ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Լիբանանի Սրիֆա եւ Տէյր Քիֆա գիւղաքաղաքներուն միջեւ գտնուող վայրի մը մէջ երէկ լսուեցաւ ուժգին պայթում մը, որուն մասին աւելի ուշ յայտնուեցաւ, թէ իսրայէլեան օդուժին կողմէ նշեալ շրջանին մէջ պայթեցուած է տարօրինակ մարմին մը: Նշենք, որ այդ մարմինը իսրայէլեան լրտեսութեան յատուկ սարք մըն էր, որ բացայայտուած էր Հըզպալլայի կողմէ եւ այդ պատճառով ալ պայթեցուած էր` առանց Հըզպալլայի մարտիկներուն վնաս հասցնելու:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ յատուկ Միջազգային դատական ատեանին կողմէ հաստատուեցաւ, որ Լիբանանի դատական իշխանութիւնները կրնան դատավարութեան ենթարկել նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան հարցով բացուած հետաքննութեան ուղղութիւնը շեղող կողմերը:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Նաամթալլա Ապի Նասըր յայտնեց, որ Միջազգային դատական ատեանի ֆինանսաւորումը ամբողջական համաձայնութեամբ կարելի եղած է կատարել: Ան շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պիտի գոյատեւէ մինչեւ 2013, եթէ Սուրիոյ իրադարձութիւնները չարգելակեն անոր գործունէութիւնը:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Փարիզ վարչապետ Միքաթին պիտի հրաւիրէ Ֆրանսա` Միջազգային դատական ատեանը ֆինանսաւորելու անոր յանձնառութեան պատասխանատուութեան իբրեւ արդիւնք:
ԸՍՏ «Ախպար» օրաթերթին, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ շեշտած է, որ ինք վարչապետ Միքաթիին պիտի զօրակցի եւ իր դաշնակիցները փոխելու առումով արկածախնդրութիւն պիտի չկատարէ:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ շեշտեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի մօտիկ անձնաւորութիւններ կը զբաղին դէպի Սուրիա զէնքի մաքսանենգումով:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին յայտնեց, որ Մոսկուա չի փափաքիր, որ Լիպիոյ փորձառութիւնը կրկնուի Սուրիոյ մէջ, այլ կը մաղթէ, որ տագնապը լուծուի երկխօսութեամբ:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել շեշտեց ներքին ապահովութեան ուժերը քաղաքականութենէն զերծ կացուցելու անհրաժեշտութիւնը:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ Դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի յայտնեց, որ շրջանին եւ յատկապէս Սուրիոյ մէջ բանեցուող ճնշումները ամերիկեան ծրագիրներ են, որոնք կը միտին քանդել Դիմադրութիւնը:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի յայտնեց, որ Սուրիա լաւ վիճակի մէջ կը գտնուի` աւելցնելով, որ ան յանձնառու է, որ արաբները իրենց կեցուածքները փոփոխութեան ենթարկեն:
ԱՄԱԼ շարժումի քաղաքական գրասենեակը շեշտեց, որ Արաբական լիկան վերածուած է քաղաքական անշնչացած մարմնի մը, որ կը շարժի` ըստ ամերիկեան քմահաճոյքին:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, կառավարութիւնը պէտք է վերակազմակերպուի եւ այդ աշխատանքին ծիրին մէջ ան Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի պիտի մատուցէ հսկայ նուէր մը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ Հըզպալլա պաշտօնապէս կը ճանչնայ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը:
ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհաս յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումին առաջնահերթութիւնները նաեւ կառավարութեան առաջնահերթութիւններն են:
«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթին համաձայն, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախարարները պիտի մասնակցին կառավարութեան յաջորդ նիստին, որ կը նախատեսուի գումարել յառաջիկայ չորեքշաբթի, 7 դեկտեմբերին:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ալի Ֆայեատ կոչ ուղղեց պահպանելու կառավարութիւնը եւ առիթ տալու անոր` պահպանելու երկրին ապահովական կայունութիւնը:
ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔԻՆ մէջ այսօր երեկոյեան ժամը 8:00-ին պիտի լուսաւորուի Պէյրութի տօնածառը:

