«ԵՒՐՈՊԱ ԿՐՆԱՅ ՊԻՒՏՃԷԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ ՍՏԵՂԾԵԼ» Կ՛ԸՍԷ ՄԵՐՔԵԼ

Անկելա Մերքել

«Պի. Պի. Սի.» կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել յայտարարած է, որ Եւրոպա կրնայ ստեղծել պիւտճէական միութիւն, որուն նպատակը պիտի ըլլայ եւրոյի գօտիի երկիրներու պետական պարտքի մակարդակը մանրակրկիտ հսկողութեան տակ պահել:

Ըստ Գերմանիոյ վարչապետին, Եւրոպայի մէջ ելեւմտական ճգնաժամը լուծելու համար պիտի պահանջուի թերեւս աւելի քան մէկ տարի: Միեւնոյն ատեն ան այն կարծիքը յայտնած է, որ եւրոյի գօտիի պարտատոմսերը Եւրոպան ճգնաժամէն պիտի չփրկէ:

Մերքել երկուշաբթի օր Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի հետ իր հանդիպումին ընթացքին պիտի քննարկէ պիւտճէական միութիւն ստեղծելու եւ Եւրոպական Միութեան մէջ ելեւմտական համակարգի կայունացման ուղղուած այլ հարցեր:

 

Share this Article
CATEGORIES