստին ընդգծեցին, որ այսպիսի միջադէպեր ցոյց կու տան անոնց հետաքննութեան առաջարկուող մեքանիզմի կիրարկման կարիքը, որուն նախագահները սկզբունքով համաձայնած են: Քննարկուեցան նաեւ ժողովուրդներուն միջեւ յարաբերութիւններու ճամբով վստահութեան ամրապնդման յաւելեալ նախաձեռնութիւններու եւ պաշտամունքի, մշակութային վայրերու եւ գերեզմանատուներու պահպանումին ուղղուած ջանքերուն հետ կապուած հարցեր:
Համանախագահները յայտնեցին, որ 29 նոյեմբերին իրենք ոտքով անցած են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմանը եւ հանդիպած են տեղական պաշտօնեաներու հետ` քննարկելու սահմանամերձ շրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող իրավիճակը:
Փաստաթուղթին մէջ նշուած է, որ 30 նոյեմբերին համանախագահները հանդիպեցան Լեռնային Ղարաբաղի ազրպէյճանցիներու ներկայացուցիչներուն հետ եւ ընդգծեցին, որ խաղաղ լուծումը պէտք է ներառէ իրենց բնակութեան նախկին վայրերը վերադառնալու` ներքին տեղահանուած անձերու եւ փախստականներու իրաւունքը:
Միջնորդները իրենց յայտարարութիւնը կ՛եզրափակեն դեկտեմբերին Վիլնիուսի մէջ տեղի ունենալիք ԵԱՀԿ-ի նախարարական խորհուրդի հանդիպման անդրադարձով` կողմերուն կոչ ուղղելով «օգտագործելու այդ կարելիութիւնը` վերահաստատելու իրենց նուիրուածութիւնը խաղաղ լուծման որոնման եւ անընդունելի սթաթիւս քոյի յաղթահարման»:
«ՍԹԱԹԻՒՍ ՔՈՅԻ ՊԱՀՊԱՆՈՒՄԸ ԱՆԸՆԴՈՒՆԵԼԻ Է» Կ՛ԸՍԷ ԻԿՈՐ ՓՈՓՈՎ
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ռուս համանախագահ Իկոր Փոփով «Սալամնիուզ» կայքէջին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է, որ հայ-ազրպէյճանական շփման գիծին վրայ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւնները ցոյց կու տան, որ անհրաժեշտ է սահմանամերձ շրջաններուն մէջ միջադէպերու հետաքննութեան մեքանիզմը կեանքի կոչել:
«Մենք յոյսով ենք, որ կողմերը պիտի օգտուին այս ամիս Վիլնիուսի մէջ տեղի ունենալիք ԵԱՀԿ-ի նախարարներու խորհուրդի նիստէն եւ պիտի ընդունին կարեւորութիւնը դուրս գալու տագնապի խաղաղ լուծման եւ սթաթիւս քոյի շրջանակէն, որուն պահպանումը անթոյլատրելի է: Մենք այդ հանդիպումին հետ յոյսեր կը կապենք», ըսած է ան:
Ռուս համանախագահը աւելցուցած է, որ համանախագահներու շրջան հերթական այցելութիւնը յաջորդ տարի նախատեսուած է:


