50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (3 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 1961)

ՀԱՅԱՍՏԱՆ

ԱՌԱՆՑ ՀՈՂԻ ԲԵՐՔ

ՀԱՅ ԲՈՒՍԱԲԱՆՆԵՐՈՒ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

Բերքը առանց հողի, այսինքն արուեստական միջոցներով աճեցնելու ձեւ մը գտած էին վերջերս հայ բուսաբանները: Այժմ հայ բուսաբանները յաջողած են շինել ինքնաշխատ փոքր ծաւալ ունեցող «գործարան» մը, որուն մասին հետեւեալ տեղեկութիւնները կու տայ ակադ. Գ. Դաւթեան:

– Մօտաւորապէս երեք մեթր բարձրութեամբ, 3×4 մեթր չափերով փոքրիկ մեկուսացուած սենեակի մը մէջ յատկապէս շինուած վեց դարակներու վրայ, վեց օրուան ընթացքին կարելի է բուսցնել կենսանիւթերով եւ մանրէի տարրերով հարուստ կանաչ հիւթալի հացաբոյսի խոտ: Սենեակին լուսաւորումը, ջերմաստիճանը, օդին խոնաւութիւնն եւ փոփոխութիւնը, ինչպէս նաեւ սնուցիչ բաղադրութեան մատակարարումը կը կատարուին ինքնաշխատ (օթոմաթիք) ձեւով: Այս ձեւի փոքրիկ «գործարան» մը կրնայ ամբողջ տարին կանաչ կերով ապահովել քսան-երեսուն կով կամ 4-5 հազար հաւ, եթէ ամէն օր բերք տայ: Ասոր համար անհրաժեշտ է ցանել միայն մէկ հեկտար գարի, տարեկան, վարսակ կամ եգիպտացորեն:

Այս տեսակ «գործարաններուն» բերքը շատ աւելի է բնական պայմաններով ստացուած բերքերէն: Իւրաքանչիւր քառակուսի մեթրը հինգ հազար եւ աւելի անգամ կը գերազանցէ մեր բնական խոտերուն բերքը: Սովորաբար մէկ հեկտար բնական խոտհարքը կու տայ 30-40 ցենտներ(մէկ ցենտներ = հարիւր քիլոկրամ) թարմ խոտ, մինչդեռ ինքնաշխատ «գործարան»ին մէջ այդքան կեր կը ստացուի 1 – 2 քառակուսի մեթրէն:

Արժէ նշել նաեւ, որ այս ձեւով ստացուած կերը բարձր  է որակով եւ կ՛ապահովէ կաթնատուութիւնը, կաթին իւղոտութիւնը, զարկ կու տայ ճուտերուն մէջտեղ գալուն, կը նուազեցնէ ստերջութիւնը եւ անասնաբուծական ծախքերը:

Share this Article
CATEGORIES