ԸՄԲՇԱՄԱՐՏ. ԵՈՒՐԻ ՊԱՏՐԻԿԷԵՒ` ՆԻՍԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔԻՆ ՅԱՂԹԱԿԱՆ

Armsport.am հայկական մարզական լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ Հայաստանը ներկայացնող եւ յունահռոմէական ոճին մէջ հանդէս եկող գերծանր դասակարգի մարզիչ Եուրի Պատրիկէեւ, տիրացաւ Նիսի (Ֆրանսա) մրցաշարքի տիտղոսին:

Անիկա կը յայտնէ, որ այս մէկը իրեն ուղղակիօրէն փոխանցած է Պատրիկէեւի անձնական մարզիչ Սամուէլ Գէորգեան:

Նշենք, որ Գէորգեան նաեւ կը հանդիսանայ Արսէն Ջուլֆալակեանի անձնական մարզիչը: Արսէն, որ արդէն իսկ ապահոված է 2012-ի Լոնտոնի ողիմպիականի խաղերուն իր տոմսը, այժմ շատ լուրջ փորձեր կը կատարէ, որպէսզի կարենայ Անգլիոյ մէջ լաւ արդիւնք արձանագրել:

Share this Article
CATEGORIES