«ՄԵԾ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԻՐԵՆՑ ՊԱՏՄՈՒԹԵՆԷՆ ՉԵՆ ՎԱԽՆԱՐ. ԱՐԽԻՒՆԵՐԸ ԹՈՂ ԲԱՑՈՒԻՆ» Կ՛ԸՍԷ ԿԻՒԼ

Ապտիւլլա Կիւլ

Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ «Եութիուպ Ուըրլտ Վիու» պատկերասփիւռի կայանէն պատասխանած է Տերսիմի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն առնչութեամբ համացանց օգտագործողներու հարցումներուն:

Ազրպէյճանական «Սալամնիուզ» կայքէջը` վկայակոչելով թրքական լրատուամիջոցները, կը հաղորդէ, որ համացանց օգտագործողները ամէնէն շատ հետաքրքրող հարցերէն եղած է այն, թէ արդեօք Տերսիմի իրադարձութիւններուն մասին փաստաթուղթեր պարունակող պետական արխիւները պիտի բացուի՞ն:

«Պատմութեան ընթացքին շատ լաւ եւ վատ պահեր տեղի կ՛ունենան, իսկ մեր պատմութիւնը երկար է: Տերսիմեան իրադարձութիւնները շատ տխուր են, եւ ես խնդիր չեմ տեսներ արխիւներու բացման առնչութեամբ: Մեծ պետութիւնները, երկիրները, ժողովուրդները չեն վախնար իրենց պատմութենէն: Մենք միշտ վիճայարոյց պահերուն կը բանանք արխիւները: Գլխաւորը այն է, որ այդ ամէնը բանավէճի նիւթ չդառնայ, որոշ նպատակներու հասնելու համար գործիք չդառնայ», ըսած է ան:

Նշենք, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան օրեր առաջ պաշտօնապէս ներում հայցեց նախկին իշխանութիւններուն կողմէ 1937-1938-ին Տերսիմի մէջ հիմնականին մէջ քիւրտերու դէմ իրագործուած կոտորածին համար:

«Եթէ հարկ է Տերսիմի կոտորածին համար պետութեան անունով ներում հայցել, ես ներում կը հայցեմ», իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան նիստին յայտարարած էր Էրտողան` ցոյց տալով այդ կոտորածներուն մասին վկայող փաստաթուղթեր:

«Ձեռքս եղող փաստաթուղթին մէջ կը նշուի, որ 1936-ին, 1937-ին, 1938-ին եւ 1939-ին Տերսիմի մէջ իրագործուած կոտորածներուն զոհ գացած է 13,806 մարդ», ըսած է Էրտողան:

 

Share this Article
CATEGORIES