ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆԸ…

ԵԴՈՒԱՐԴ ՊՕՅԱՃԵԱՆ

1

Հայ է` նախ եւ առաջ, զտուած հայ տղամարդ` ամէնօրեայ ինքնասրբագրումի արժանաւորութեամբ. սխալ արարքի մը պարագային, կրնայ ինքզինք դատել, դատապարտել, ինքն իր մասին մահապատիժ արձակել: Չափազանց անյիշաչար չափազանց ներողամիտ` ուրիշներու հանդէպ, այլ` եզական խստութեան մը գործադիրն է իր անձին նկատմամբ յանցագործութեան մը ատեն: Ներքին հարուածը աւելի անողորմ է, քան` որեւէ արտաքին հարուած: Խառնուածքի, մտայնութեան ու կուսակցական դաստիարակութեան այս հանապազօրեայ կիրարկումը, դաշնակցականը ըրած է հայ կեանքի գերընտիր անհատներէն, կէս ու աւելի դարու մը տարածքին վրայ:

Անհամեմատ է մա՛նաւանդ իր բծախնդրութիւնը հանրային գործերու մէջ. անտարբեր կամ կրաւորական կեցուածք մը, իր հայեցակէտով համազօր է դասալքութեան, դաւաճանութեան, ոճիրի: Պիտի ճշդես ինքզինքդ, ըսես, ընես, գործես:

Եւ հանրային որեւէ գործի առիթով ան ունեցած է իր որոշ համոզումը, տեսակէտը, դիրքը, գործը: Ստանձնած է միշտ ալ պատասխանատուութիւններ, փախած չէ անոնցմէ, չէ խուսափած, չէ անճրկած. տարած աշխատանքը ուղղամտօրէն, անշահախնդրօրէն, առանց վերապահութեան, նկատի առնելով դրական ամէն քննադատութիւն այդ միջոցին, քանի որ նեղմտութիւնը օտար է իր անձին եւ կազմակերպութեան իրենց տրուած դաստիարակութեան:

Մէկ ձեռքով աշխատանք մը չէ իրը, այլ` երկու ձեռքով, այլ` ամբողջ հոգիով, այլ` եռանդի ընդհանուր զօրաշարժով: Չ՛ըներ գործ` համակրանք, ձայն ու քուէ շահելու դիտումով, այլ կ՛ընէ, որպէսզի գործը ըլլայ, հանրային շահը մեծնայ, աճի: Զոհաբերող էակ է ան: Կը տրամադրէ հայ ժողովուրդին` ինչ որ կայ իր գոյութեան պարունակին մէջ. կը տրամադրէ բազուկը, միտքը, արիւնը, կը տրամադրէ հոգին` հոգիին բովանդակ տարողութեամբ: Եւ ինքզինք հայ մեծ, հայ անպարփակ ազգին տրամադրելուն պահը  ամէնէն շքեղն է պահերուն մէջ քանի որ ինքնաբաշխումի այդ ատեններուն է, որ դաշնակցականը կը մեծնայ, կ՛առատանայ, կը բազմապատկուի:

2

Մարդ է պարզ. թէեւ խոշոր ու խորունկ, թէեւ կշիռքի չեկող ապրումներ ունի ան. ազգային ու հասարակական կեանքի այդ ապրումները, իրենց զօրութենական բնոյթով բառ ու բացատրութենէ անդին ըլլալով հանդերձ, պարզ են, որովհետեւ կը մնան միշտ ուղիղ, միշտ մաքուր. եկամուտ տարրեր, խորթ ու թնճուկ վարդապետութիւններ իրենց յաւելեալ կեղտը չեն դրած այդ ապրումներուն վրայ. անձնական կամ հատուածական ոլորպտոյտ հաշիւներ չեն ծածկեր յատակը իր հայրենասիրութեան, որ պայծառ մնալու ուխտով մըն է կնքուած:

Կը շեշտեմ. պարզ մարդ է ամէն դաշնակցական- որովհետեւ ան կը նայի հայ իրականութեան վրայ բիւրեղացած գաղափարներու մէջէն: Իր որոշումը տրուած է, ճամբան գծուած` կէս ու աւելի դար առաջ, հայ պատմութեան համաձայնութեամբ, մա՛նաւանդ դրդումով: Մահ կամ ազատութիւն. կուսակցական իր այս կտրուկ նշանաբանին տակ կը կրճատուին հոս հետեւեալ իմաստները. հայրենիքին ազատագրութիւնը, անոր նիւթական ու բարոյական իրաւունքներուն ամբողջական ստացումը, հայ ժողովուրդին բարօրութիւնը ընկերվար իրաւակարգի տակ:

Համառօտ տողերու բերուած ազգային այս բաղձանքներուն` դաշնակցականը կը ստորադասէ ուրիշ ամէն բաղձանք:

Պարզ է ինք. բայց ուրիշ շատեր պարզ չեն. կնճռոտ է անոնց մտածումը ու սեւեռումէ զուրկ. հոգին տափակութիւններով ու գռեհկութեամբ շաղապատուած: Ճնշուած է անոնց ներքին աշխարհը անհամ նկատումներու դէզի մը տակ. հաշիւ ու ստրկութիւն կը հոտին. հայրենիքի մարդիկ չեն. պազարի հոգեբանութեամբ եւ ընդունակ` հայրենիք մը պազարի վերածելու: Անմաքուր կիրքի ամպ մը կը ծանրանայ անոնց ողջ էութեան վրայ: Որովհետեւ սեփական դիմագիծ չունին, պարտաւորութեան տակ են փոխառեալ դիմագծով հրապարակ գալու. դաշնակցականը իր ազգային դէմք ունի, հակադաշնակցականը ունի ազգային դիմակ մը. որով` դէմքի ու դիմակի տարբերութիւնն է, որ կայ դաշնակցականի եւ իր հակառակորդներուն միջեւ, դիմակները կը փոխուին սակայն, իսկ դէմքը կը մնայ, մէկը կը մաշի, միւսը` երբեք:

Եզրակացութիւն. դէմքով եղած հայրենասիրութիւնը իրական է, դիմակովը, ամէնէն հնարամիտ քողարկումներէ վերջ իսկ` թատերական: Այսօր բացայայտ իրողութիւն է այլեւս, որ դերասանական գործունէութիւն մը կայ հայ կեանքին մէջ, հայ կեանքի գործատեղիներուն շուրջ: Որպէսի թէ ներկայացումի կարմիր ճաշակ ունեցող դատարկապորտ մարդիկ, ծանր որովայնով ռամկավարներու ընկերակցութեամբ, կեղծ հայրենասիրութիւն ու նաեւ կեղծ բոլշեւիզմ կը խաղան արտասահմանի մէջ: Դաշնակցականը կը մաղթէ, որ գոնէ աւելի քան խայտառակ արարուածով մը չվերջանայ հանրային այս այլանդակ քարնաւալը:

3

Կարգապահ է ան. ե՛ւ ունի ուխտ, ե՛ւ ունի տոկուն նկարագիր: Խիզախ է, կամքի տէր. յաղթանակը չի գինովցներ զինք եւ ոչ ալ պարտութիւնը կրնայ ընճել. իր կուսակցական տարիքը կը սկսի իր ուխտով ու կը վերջնայ մահուամբ: Հայրենիքին հանդէպ իր հոգեբանութիւնը վարձակալի հոգեբանութիւն չէ, այլ` տանտէրի, այլ` օրինաւոր ժառանգորդի: Կազմակերպութիւնը, որուն զաւակն է ինք, հայ արիւնի արտայայտութիւն է, հայ արիւնի եռեւեփ, հայ արիւնի սաղմաւորում:

Պայքարող է դաշնակցականը եւ պայքարին մէջ ուղղամիտ. կը սիրէ շարժումը կենդանութիւնը գաղափարական բախումները, ռազմադաշտը չի լքեր. կը կենայ հպարտ, կը նայի ուղիղ. բարի է. չի հարուածեր եղբայր  մը, իսկ թշնամիին համար իր բռունցքը ահաւոր է, անողորմ. ազգակից հակառակորդներուն հանդէպ իր կեցուածքը մեծ եղբօր մը կեցուածքն է կրտսեր եղբօր դիմաց, իր դերը հոս ծանր յանդիմանութիւններն են, ուղղումներն են, դաստիարակութիւն տալն է. չե՞ն հաւնիր, կու տան արմո՞ւկ, կի՞ց, կ՛ընե՞ն խոշոր սպառնալիքներ, կը բամբասե՞ն, կ՛անուանարկե՞ն, կ՛ուրանան. ցաւալի է. պատմութիւնը կ՛արձանագրէ իւրաքանչիւրին արժէքը, կու տայ համապատասխան որակումները. մինչ այդ դաշնակցականը կը տանի իր գործը, կը տանի ազգային մեծ պատասխանատուութիւններուն դժուար, այլեւ քաղցր բեռը: Դաշնակցականը գերազանցապէս գաղափարական էակ է, եւ կազմակերպութիւնը, այն մեծ ընտանիքը, որուն կը պատկանի ինք, անսասան գաղափարներու հզօր աշխարհ մըն է:

Դաշնակցութիւնը իր կատարելութեան ապրումին մէջ բառերուն միւս կողմն է, արտայայտութեանց ուժէն անդին. դաշնակցականին ճիգը այդ խորունկ ապրումին տեւական նուաճումն է եղած ցարդ, ու այդպէս ալ պիտի ըլլայ ասկէ ետք: Ըսի, թէ պայքարէն կ՛ախորժի, երբ պայքարը կը թելադրուի ազգային բարձր շահերէն. աւելցնեմ` որ պայքարները կը մեծցնեն զինքն ու իր կուսակցութիւնը. կը մաքրեն, կ՛ընեն աւելի ուղիղ, աւելի հարազատ, աւելի զոհաբեր: Հալածանքէն, ուրկէ ալ որ գայ ան, դաշնակցականը չի վախնար: Հալածուելով, նոր զօրութիւն ու անսպառ եռանդ կը ներարկուի իր մէջ: Հալածանքը` եթէ ճիշդ է, որ կարգ մը ջիղեր կրնայ քանդել, ճիշդ է նոյնպէս, որ որոշ ջիղերու համար ալ միակ զօրացուցիչն է, զոր կարելի է յանձնարարել:

Դաշնակցականը ջիղերու ամրացման իր մարզանքը ըրած է շատոնց. անոր ջիղերուն դէմ մարտնչումի ելած են սուլթաններ, նահանգային վալիներ, աշիրէթապետներ, մատնիչներ. ցարական ոստիկանութեան ապրող մարդը, եթէ եկած է Կովկաս պէտք է դեռ մոռցած չըլլայ իր ժամանակի հալածանքներուն տուած արդիւնքը: Ջլամարտը կրնայ նորոյթ մը եղած ըլլալ շատ շատերուն, դաշնակցականին համար ան 50 տարի առաջ հինցաւ արդէն: Չի՞ տարուիր դաշնակցականին վրայ յաղթանակ. կը տարուի. եւ դիւրութեամբ, ու սա ձեւով.-

Կը հոգաս հայ ժողովուրդը` իրմէ աւելի, հայկական իրաւունքները` աւելի. մշակոյթը` աւելի: Կու տաս ազատութիւն, կը պարտադրես հսկայ աշխատանք. կ՛ըլլաս խղճամիտ. կը հալածես իսկապէս վատը,  իսկապէս ապազգայինը, իսկապէս վտանգաւորը. անոնք` որոնք սուրբ մը չտուին հայ հողին, չդրին նահատակի մը խոցոտուած մարմինը հայրենի ժայռի մը տակ, անոնք` որոնք չունեցան բանտարկեալ մը, ըմբոստ մը, աքսորավայրերու մէջ զօրաւոր ներկայ մը. անոնք` որոնք կաթիլ մը քրտինքով իսկ չքրտնեցան երկրին մէջ, որոնք հեռու մնացին, շահեցան դրամ, կերան հաց ու պարեցին:

Կը հալածե՞ս Քրիստափորին, Զաւարեանին, Արամ Մանուկեանին ժառանգորդը, կը հալածե՞ս Աղբիւր Սերոբին, Հրայրին, Մուրատին, Անդրանիկին, Գէորգ Չաւուշին ժառանգորդ տղան: Կը հալածե՞ս վերջապէս Րաֆֆիին, Ահարոնեանին, Վարուժանին, Սիամանթոյին, Զարդարեանին դրօշակիրը: Դեռ քանի անուններ կրնամ յիշել քեզ ու քանիները մոռնալ: Թող համրէ՞ դաշնակցականը իր հերոսները, նահատակները, նուիրեալները, հայրենիքին համար. կը համրուի՞ն, կա՞յ անոնց թիւը, կը չափուի՞ անոնց որակը: Նոյն խմորէն թրծուած են բոլորը, բոլո՛ր դաշնակցականները: Անոնք հայ են նախ եւ առաջ, զտուած հայ տղամարդ` ամէնօրեայ ինքնասրբագրումի արժանաւորութեամբ:

Դաշնակցականը մարդ է պարզ, թէեւ խոշոր ու խորունկ, թէեւ կշիռքի չեկող ապրումներ ունի ան. ազգային եւ հասարակական  կեանքի այդ ապրումները, իրենց զօրութենական բնոյթով` բառ ու բացատրութենէ անդին: Անոր որոշումը տրուած է, ճամբան գծուած` կէս ու աւելի դար առաջ,- Մահ կամ ազատութիւն, ու այս հայ պատմութեան համաձայնութեամբ, մա՛նաւանդ` դրդումով…

1946

Share this Article
CATEGORIES