ԱՆՏՐԷԱ ՓԱՈՒԼԻ ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՅ ՊԷՅՐՈՒԹ

Այսօր` ուրբաթ, 2 դեկտեմբերին, Պէյրութ կը վերադառնայ լիբանանցի մարզիկ Անտրէա Փաուլի, որ յաջողեցաւ 2012-ի Լոնտոնի Ողիմպիականի խաղերուն տոմս մը ապահովել` մասնակցելէ ետք Ասիոյ թեքուանտոյի զտումի մրցումներուն (57 քկ դասակարգին մէջ):

Պանքոքի մէջ (Թայլանտ) տեղի ունեցած զտումի այս մրցումներուն, Փաուլիէն բացի Լիբանանի ազգային խումբին մաս կը կազմէին նաեւ Միշել Սըմահա (68 քկ) եւ Էլիաս Հըտարի (80 քկ եւ վեր):

Նշենք, որ լիբանանեան պատուիրակութիւնը, որ արդէն իսկ նախանցեալ օր վերադարձաւ Պէյրութ, արժանացաւ ջերմ ընդունելութեան:

Սակայն Փաուլի փափաքեցաւ քանի մը օրով մեկնիլ Սինկափուր` տեսնելու համար իր ընտանեկան պարագաները:

Share this Article
CATEGORIES